Վաղը առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Ժապալ Մաժտալպաանա խումբին դէմ:
Բ. հանգրուանի 4-րդ եւ նախավերջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի փորձէ իր յաղթական երթը շարունակել եւ կանուխ կոլեր նշանակելով հանգիստ ձեւով շարունակել մրցումը:
Իր նախկին 8 մրցումներուն բոլորին ալ յաղթելով, ըստ երեւոյթին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ նոր մրցանիշ պիտի արձանագրէ իր բոլոր մրցակիցներուն յաղթելով, բայց ինչպէս միշտ կ՛ըսեն մեզի համար կարեւորագոյն նպատակն է բարձրանալ Գ. դասակարգ ոչ անպայման բոլոր մրցումները յաղթելով, հակառակ անոր որ այդ մէկն ալ շատ լաւ կ՛ըլլայ:
Այժմ կը մնայ Ռապիթաթ Ուարտանիէն (Ժապալ Մաժտալպանայէն ետք) եւ կը մնայ Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն համար կը պայքարին Ա. խմբակէն Ռիատի Պարժան եւ Ռաուտա Տըքուանէն, որոնք 3 մրցումներէն 7-ական կէտեր ձեռք ձգած են: