Վաղը ժամը 21:00-ին «Ժիլ Վիլնէօվ» շրջավազքին վրայ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան 10-րդ կրան փրին:
Քանատայի մէջ ամէնէն շատ կրան փրիները շահած է Միքայէլ Շումախըր եւ Լուիս Համիլթըն (7 անգամ):
«Ժիլ Վիլնէօվ» շրջավազքը կը նկատուի հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ ինքնաշարժներ իրար քանի մը անգամ կրնան անցնիլ, եւ արկածներու ալ բարձր համեմատութիւն կայ: Քանի մը դանդաղ դարձուածքներ կան եւ երկար արագ ճամբաներ:
Վերջին երեք տարիներուն աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն կրցած է շահիլ այս կրան փրին, սակայն այս տարի Օսքար Փիասթրի-Լանտօ Նորիս զոյգը իր յաջող «Մաքլարեն»-ով կրնայ առաջին եւ երկրորդ դիրքը գրաւել:
Փիասթրի 186 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը` շահելէ ետք այս տարուան 9 կրան փրիներէն 5-ն, մինչ Նորիս 10 կէտով ետ կը մնայ իր խմբակիցէն: 49 կէտով ետ կը մնայ (Փիասթրիէն) Վերշթափըն, որ վերջին մրցումին 5-րդ դիրքէն 10-րդ դիրքը փոխանցուած էր 10 երկվայրկեան տուգանքէն ետք: