Վաղը ժամը 17:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտել Նուր» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Լիուաա Պարժայի դէմ:
Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի շրջանի Բ. հանգրուանի 3-րդ շաբթուան գծով կատարուելիք այս մրցումը փորձ-մրցում մը պէտք է ըլլայ տղոց համար, մանաւանդ որ կը մօտենան վերջին հանգրուանի աւելի դժուար մրցումները: Ասիկա ըսել չէ, որ անհոգ ֆութպոլ պէտք է խաղան տղաքը, այլ պէտք է լուրջ խաղալ, առանց վտանգաւոր շարժումներու, որոնք վիրաւորուելու պատճառ կրնան դառնալ:
Երկու յաղթանակներ արձանագրած ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը Ռաուտա Տըքուանէի նման (Ա. խմբակ) միակ խումբն է, որ ամբողջական կէտեր ձեռք ձգած է այս տարեշրջանին` 15 կէտ առաջին հանգրուանին եւ 6 կէտ մինչեւ օրս հաւաքելով:
Ստորեւ` 3-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
ՎԱՂԸ
Ահլի Սարպա – Ժապալ Մաժտըլպաանա (ժամը 10:00-ին, Սին Էլ Ֆիլ)
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Լիուաա Պարժա (ժամը 17:00-ին, Պհամտուն)
Շապապ Պըրժ – Ռապիթաթ Ուարտանիէ (ժամը 17:00-ին, Ահտ)