Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Պատրաստ Ենք Իրանի Հիւլէական Զէնք Ունենալը Արգիլելու Համար Զգետնիչ Ուժ Կիրարկելու»

Յունիս 12, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան Բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Մայքըլ Քուրիլա, պատասխանելով Ներկայացուցիչներու տան զինեալ ուժերու յանձնախումբի նախագահ Մայք Ռաճըրզի այն հարցումին, թէ ամերիկեան բանակը պատրա՞ստ է զգետնիչ ուժով հակադարձելու` Իրանի հիւլէական զէնք ունենալը արգիլելու համար, յայտնեց, թէ գոյութիւն ունին շարք մը ընտրանքներ:

Քուրիլա, որ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ուժերուն կը վերահսկէ, Ներկայացուցիչներու տան մէջ լսումի նիստի ընթացքին յայտնեց. «Պաշտպանութեան նախարարին եւ նախագահին մեծաթիւ ընտրանքներ ներկայացուցի»:

Երբ քոնկրեսականը հարցուց` «ասիկա իբրեւ «Այո» պատասխան նկատի ունենա՞մ», Քուրիլա ըսաւ. «Այո»:

«Իրանը 3 Շաբթուան Ընթացքին 10 Հիւլէական
Մարտագլխիկ Արտադրելու Կարելիութիւն Ունի»

Իրանը երեք շաբթուան ընթացքին մինչեւ տասը հիւլէական մարտագլխիկ արտադրելու կարելիութիւն ունի: Այս մասին յայտարարած է ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար Մայքըլ Քուրիլա` Ներկայացուցիչներու տան զինեալ ուժերու հարցերով յանձնախումբին մէջ լսումներու ժամանակ:

«Եթէ Իրանի վարչակարգը որոշէ զէնքի արագացուած ստեղծման սկսիլ, ապա, ըստ հաշուարկներու, քանի մը հարստացման վայրերու մէջ գոյութիւն ունեցող պաշարներն ու հնոցները բաւարար են առաջին 25 քիլոկրամ (հիւլէական) զէնքի նիւթը շուրջ մէկ շաբթուան ընթացքին եւ մինչեւ տասը հիւլէական մարտագլխիկ երեք շաբթուան մէջ արտադրելու համար», ըսած է ան:

«Եթէ Իրանը հիւլէական զէնք ստանայ, շրջանի միւս երկիրները ամէն կարելին պիտի ընեն հիւլէական զէնք ձեռք բերելու համար` կա՛մ զարգացնեն զայն, կա՛մ գնեն, որպէսզի կարենան Իրանի նկատմամբ զսպող ներուժ ունենալ», աւելցուցած է հրամանատարը:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Նկատմամբ Մեր Վստահութիւնը Սկսաւ Նուազիլ»

Յաջորդը

«Եթէ Բանակցութիւնները Ձախողին, Եւ Պատերազմը Պարտադրուի, Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանները Պիտի Հարուածենք» Կ՛ըսէ Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?