Վաղը ժամը 14:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Տինամօ Պէյրութի դէմ:
Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան 7-րդ շաբթուան այս մրցումին, ՀՄԸՄ պիտի փորձէ անպայման յաղթանակ մը արձանագրել Տինամոյին դէմ, որ անցեալ տարեշրջանին 5-2 արդիւնքով կրցած էր յաղթել:
Յաղթանակով մը ՀՄԸՄ կը պահէ իր յոյսերը` թուաբանական հաշիւներով, եթէ անշուշտ Սանհարիպ կամ Աթլեթիքօ կէտեր կորսնցնեն:
12 կէտեր ձեռք ձգած երկու խումբերն ալ գրեթէ նոյն մակարդակի են, եւ վաղը յաղթանակ մը կրնայ յոյս ներշնչել խումբին, որ յառաջիկայ երկու մրցումներուն նոյն թափով շարունակէ:
Ստորեւ 7-րդ հանգրուանի ճակատումները.
ՀՄԸՄ – Տինամօ Պէյրութ
Նօ Լիմիթց – Պէյրութ Ֆ. Ք.
Սապիլ – Նուժում
Սանհարիպ – Արզ
Աթլեթիքօ Պէյրութ – Անդրանիկ