Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիւանագիտական Սայթաքումներ Եւ «Բռնազբօսիկ Միամտութիւն»

Յունիս 27, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը այնքան շիկացած է վարչախումբ-եկեղեցի եւ վարչախումբ-ընդդիմութիւն ձիւնակոյտի նման հետզհետէ ծաւալող խնդիրներուն պատճառով, որ Հայաստանի մամուլի լուսարձակներէն գրեթէ աննկատ անցաւ կարեւոր եղելութիւն մը:

Ակնարկը Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 65-րդ լիագումար նիստին մասին է, որ տեղի ունեցաւ 17-19 յունիսին, Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ:

Առաջին հայեացքով յատուկ պատճառ պիտի չըլլար անդրադառնալ ընթացիկ խորհրդաժողովի մը, որ հերթաբար կը հիւրընկալուի մասնակցող երկիրներու մայրաքաղաքներուն մէջ: Սեւծովեան գործակցութեան համախմբումը որոշիչ դերակատարութիւն ունեցող հարթակ մը չէ, այլ խորհրդատուական ատեան մըն է` նպատակ ունենալով տարածաշրջանի երկիրներու գործակցութեան, տնտեսական աճի եւ կենսոլորտի խնդիրներուն մասին հասարակաց գիծեր որդեգրելու բեմ ըլլալ: Այսպէս, վերջին լիագումար նիստն ալ կրնար լրատուութեան երկրորդ գիծին անցած ըլլալ, եթէ ժողովի լուսանցքին, հիւրընկալող երկիրը` Ազրպէյճանը, լարած չըլլար իր քարոզչական մեքենան:

Անգամ մը եւս Պաքուի բռնատիրական վարչակարգը առիթը չփախցուց որդեգրելու իր ծանօթ հակահայ վարքագիծը եւ խորհրդաժողովին մասնակցող պատգամաւորները առաջնորդելու դէպի բռնագրաւեալ Արցախ` ծաւալելու համար իր ծանօթ հայատեաց քաղաքականութիւնը, այս անգամ` ունկնդիրներ գտնելով օտար ներկայացուցիչներուն մէջ:

Յատկանշական են նկարները Շուշիի բերդէն, ուր օտար պատգամաւորները նկարուած են ազրպէյճանական ոճով գրուած քաղաքի անունին տակ: Այսքանն ալ բաւարար չէ, որովհետեւ միտումնաւոր եւ կանխածրագրուած այցելութիւնը նպատակ ունէր` Արցախի բռնագրաւեալ հողերուն վրայ նախ խեղաթիւրել մեր արծուաբոյնի հերոսածին հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութիւնը, նուաստացնել արցախեան հերոսապատումը, հայ ժողովուրդը ներկայացնել որպէս ցեղասպան եւ յարձակողապաշտ ցեղ եւ, վերջապէս, օտար ներկայացուցիչներու ներկայութեան «օրինականացման շղարշով» քողարկել Ազրպէյճանի ցեղասպանական արարքներն ու Արցախի հայապատկան հողերու ապօրինի գրաւումը:

Այս զաւեշտաողբերգական բեմադրութեան մէջ խոր ցասում եւ զայրոյթ կը պատճառէ Յունաստանի խորհրդարանի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը, որոնց շարքին էին նախկին նախարար Սոֆիա Վուլթեփսի եւ երեսփոխաններ` Վասիլիոս Եոյաքաս, Քալիոփի Վեթա եւ Եորղոս Սթիլիոս, որոնք մաս կազմեցին դէպի Արցախ ուղեւորութեան:

Յունական հանրային կարծիքին ուղղուելով` անմիջական եղաւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան յայտարարութիւնը, որ իր զայրոյթը կը յայտնէ յոյն երեսփոխաններուն` Շուշիի պատմական յուշարձանին առջեւ բռնազբօսիկ միամտութեամբ ազրպէյճանական քարոզչութեան զոհը դառնալու համար: Յայտարարութիւնը կը յիշեցնէ, որ տուեալ քաղաքական անձերը ամբողջութեամբ կ՛անտեսեն Արցախի հայաթափումը եւ 120.000 հայերու բռնի հեռացումը իրենց պապենական հողերէն: ՀՅԴ երիտասարդները կը դատապարտեն նման կեցուածքներ, որոնք դիւանագիտական, քաղաքական եւ տնտեսական շահերու լոյսին տակ յայտնապէս ոտնակոխ կ՛ընեն արդարութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքները:

Յայտարարութիւնը արձագանգ գտաւ յունական լրատուական եւ համացանցային միջոցներուն մէջ, որուն համար յոյն լրագրողներ ու փորձագէտներ փութացին դատապարտել այցելութիւնը եւ մատնանշել հայ ժողովուրդի կրած ողբերգութիւնը Պաքուի բռնատիրական վարչախումբին կողմէ: Անոնք չվարանեցան քաղաքական անմտութիւն ու արժանապատուութեան պակաս տեսնել յոյն երեսփոխաններու մասնակցութեան մէջ, նաեւ` աչք փակելով հայ ժողովուրդի պատմական կոթողներու ոչնչացման դիմաց:

Դժբախտաբար նմանօրինակ կեցուածք որդեգրեց նաեւ հայ ժողովուրդի դաշնակից երկիրին` Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը, որ Շուշի, Լաչին եւ Աղտամ այցելութեան առիթով իր ունեցած ելոյթով հարցականի տակ առաւ Արցախի բազմադարեան հայկական պատկանելիութիւնը եւ քողարկեց ազրպէյճանական յանցագործութիւնները:

Իսկապէս, մեր զարմանքէն անդին, հարց կու տանք յոյն երեսփոխաններու անմիտ եւ քաղաքական ողջմտութենէ զուրկ կեցուածքին համար: Մտածել, թէ անոնք եւ իրենց քաղաքական ու կառավարական խմբաւորումները ինչպէ՞ս պիտի հակազդէին, եթէ նման այցելութիւն մը կատարուած ըլլար բռնագրաւեալ Կիպրոսի Ֆամակուսթա կամ Փաֆոս քաղաքները: Տակաւին, յունական քաղաքական աշխարհը հարկաւոր ուշադրութեամբ չէ մօտեցած վերջերս կատարուած երկու ազերի լրտեսներու ձերբակալումին, որոնք Կիպրոսի եւ Կրետէ կղզիին մէջ կը լուսանկարէին ռազմական խարիսխներ` ցոյց տալով, թէ ազերի վարձկաններ ոչինչ պիտի խնայեն լրտեսութիւն կատարելու համար ի վնաս Յունաստանին:

Ի վերայ ամենայնի, Յունաստանի համար աւելի խոր մտահոգութիւն պէտք է ստեղծէ Ազրպէյճանի յայտարարած կեցուածքը, թէ «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» նորօսմանական զինակցութեան մէջ Ազրպէյճան ամբողջական նուիրումով պիտի կանգնի իր մեծ եղբօր կողքին` Յունաստան-Թուրքիա եւ Կիպրոս-Թուրքիա տարածաշրջանային կնճիռներուն առնչութեամբ:

Վերջապէս, խօսքը կը վերաբերի նաեւ հայկական դիւանագիտութեան: Երեւան պարտի անմիջականօրէն հակազդել ազրպէյճանական ապակողմնորոշիչ քաղաքականութեան եւ յորդորել դաշնակից երկիրները ըլլալ աւելի զգօն ու աչալուրջ Պաքուի քարոզչամեքենայի դաւադրութիւններուն դիմաց: Կը սպասենք, որ հայկական դիւանագիտութիւնը անտես պիտի չառնէ ստեղծուած իրականութիւնը եւ պատշաճ հասցէագրումով կարգի պիտի հրաւիրէ դիւանագիտական սայթաքումի մէջ ինկած բարեկամ երկիրներու խորհրդարանական եւ պետական ներկայացուցիչները:

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Նախորդը

Հեռաձայնային հաղորդակցութիւն «Ալիք»ի տնօրէնութեան հետ

Յաջորդը

«Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Բարդ Իրավիճակի Հանգուցալուծման Առաջին Քայլը Հրապարակային Մեղադրանքներու Ու Արտայայտութիւններու Կասեցումն Է» «Պէտք Է Յարգել Մեր Սրբավայրերը՝ Երկիւղած Մօտեցումով» ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?