Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Հայաստանին Սթափ Գնահատելու Անվտանգութեան Ապահովման Կարելիութիւնները

June 23, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստան պէտք է սթափ գնահատէ իր անվտանգութեան ապահովման կարելիութիւնները, նաեւ` հաւաքական ձեւաչափով», «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Փանքին:

Ան հաստատած է, որ Հայաստանի կողմէ ՀԱՊԿ-ի անդամավճարը չվճարելու հարցը կրնայ քննարկման դրուիլ 31 դեկտեմբեր 2025-էն ետք, սակայն տակաւին պարզ չէ, թէ ի՛նչ ձեւաչափով կամ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ այդ քննարկումը:

«Բոլորը կը հասկնան, որ Հայաստանը, որ, ինչպէս իրենք կ՛ըսեն` սառեցուցած է իր անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին, չի մասնակցիր որոշումներու ընդունման, սակայն նաեւ չի խոչընդոտեր անոնց, բայց միեւնոյն ժամանակ, հաւանաբար, պէտք է սթափ գնահատէ իր անվտանգութեան ապահովման կարելիութիւնները, որոնց շարքին` ՀԱՊԿ-ի հաւաքական ձեւաչափին մէջ», նշած է արտաքին գործոց փոխնախարարը` աւելցնելով, որ որոշումը ամէն պարագայի հայկական իշխանութիւններունն է:

Աւելի կանուխ փոխնախարարը նշած էր, որ եթէ Հայաստան մինչ 2025 թուականի աւարտը չվճարէ անդամավճարը, ՀԱՊԿ անդամ երկիրները կրնան դիտարկել իրավիճակի զարգացման տարբեր դիպաշարեր:

Հայաստան յայտարարած է, որ կը սառեցնէ իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի միջոցառումներուն, հրաժարած է իր բաժին ֆինանսաւորումը յատկացնել այդ կառոյցին, տեւական ժամանակէ ի վեր չի մասնակցիր միացեալ ռազմափորձերուն, հանդիպումներուն, բայց պաշտօնապէս չէ դիմած ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հոլովոյթ սկսելու համար: Երեւան խստօրէն կը քննադատէ ՀԱՊԿ-ը յատկապէս 2022 թուականին Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ազրպէյճանական ուժերու ներխուժումէն ետք, երբ այդ կառոյցը ոչ միայն չպաշտպանեց իր անդամը, այլեւ նոյնիսկ պատշաճօրէն չարձագանգեց Ազրպէյճանի նախայարձակումին:

 

 

Նախորդը

Միրզոյեան Եւ Քալլաս Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան

Յաջորդը

Պայրամով Դարձեալ Դժգոհած Է Հայաստանէն

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.