Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն ու Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս շաբաթ օր կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են իրադրութիւնը շրջանին մէջ` նաեւ անդրադառնալով Իրանին:
«Միտքեր փոխանակուած են շրջանային կայունութեան ապահովման ուղղուած ջանքերուն շուրջ: Մարդասիրական հարցերու պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուած է երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու` Իրանէն Հայաստանի տարածքով տարհանման կարելիութեան ու արձանագրուած ցուցանիշերուն», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Միրզոյեան եւ Քալլաս նաեւ անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի վերջին քննարկումներուն:
«Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն փոխադարձ գործակցութեան` Արարատ Միրզոյեան եւ Քայա Քալլաս միտքեր փոխանակած են յառաջիկային նախատեսուող շփումներու օրակարգին շուրջ», կը յայտնէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` չմանրամասնելով, թէ ի՛նչ շփումներ կը ծրագրուին: