Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Ռիատի Հասաւ Աւարտական

Յունիս 28, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի գիշեր Մանարայի «Սաէպ Սալամ» դաշտին վրայ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեան Ռիատի 104-72 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք ՀՄԸՄ-ը, 3-0 արդիւնքով յառաջացաւ եւ հասաւ աւարտական:

1994-էն որդեգրուած օրէնքով տեղի ունեցած ախոյեանութեան պատմութեան մէջ Ռիատի աւարտական հասաւ 23-րդ անգամ ըլլալով,  որոնց վերջին 11-ը` յաջորդաբար: Աւարտականին Ռիատի պիտի մրցի Պէյրութ  Ֆըրսթ – Սաժես (1-1) ճակատումներու յաղթականին դէմ:

Մրցումէն առաջ երբ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ կը մտնէին, հնչեց ՀՄԸՄ-ի քայլերգը, որ Ռիատիի համակիրներէն փոքր ժեսթ մըն էր շնորհակալութիւն յայտնելու` Մըզհերի մէջ ՀՄԸՄ-ի պատրաստուած պաստառին համար: ՀՄԸՄ-ի համակիրները երկուշաբթի գիշեր, պատրաստած էին պաստառի մը, ուր բարի ապաքինում կը մաղթէին Ուաէլ Արաքժիի եւ Ամիր Սէուտի:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի ներկայութեան, եղաւ զուտ յարձակողական, մանաւանդ որ Ռիատի կ՛ուզէր կանուխ աւարտել մրցումը եւ ճակատումը, դադար առնելու համար աւարտականէն առաջ: Պէտք է ըսել, որ Ռիատի փետրուարի սկիզբէն մօտ 45 մրցումներ կատարած է եւ գրեթէ դադար չէ առած` ախոյեանութեան ասիական եւ արաբական մրցաշարքերւ ալ մասնակցելով:

Թոն Մէյքըր, Մարքուա Հանթ եւ Հայկ Կէօքճեան գրեթէ անզսպելի էին եւ Ռիատիին օգնեցին 35-22 արդիւնքով յառաջանալու առաջին մասին:

ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն մարզիկն էր Թայլըր Պէյ, որ 24 կէտ նշանակեց այս մրցումին, իսկ Ճորտըն Սթիվընզ 19 կէտով աւարտեց 1 յաջող 3 կէտնոց կողովով:

Մոհամետ Հոթէյթ 5 կէտ նշանակեց, իսկ Կապրիէլ Աճէմեան 9 կէտ եւ 1 պլոք կատարեց: Տուէյն Ճեքսըն 8 կէտ նշանակեց եւ 8 անգամ 3 կէտնոց կողով ձախողեցաւ նշանակել` 5 էսիսթ եւ 5 ռիպաունտ ձեռք ձգելով:

Մրցումի վերջին 4 վայրկեաններուն դաշտ ներկայացան Ճօ Խուրի, Ճէյսըն Սուֆան, Մարք Քայալ, մինչ Գէորգ Գէորգ վերջին երկու մրցումներուն առիթ չէր ունենար երկար ժամանակ խաղալու` իր դիրքը զիջելով ի նպաստ Պասել Հարֆուշի, որ աւելի փորձառու էր, բայց Գէորգի արագութիւնը կամ աշխուժութիւնը չունի: Յամենայն դէպս, Ռիատի իր կարգին շատ աւելի փորձառու մրցակից մըն էր եւ դժուար էր իր դէմ մրցիլ բաւական անփորձ պահեստի մարզիկներով:

Առաջին ճակատումին, երբ բոլորը 100 տոկոս լաւ վիճակի մէջ էին բուռն պայքար տարին ՀՄԸՄ-ի տղաքը, բայց յաջորդող երկու մրցումներուն, Ռիատի առիթ չտուաւ որ խումբը «շունչ առնէ» եւ Ճորտըն Սթիվընզի «չէզոքացնելով» գործը դիւրացաւ:

Լաւ եղանակ մըն էր ՀՄԸՄ-ի համար, որ գրեթէ առանց լուրջ պարտութեան կրցաւ հասնիլ կիսաւարտական:

Յոյսով, որ յառաջիկայ տարեշրջանին, մասնակցութեան պարագային, աւելի կանուխ սկսին պատրաստութիւնները: Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան այս տարեշրջանի աշխատանքին, ուր ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը կրցաւ համակիրները վերակազմել` ուրախ պահեր հրամցնելով:

Այժմ կը մնայ 3-րդ դիրքի մրցումը` սպասելով Պէյրութ Ֆըրսթ- Սաժես ճակատումին պարտուող խումբը:

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ – Սապիլ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՄԸՄ Պուրճ  Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի
Մարզական

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի

Հոկտեմբեր 20, 2025
Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին
Մարզական

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?