Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց Ռիատիէն

June 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց Ռիատիէն
Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց Ռիատիէն

Երկուշաբթի գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին 111-91 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ախոյեան Ռիատիէն եւ 2-0 արդիւնքով ետ մնաց:

Մրցումը որ շատ «տաք էր» զովացուած դաշտին մէջ, եղաւ դժբախտաբար Ռիատիի ի նպաստ, եւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները բնաւ չկրցան զսպել մրցակիցին յառաջխաղացքը:

Նոյնիսկ մեծ թիւով համակիրները, որոնք ողողած էին դաշտը եւ կը թնդացնէին մթնոլորտը իրենց կանչերով եւ երգերով, չկրցան ուժ ներշնչել ՀՄԸՄ-ի տղոց, ուր Ճորտըն Սթիւընզ «լաւ հսկուած» էր, մինչ Թէյլըր Պէյ կոշտ ձեւով կը պաշտպանուէր, սակայն վերստին ցաւեր զգալով չկրցաւ բնական կերպով շարունակել եւ կանուխ լքեց մրցումը, որուն արդիւնքը արդէն ձեւով մը վճռուած էր աւարտէն շատ առաջ:

Առաջին մասին ետ մնալէ ետք 24-34 արդիւնքով, ՀՄԸՄ Բ. մասին ետ մնաց մինչեւ 20 կէտով ալ եւ կիսախաղին 40-57 արդիւնքով աւարտեց:

Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ քիչ մը աւելի լաւ էր եւ Բ. մասին 16 կէտ նշանակելէ ետք ՀՄԸՄ-ի տղաքը 22 կէտ նշանակեցին` նոյն պահուն զսպելով Ռիատին, որ 23 կէտ կրցաւ նշանակել: Պահ մը, ՀՄԸՄ օգտուեցաւ Ճորտըն Սթիւընզի «զարթնում»-էն տարբերութիւնը 8-ի հասցուց (56-64), բայց Ռիատի վերստին հեռացաւ:

4-րդ մասին ալ 11-ի իջնելէ ետք տարբերութիւնը (80-91) կը սպասէին Գէորգ Գէորգի 3 կէտնոց կողովները, սակայն ան արդէն 4-րդ մասին դաշտ ներկայացաւ եւ 1 առիթ ունէր միայն նշանակելու:

Ճորտըն կէս մրցում լաւ խաղցաւ` նշանակելով 25 կէտ եւ ձեռք ձգելով 16 էսիսթ, մինչ Տուէյն Ճեքսըն 21 կէտ նշանակեց 8 ռիպաունտի եւ 2 պլոքի կողքին:

Թայլըր 17 կէտ նշանակեց եւ մօտ 9 վայրկեան չմասնակցեցաւ` առիթ տալով Մոհամետ Հոթէյթի որ 5 կէտ նշանակէ: Կապրիէլ Աճէմեան 13 կէտ նշանակեց եւ 4 սթիլ կատարեց, մինչ Պասել Հարֆուշ (8 կէտ) միայն 2 յաջող 3 կէտնոց կողովներ կրցաւ նշանակել: Փիթըր Տեքիրմենճեան մօտ 8 վայրկեան խաղցաւ` նշանակելով 2 կէտ եւ 2 ռիպաունտ:

Այսօր գիշեր 21:45-ին Մանարայի մէջ տեղի պիտի ունենայ 3-րդ ճակատումը, որուն ընթացքին Ռիատի պիտի փորձէ 3-րդ յաղթանակը արձանագրելով հասնիլ աւարտական, մինչ ՀՄԸՄ-ի գործը այդ մէկը ուշացնելն է եւ շաբաթ օրուան նման գեղեցիկ պասքեթպոլով անակնկալի բերել Ռիատին:

Երկուշաբթի գիշեր ՀՄԸՄ-ի մեր տկար կէտն էր դանդաղ պասքեթպոլը: Պասել Հարֆուշ շատ լաւ կէտ նշանակող է, բայց ծանր է եւ դանդաղ եւ պաշտպանողական լաւ գործ չի կրնար տանիլ, եւ շատ անգամ մրցակից մարզիկներ 3 կէտ նշանակելու դիրք կ՛առնէին եւ հանգիստ ձեւով (առանց հսկողութեան) կը նշանակէին: Մեր ուժը այս տարի արագ պասքեթպոլն է, որ նոյնիսկ փորձառու Ռիատին նեղի կը ձգէ:

Եթէ կրցանք ատիկա կատարել այսօր, մրցում մը եւս կրնանք հիւրընկալել, այլապէս վերջին մրցումը կատարած կ՛ըլլանք (չմոռնալով 3-րդ դիրքի մրցումը), տարեշրջանի մը, ուր շատեր կը կասկածէին, թէ խումբը կրնայ մնալ առաջին դասակարգ: Արդէն իսկ խումբին հասած դիրքը` կիսաւարտական, յաջողութիւն մըն է բաղդատմամբ միլիոններ ծախսած այլ խումբերու:

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կը Շարունակէ Փայլիլ` Հասնելով Աւարտական Հանգրուան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Ֆիֆփրօ 11».  Քէյն Դուրս Մնաց Խորհրդանշական Կազմէն
Մարզական

«Ֆիֆփրօ 11». Քէյն Դուրս Մնաց Խորհրդանշական Կազմէն

November 11, 2026
Եւրօ 2027-ի Զտումի Մրցումներ.  Այսօր` Ֆրանսա – Հայաստան
Մարզական

Եւրօ 2027-ի Զտումի Մրցումներ. Այսօր` Ֆրանսա – Հայաստան

November 11, 2026
Ըմբշամարտ.  Տէրտէրեանի «Վրէժ»-ի Յաղթանակը…
Մարզական

Ըմբշամարտ. Տէրտէրեանի «Վրէժ»-ի Յաղթանակը…

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.