Այսօր Սլովաքիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի մինչեւ 21 տարեկաններու ախոյեանութիւնը Անգլիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ:
Կիսաւարտականին Անգլիա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց նետերլանտները, իսկ Գերմանիա 3-0 արդիւնքով` Ֆրանսան:
2023-ին տեղի ունեցած վերջին ախոյեանութեան, Անգլիա աւարտականին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Սպանիան:
Անգլիա 3 անգամ շահած է այս ախոյեանութիւնը Գերմանիոյ նման: Անգլիա 1982-ին (Գերմանիոյ դէմ) 1984-ին (Սպանիոյ դէմ) եւ 2023-ին (Սպանիոյ դէմ) կրցած է շահիլ նախապէս, մինչ Գերմանիա, 2009-ին (Անգլիոյ դէմ), 2017-ին (Սպանիոյ դէմ) եւ 2021-ին (Փորթուգալի դէմ) շահած է իր տիտղոսները:
Խումբերէն մէկը իր 4-րդ տիտղոսը պիտի շահի` մօտենալով Իտալիոյ եւ Սպանիոյ, որոնք 5-ական անգամ դարձած են Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան: