25-30 մայիսը սրտառուչ եւ նշանակալի շաբաթ մը եղաւ Հայկազեան համալսարանին համար, որովհետեւ այդ օրերուն ան հպարտօրէն նշեց իր հիմնադրութեան 70-ամեակը հարուստ նախաձեռնութիւններով, որոնց ընդմէջէն յարգանքի արժանացաւ կառոյցին ժառանգութիւնը, հաստատուեցաւ անոր բեղուն առաքելութիւնը, եւ վերանորոգուած տեսլականով դէպի ապագայ ընթանալու յանձնառութիւն յայտնուեցաւ:
Տօնական այս օրերուն գաղութի մեծ թիւով յարգելի անձնաւորութիւններ, համայնքներու առաջնորդներ, բարեկամներ, շրջանաւարտներ, ուսանողներ, դասախօսներ իրենց հաւաքական յարգանքը մատուցեցին 70 տարիներու ակադեմական գերազանցութեան, քաղաքացիական յանձնառութեան եւ հաւատքէ մղուած նպատակներու իրագործման նկատմամբ:
Այցելութիւն` Լիբանանի նախագահական պալատ
Յոբելենական շաբթուան կարեւոր իրադարձութիւնը եղաւ երեքշաբթի, 27 մայիս 2025-ին Հայկազեան համալսարանի պատուիրակութեան այցելութիւնը` գլխաւորութեամբ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, Լիբանանի նախագահական պալատ:
Հանդիպումին ընթացքին վեր. դոկտ. Հայտոսթեան հակիրճ կերպով ներկայացուց համալսարանի հիմնադրութեան պատմութիւնը, անդրադառնալով 1944-էն սկսեալ մինչեւ 1955` պաշտօնական հիմնադրութեան, ապա` զարգացման եւ բարգաւաճման փուլերուն: Ան ըսաւ. «Հայկազեանը այսօր կանգնած է իբրեւ հաւատքի դրսեւորման արտայայտութիւն, ակադեմական գերազանցութեան, քաղաքացիական յանձնառութեան տէր` վայելելով աջակցութիւնը բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան անոր տեսիլքին»:
Ան շեշտեց համալսարանի մնայուն յանձնառութիւնը Լիբանանին նկատմամբ` հաստատելով. «Մենք կանգնած ենք ձեր կողքին, պարոն նախագահ, ձեր ազգային վերակառուցման ազնիւ նպատակի իրագործման ուղիին վրայ եւ կը մնանք վճռական մեր յանձնառութեան մէջ` կառուցելու Լիբանան մը, որ վայել է իր ձգտումներուն»:
Նախագահ Աուն շնորհաւորեց համալսարանը փլաթինէ յոբելեանին առիթով` նշելով. «Ազգի մը ամէնէն խորիմաստ ներդրումը իր ժողովուրդն է: Մեր կամքը հաստատուն է, տեսլականը յստակ եւ, հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, պիտի յարատեւենք»:
Նուիրման պաշտամունք
Կիրակի, 25 մայիսին տեղի ունեցաւ նուիրման պաշտամունք` համալսարանի շրջանաւարտներուն մասնակցութեամբ, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ: Հիւր պատգամաբերն էր LSESD-ի (Lebanese Society for Educational and Social Development) գործադիր տնօրէն դոկտ. Նապիլ Քոստան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Իրականութիւն եւ նպատակ» նիւթին: «Մենք պէտք է կանգնինք ճշմարտութեան կողքին… նոյնիսկ եթէ այդ կը հակասէ մեր շահերուն»: Ան ուսանողներուն կոչ ուղղեց` կերտելու կեանքեր, որոնք կեդրոնացած են հաստատուն արժէքներու վրայ: «Արդարութիւն, ճշմարտութիւն, ողորմութիւն եւ հաւատարմութիւն` ասոնք պէտք է ըլլան ձեր իսկական առանձնայատկութիւնները այս աշխարհի մէջ, ուր մոռցուած կ՛երեւին նման արժանիքներ»:
Կալա – ընթրիք. ոգեշնչման եւ նուիրման երեկոյ
Չորեքշաբթի, 28 մայիսին Հայկազեան համալսարանի ընտանիքը մեծ շուքով նշեց իր 70-րդ տարեդարձը կալա – ընթրիքով մը, որ տեղի ունեցաւ «Ֆենիսիա» պանդոկի գլխաւոր սրահին մէջ: Այս եզակի երեկոն ծառայեց համալսարանի կրթաթոշակի ֆոնտին համար հանգանակութիւն կատարելու եւ ապացուցեց Հայկազեանի շարունակական ոգիի ջերմութիւնը: Հիւրերը տարբեր ասպարէզներու տէր անձնաւորութիւններ էին` դիւանագէտներ, բարերարներ, համայնքի առաջնորդներ, շրջանաւարտներ, դասախօսներ, աշխատակիցներ եւ բարեկամներ, որոնք ջերմօրէն եւ շնորհակալութեամբ դիմաւորուեցան կազմակերպիչներուն կողմէ:
Երեկոյի ընթացքին յայտնի Սքարլեթ Մունզերի եւ իր նուագախումբին հրաշալի երաժշտական կատարումները եւ հոգեւոր երգերը ստեղծեցին ուրախ, ոգեշնչող եւ միասնականութիւն առթող մթնոլորտ:
Երեկոյին հիմնական խօսք առնողն էր համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ 70-ամեակի նշանաբանին վրայ` «Հոգեւոր տեսլականով ղեկավարութիւնը»:
Ան ընդգծեց, որ կրթաթոշակներու դերը չափազանց կարեւոր է Հայկազեանի առաքելութիւնը շարունակելու համար: «Մեր պատմութիւնը ամփոփուած է այսօր ձեզի տրամադրուած գրքոյկներուն մէջ: Բայց եթէ մէկ բառով ուզենք ամփոփել մեր 70 տարիները, այն պիտի ըլլայ` կրթաթոշակներ: Ասիկա մեր առաքելութեան զարկերակն է, նաեւ` այս երեկոյին կեդրոնական նպատակը»: Ան յիշեցուց ներկաներուն, որ` «Հոգեւոր տեսլականով առաջնորդութիւնը կը դառնայ ապարդիւն, եթէ մենք չկարենանք օժանդակել մեր ուսանողներուն կրթաթոշակներու միջոցով: Կրթաթոշակները զեղչեր չեն, այլ` կողմի մը սրտագին քայլը, որ կը վերածուի ներդրումներու` երիտասարդ կեանքերու համար»: Նկատի առնելով տարածաշրջանի մէջ տիրող խռովութիւնները եւ բազմաթիւ երիտասարդներու համար անորոշ հեռանկարի գոյութիւնը, վերապատուելին խօսքը աւարտեց յոյսի յորդորով. «Բարձրագոյն կրթութիւնը կը պահանջէ բարձր յոյսեր. Մենք կ՛աղօթենք, որ ունենաք ուժ եւ իմացութիւն` դիմակալելու ձեր դիմաց ցցուող մարտահրաւէրները»:
Այս նշանակալից երեկոն ոչ միայն մեծարեց Հայկազեանի ժառանգութիւնը, այլ նաեւ շօշափելի ներդրում ունեցաւ անոր ապագայի նկատմամբ` սնուցանելով ուսանողներու երազանքները, որոնք յառաջ պիտի մղեն համալսարանին առաքելութիւնը:
Շրջանաւարտից հանդիսութիւն 2025. նպատակի եւ պատմութեան նուիրուած արարողութիւն
Յոբելենական շաբաթը հասաւ իր ուրախ գագաթնակէտին` Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտից հանդիսութեամբ, որ տեղի ունեցաւ 30 մայիս 2025-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիի շրջափակին մէջ` ներկայութեամբ կրթական, ակադեմական, կրօնական, պետական, քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու: 141 հպարտ շրջանաւարտներ ստացան տարբեր մասնագիտութիւններու իրենց բարձրագոյն վկայականները` գիտելիքներով, տոկունութեամբ եւ արժանապատուութեամբ զինուած:
Օրուան գլխաւոր բանախօսը` Լիբանանի YMCA-ի նախագահ եւ Հայկազեան համալսարանի երեւելի շրջանաւարտ Ղասսան Սայահ, համեստօրէն պատմեց իր անձնական ճանապարհը` սկսելով որպէս ուսանող Հայկազեան համալսարանի մէջ, դիմակալելով շարք մը մարտահրաւէրներ եւ աստիճանաբար բարձրանալով YMCA-ի ղեկավարութեան դիրքին: Ան նշեց, թէ ինչպէ՛ս Հայկազեանը ձեւաւորեց ոչ միայն իր ակադեմական կազմաւորումը, այլ նաեւ` իր կերպարն ու առաջնորդելու շունչը, խորհուրդ տալով շրջանաւարտներուն, որ մեծարեն անձնուիրութիւնը, ծառայութիւնը եւ համարձակութիւնը, երբ իրենք մուտք կը գործեն կեանքի յաջորդ փուլը:
Իր սեփական փորձառութեան վրայ հիմնուելով` Սայահը անդրադարձաւ այն ազդու դասերուն, զորս ինք ստացած էր Հայկազեանի մէջ: «Հայկազեան համալսարանի դասախօսներէն ես սորվեցայ բան մը, որ ամէն օր մէջս կը կրեմ. որքան բարձր դիրքի հասնիք, ձեր արժէքը կը կայանայ ոչ թէ ձեր նուաճումին մէջ, այլ ձեր տուածին մէջ», ըսաւ ան: Ապա շեշտեց, որ պէտք է նպատակն ու գիտութիւնը ծառայեցնել ընդհանուրի բարիքին համար: «Ոչ ոք լաւ է, եթէ գիտելիքները իրեն կը վերապահէ», ըսաւ Սայահը` վերահաստատելով այն արժէքները, որոնք իրեն ներարկուած են իր խորհրդատուներուն կողմէ: Ան կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն, որ մտածեն տիտղոսներէ եւ հաստատութիւններէ վեր` յիշեցնելով, որ իրական փոխակերպումը արմատաւորուած է ամէնօրեայ համարձակութեան մէջ: «Դուք մեծ հաստատութիւն ունենալու կարիք չունիք պատմութիւն ստեղծելու համար: Դուք միայն պէտք ունիք խիզախութեան, համոզումի եւ համայնքի: Եւ դուք արդէն այդ երեքը ունիք», յայտարարեց ան: Ղասսան Սայահ իր խօսքը եզրափակեց իմաստալից հրաւէրով մը. «Շարունակեցէք ներկայացնել այն արժէքները, զորս դուք հոս ստացաք… եւ նպատակով առաջնորդուեցէք: Նուիրուէ անծանօթին, բարձրացուր մէկը, եւ երբ ժամանակը հասնի, եղիր այն, որ «Այո՛» կ՛ըսէ»:
Իր կարգին, իր խօսքին մէջ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Հայտոսթեանը խրախուսեց 2025 տարուան շրջանաւարտները, որ իրենց կեանքերը խարսխեն մնայուն երջանկութեան վրայ, որ հիմնուած է նպատակներու, կարեկցանքի եւ ընդհանուրին զարգացման վրայ. «Մնայուն երջանկութիւնը կու գայ աւելի խոր տեղերէ` նպատակէն, հաւատքէն եւ տեսնելով, որ շրջապատդ բարօրութեան մէջ է: Այս գաղափարը խարսխուած է Հայկազեանի էութեան սրտին մէջ: Նման երջանկութիւն մը թող ընկերակցի ձեզի ձեր կեանքին ընթացքին` մինչեւ յաւերժութիւն»:
Յուզականութեամբ լի երեկոյին իրենց հուսկ բանքերը արտասանեցին Միրա Ղրայզի եւ Փաթիլ Հարմանտայեան, իսկ շրջանաւարտ Լոռի Կիւլիւմեան գեղեցկօրէն մեկնաբանեց «Եու ռէյզ մի ափ» երգը` ոգեշնչելով ներկաները: Տպաւորիչ սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Սթեֆանի Լենտեսի` Հայկազեանի հիմնադիրներէն` Սթեֆան Ֆիլիպպոսեանի թոռը: Համալսարանի ժառանգութեան եւ ազդեցութեան ակնարկելով` Լենտեսի ըսաւ. «Կը կարծեմ, թէ հիմնադիրները պիտի հիանային` տեսնելով, թէ ի՛նչ բարձունքներու հասած է Հայկազեանը, եւ անոր 5000 շրջանաւարտները որքան նուաճումներ արձանագրած են: Այսպիսի ապագայի տեսլական ունեցող հաստատութիւն մը ուրախութիւն կը ներշնչէ եւ արժանի է ամէն աջակցութեան: Խորին երախտագիտութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք մաս կը կազմեն Հայկազեան համալսարանին եւ ամէն ձեւով կը զօրակցին` անոր առաքելութեան, անոր ուսանողներուն եւ Լիբանանի համայնքին համար համալսարանի ներկայացուցած ամէն ինչին»:
Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակին նուիրուած շաբաթը եղաւ գոհունակութեան, երախտագիտութեան եւ ներշնչումի շաբաթ մը` անցեալով զինուելու եւ ընթանալու դէպի ապագայ: