ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1961-ի շրջանաւարտներէն
ՄԵԼԻՆԷ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ-ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 30 մայիս 2025-ին:
————————————–
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ
Կիրակի, 15 յունիս 2025-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի եպիսկոպոսական սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ հայրապետին գահակալութեան երեսնամեակին առիթով պիտի կատարուի ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ:
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Պատարագիչ եւ քարոզիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
«Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ
Սուրբ պատարագէն ետք վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ պիտի ընդունի շնորհաւորութիւններ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 յունիս 2025-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–