Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփերձեան` Ամէնէն Շատ Քննարկուող Անուններէն Մէկը

June 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յարձակող միջնապահ Էդուարդ Սփերձեան Եւրոպական ֆութպոլի շուկայի ամէնէն շատ քննարկուող անուններէն մէկը դարձած է: Կրասնոտարի խմբապետը, որ օգնած էր, որ ակումբը դառնայ Ռուսիոյ ախոյեան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ուշադրութիւնը գրաւած է քանի մը ակումբներու:

Իտալիոյ Աթալանթան, որ անցեալ տարի շահած էր «Եուրոփա Լիկ»-ը, լրջօրէն կը մտածէ ձեռք ձգել Սփերձեանը:

25 տարեկան Սփերձեան, որ ծնած է Ռուսիա եւ սկսած ֆութպոլի ասպարէզը Կրասնոտարի ակադեմիոյ մէջ, նախընտրած էր ներկայացնել Հայաստանի ազգային խումբը, ուր մասնակցած է 34 միջազգային մրցումի` նշանակելով 9 կոլ:

Ռուսիոյ ախոյեանութեան վերջին տարեշրջանին ան բոլորին ուշադրութիւնը գրաւած էր յարձակողական իր ոճով` 35 մրցումներու ընթացքին 11 կոլ նշանակելով:

Սփերձեան ճշգրիտ աջ ոտք ունի եւ վարպետ եւ ազատ հարուածներով ու փենալթիներով: Իտալացիք զայն կը նմանցնեն Եուվենթուսի Թէոն Քոփմէյնըրսին:

Ռուսիայէն ֆութպոլիստ ձեռք բերելը այդքան ալ դիւրին չէ, մանաւանդ որ ախոյեան Կրասնոտար չ՛ուզեր անմիջապէս բաժնուիլ Սփերձեանէն: Սփերձեանի փոխանցման «գինը» հասած է 25 միլիոն եւրոյի, որ կրնայ քիչ մը «սուղ» թուիլ:

Այժմ Այաքս լրջօրէն հետաքրքրուած է Սփերձեանով, բայց իր խաղին կը հետեւին նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Պրենթֆորտ:

Աթալանթան, ըստ «Էքօ տի Պերկամօ»-ի ուշադիր կը հետեւի անոր, եւ անոնց համար Սփերձեանի ձեռք ձգելը կրնայ իտէալ լուծում ըլլալ խումբին յարձակողական գիծի որակը բարձրացնելու համար` ապահովելով ստեղծագործութիւն եւ թեքնիք հմտութիւն, մանաւանդ որ Իվան Եութիչ կը փնտռէ տաղանդաւոր եւ բազմակողմանի խաղցող:

Հակառակ անոր որ մեծ մրցակցութիւն կայ Սփերձեանի համար, փոխանցումի բարդութեան կամ այլ դժուարութիւններու գծով, անոր փոխանցումը ամբողջովին ալ անկարելի չէ: Պիկամոյի Աթալանթան գիտէ,  որ նման մարզիկ ձեռք ձգելը կը պահանջէ նիւթական լուրջ ներդրում, սակայն եւրոպական այլ խումբերու գերազանցելու հեռանկարը այնքան գրաւիչ է, որ ակումբը պատրաստ է ռիսքի դիմել:

Նախորդը

Ակումբներու Մոնտիալ. Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Մնաց

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կը Շարունակէ Փայլիլ` Հասնելով Աւարտական Հանգրուան

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.