Անցեալ կիրակի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 10-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լիուաա Պարժային, արդէն իսկ ապահովեց աւարտական մրցաշարքի իր տոմսը` անցեալ տարուան նման:
Այս տարի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր բոլոր մրցումներուն ալ կը յաղթէ եւ բառին բուն իմաստով «կը սուրայ» դէպի Գ. դասակարգ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ առայժմ 8 մրցում կատարած է` նշանակելով 43 կոլ եւ ստանալով միայն 2 կոլ:
Այս բոլորը պատճառ չեն, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը իրենց որեւէ մրցակից թերագնահատեն, այլ ամէն մրցում պէտք է կատարեն աւարտական մրցումի նման` պայքարի բարձր ոգիով, ճնշելով մրցակիցին վրայ եւ օգտուելով նուազագոյն սխալէն: Անշուշտ միշտ զգուշ պէտք է ըլլալ վիրաւորներ ունենալէ, եւ ըստ երեւոյթին մարզիչը լաւապէս կ՛օգտագործէ պահեստի մարզիկներն ալ` միշտ պատրաստ ըլլալու համար որեւէ մրցումի:
Տակաւին Բ. հանգրուանին երկու մրցակիցներ ունին Պուրճ Համուտի տղաքը` Ժապալ Մաժտալպաանան եւ Ռապիթաթ Ուարտանիէն, ապա տեղի կ՛ունենայ Լեռնալիբանանի ախոյեանը վճռող մրցումը:
Ապա կը սկսի Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանը, որուն կը մասնակցին Պէյրութի շրջանի, հիւսիսի, Պեքաայի, հարաւի եւ անշուշտ Լեռնալիբանանի լաւագոյն խումբերը:
Անցեալ տարի, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այս հանգրուանին հասած էր` դառնալէ ետք Լեռնալիբանանի ախոյեան, բայց չէր կրցած 1997-ի նման բարձրանալ Գ. դասակարգ: