Պուքրեշի մէջ (Ռումանիա) վերջ գտաւ Եւրոպայի մինչեւ 19 տարեկաններու ախոյեանութիւնը, ուր առաջին անգամ ըլլալով նետերլանտներ շահեցան տիտղոսը:
Սպանիա, որ նախապէս 9 անգամ շահած էր այս մրցաշարքը, աւարտական հասած էր շատ յոգնած վիճակի մէջ, երբ երկարաձգումէ ետք 6-5 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Գերմանիան:
Աւարտականին նետերլանտներ, որոնք կիսաւարտականին պարտութեան մատնած էին հիւրընկալ Ռումանիան (3-1) 1-0 արդիւնքով յաղթեց Սպանիոյ:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց… Սպանիոյ բերդապահ Ռաուլ Խիմենքս (սխալմամբ) երբ կողմնակի փոխանցումի մը կը փորձէր միջամտել: