Այս գիշեր Միացեալ Նահանգներու մէջ կը սկսի ՖԻՖԱ-ի ակումբներու մոնտիալը:
21-րդ պաշտօնական մոնտիալին կը մասնակցին 32 խումբեր առաջին անգամ ըլլալով, անոր կը մասնակցին վերջին 5 տարիներուն լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրած խումբերը: 2000-ին սկսայ այս մրցաշարքը 6-էն 8 խումբերու մասնակցութեամբ տեղի կ՛ունենար, ուր կը մասնակցէին ցամաքամասերու ախոյեանները եւ հիւրընկալ երկրէն ակումբ մը, որոնք ընդհանրապէս եւրոպական խումբեր են, որոնք կը շահէին 2013-էն ի վեր:
Առաջին բացման մրցումին Լիբանանի ժամանակացոյցով ժամը 3:00-ին (առաւօտեան) Եգիպտոսի Ահլին պիտի մրցի Լիոնել Մեսսիի Ինթեր Մայեմիին դէմ:
Մրցումը տեղի կ՛ունենայ Մայեմիի «Հարտ Ռոք» դաշտին վրայ: Վաղը ժամը 19:00-ին Պայերն Միւնիխ Օհայոյի մէջ պիտի մրցի Նոր Զելանտայի Օքլենտ Սիթի խումբին դէմ, Գ. խմբակի գծով: Այս խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Պոքա Ժունիորզ եւ Պենֆիքա:
Ինթեր Մայեմի մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, Փորթոյի եւ Փալմէյրասի կողքին:
Գիշերուան ժամը 22:00-ին, հետաքրքրական մրցումի մը Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի մրցի Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ, Փասատենայի «Ռոզ Պոլ»-ի դաշտին վրայ:
«Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, Պոթաֆոկոյի եւ Սիեթըլ Սաունտըրզի կողքին: