Փառապանծ հայոց ազգիս, ի մասնաւորի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան համար` յոբելենական 2025 տարին` արգասաբեր թուական մը հանդիսացաւ:
Արդարեւ, 28 մարտ 2025-ին, Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան Նահատակներէն երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի` սրբադասման հրամանագիրը ստորագրեց Հռոմի երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս պապը:
Բերկրանքն ու հրճուանքը կրկնապատկուեցաւ, երբ 13 յունիս 2025-ին, կարտինալներու (ծիրանաւորներու) ժողովին` Հռոմի սրբազան քահանայապետ Լեւոն ԺԴ., 19 հոկտեմբեր 2025-ը հռչակեց Մալոյեանի սրբադասման օր:
Հռոմէն հնչած այսպիսի մեծ իրադարձութեան ի տես` միեւնոյն օրը` ուրբաթ 13 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զմմառու մայրավանքի մայր եկեղեցւոյ մէջ` սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի խորանին առջեւ` սուրբ եւ անմահ պատարագ մատոյց միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթէրեան: Մայրավանքի հասարակութեան ներկայութեամբ, ան յուզմունքով քարոզեց` ըսելով. «Ճիշդ է, որ պատմութեան անիւը ետ չես կրնար շրջել, բայց պատմութիւնն ալ ինքզինք սրբագրելու եւ մաքրագործուելու հնարաւորութիւնը ունի: Այդպիսի իրողութեան ականատեսն ենք այժմ, այս պատմական պահուն: Արդարեւ, 110 տարիներ ետք, այս անգամ եւս արդարութեան հոգեւոր զանգերը ղօղանջեցին ազդարարելով, թէ արդարութիւնը երբեք լուռ չի մնար եւ մինչեւ այն ատեն որ պահանջատէր ժողովուրդ կայ, անիկա չի մեռնիր եւ Աստուծոյ զօրութեամբ պիտի վերականգնի: Քանի մը վայրկեաններ առաջ` Հռոմի ԺԴ. սրբազան քահանայապետը յայտարարեց` Մարտինի նահատակ առաջնորդ` Արհի. Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման բարեբաստիկ օրուան թուականը, որ անկիւնադարձային իրողութիւն է Հայ դատի արդար երթի ուղիին մէջ: Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան վանքի վարչութեան անունով կը շնորհաւորենք համայն հայութեան, այս պանծալի օրուան կապակցաբար»:
Հոգեպարար արարողութենէ ետք իւրաքանչիւրը սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի ձեռաց խաչէն օրհնութիւն ստացան: