ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ կազմակերպած ֆութպոլի, քրոս քաունթրիի եւ փինկ փոնկի մրցաշարքէն ետք այս շաբաթ կազմակերպած է հեծելարշաւի զանազան տարիքային դասակարգերու մրցում մը:
Վաղը տեղի ունենալիք մրցումը պիտի սկսի Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի հրապարակէն, առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ: