. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ֆութպոլի ազգային խումբի պաշտպան եւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի մարզիկ Նայիր Թիկնիզեան համաձայնութեան եկաւ Սերպիոյ կարմիր աստղ Պելկրատի հետ: Ըստ «Արմենփրես»-ի, Թիկնիզեան Պելկրատ պիտի մեկնի 21 յունիսին բժշկական քննութեան ենթարկուելու, ապա պայմանագրութիւն ստորագրելու համար սերպական ակումբին հետ:
. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Եունայթըտ ըստ երեւոյթին ձեռք պիտի բերէ շուէտացի յառաջապահ Վիքթոր Եոքերեշը: Եոքերեշ Սփորթինկ Լիզպոնի հետ աներեւակայելի երկու եղանակներ բոլորեց` նշանակելով 63 կոլ եւ 10 էսիսթ, բայց վերջերս հարցեր ունեցած էր իր ակումբին հետ, որ պայմանագրութեան խզումի գին որոշած էր 65 միլիոն եւրօ, բայց վերջերս, երբ Եունայթըտի կողքին Արսենալ եւ Եուվենթուս հետաքրքրուած էին շուէտացի յառաջապահին ծառայութիւններով, Սփորթինկ պահանջած էր գրեթէ 80 միլիոն եւրօ:
. ՄԻՒՍ կողմէ, փորթուգալցի մարզիկ Ռաֆայէլ Լէաօ փափաք յայտնած էր լքել իր իտալական Ա. Սէ. Միլան ակումբը` միանալու համար Պայերն Միւնիխին, որ կ՛ուզէ 25 տարեկան Լէաօն ձեռք ձգել` փոխարինելու Լիրոյ Սանէն, որ շատ հաւանաբար պիտի միանայ Թուրքիոյ Կալաթասարային: Պայերն հետաքրքրուած էր նաեւ սպանացի Նիքօ Ուիլիամսի ծառայութիւններով: Ձախողութեան պարագային Պայերն պիտի փորձէ Լէաօն ձեռք ձգել:
. ԱՆԳԼԻՈՅ ախոյեան Լիվըրփուլ կ՛ուզէ ձեռք ձգել Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիկ Պրատլի Պարքոլան: Լիվըրփուլ, որ պատրաստ է 150 միլիոն եւրօ վճարելու ձեռք ձգելու համար գերմանացի յարձակող միջնապահ Ֆլորիան Վիրցը` Պայեր Լեւերքուզընէն, կ՛ուզէ ձեռք ձգել նաեւ Պարքոլան, որ լաւ եղանակ մը ունեցած էր փարիզեան ակումբին հետ, բայց վերջերս իր դիրքը կորսնցուցած էր հիմնական կազմին հետ:
. ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԻ յառաջապահ Մարքուս Ռաշֆորտ իր գործավարին յայտնած էր, թէ միայն կ՛ուզէ միանալ Պարսելոնային, մանաւանդ որ անոր ժամանակաւոր միանալու ժամկէտը` Ասթոն Վիլայի հետ կ՛աւարտի, եւ ան չ՛ուզէր վերադառնալ Մանչեսթըր Եունայթըտ:
. ԻՆԹԵՐ Միլանի նոր նշանակուած մարզիչ Քրիսթիան Չիւու արդէն իսկ գործի անցած է եւ ձեռք ձգած պրազիլցի Լուիս Հենրիքէն, որ աջ ծայրի յառաջապահ դիրքի վրայ կը խաղայ:
. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Սիթիի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա ձեռք ձգելէ ետք Լիոնի ֆրանսացի միջնապահ Ռայան Չերքին, իր կազմին միացուց նաեւ Ա. Սէ. Միլանի Թիյանի Ռէյնտըրզը:
. ՌԷԱԼ Մատրիտ իր նոր մարզիչ Չապի Ալոնսոյի հետ ձեռք ձգած էր աջ ծայրի պաշտպան Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտը (Լիվըրփուլէն), իր կազմին մէջ առաւ նաեւ արժանթինցի Ֆրանքօ Մասթանթունոն, որ կը նկատուի ապագայի աստղ:
. ՔԵՒԸՆ Տը Պրույնէ միացաւ Իտալիոյ ախոյեան Նափոլիին, մինչ Ռէալի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ միացաւ Ա. Սէ. Միլանին, բայց պաշտօնապէս պիտի միանայ ակումբներու մոնտիալէն ետք` 1 տարուան համար: