Վինիսիուս Ճունիորի կոլին շնորհիւ Պրազիլ 2026-ի մոնտիալի իր տոմսը շահեցաւ մրցումի մը, որուն աւարտին նոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի առաջին յաղթանակը տօնեց Սան Փաուլոյի մէջ:
Ռէալ Մատրիտի իր օրերուն Անչելոթթի «իր» յառաջապահ Վինիսիուսի հետ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Փարակուէյի դէմ: Էքուատոր իր կարգին իր տոմսը ապահովեց ճերմակ հաւասարութենէ ետք` Փերուի դաշտին վրայ:
2022-ի աշխարհի ախոյեան Արժանթին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Քոլոմպիոյ հետ, արդէն իսկ ապահովելէ ետք Հարաւային Ամերիկայի զտումներու առաջին դիրքը:
Էքուատոր եւ Պրազիլ 25-ական կէտեր ունին, բայց ճակատումներու առաւելութիւն ունենալով Էքուատոր կը գրաւէ 2-րդ դիրքը: Երկու խումբերն ալ 10 կէտով ետ կը մնան Արժանթինէն, բայց 6 կէտէ աւելի առաւելութիւն ունին 7-րդ դիրքը գրաւող խումբին վրայ` զտումի վերջին 2 մրցումներէն առաջ:
Առաջին 6 դիրքերը գրաւող խումբերը ուղղակիօրէն կը հասնին մոնտիալին, որուն 48 խումբեր պիտի մասնակցին:
Չիլի յաջորդաբար 3-րդ մոնտիալը ըլլալով պիտի բացակայի, 2-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք Պոլիվիայէն, արդիւնք մը, որ պատճառ դարձաւ մարզիչ Ռիքարտօ Կարեքայի պաշտօնանկ ըլլալուն:
Ուրուկուէյ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Վենեզուելային` Ռոտրիկօ Ակիրէի եւ Կիորկիան Տը Արասայեթայի կոլերոն շնորհիւ, եւ մօտեցաւ իր տոմսը շահելու 24 կէտերով:
Վենեզուելա 18 կէտերով 1 կէտով կը գերազանցէ Պոլիվիան` 7-րդ դիրքին համար պայքարին մէջ, դիրք մը, որ փլէյ-օֆի կը հասցնէ այլ ցամաքամասէ թեկնածուի դէմ:
Լիոնել Մեսսի լուր մրցում մը ունեցաւ Քոլոմպիոյ դէմ, Պուենս Այրեսի մէջ: Լուիս Տիաս 24-րդ վայրկեանին նշանակեց Քոլոմպիոյ կոլը: Էնզօ Ֆեռնանտես 70-րդ վայրկեանին վտարուեցաւ դաշտէն` յուսախաբ ընելով 80 հազար համակիրները: Բայց 81-րդ վայրկեանին Թիակօ Ալմատա կրցաւ նշանակել Արժանթինի հաւասարութեան կոլը:
Անչելոթթի, որ անցեալ հինգշաբթի իր առաջին մրցումը ունեցած էր Էքուատորի դէմ (0-0), համակիրներուն դժգոհութեան պատճառ դարձած էր գրեթէ ամբողջ մրցումին պաշտպանողական մրցում մը կիրարկելով: Ան խոստացած էր փոխարինումներ կատարել` աւելի յարձակողական խաղ մը կիրարկելու համար: 46 հազար համակիրները, որոնց կարգին` «Էն. Պի. Էյ.»-ի աստղերէն Անթեթոքումփօ, Անչելոթթիի 66-րդ տարեդարձը շնորհաւորեցին:
Անչելոթթիի Պրազիլը ամբողջովին տարբեր ֆութպոլ ցուցաբերեց` մոռացութեան մատնելով 3 ամիս առաջ տիրած «կորսուած» վիճակը, որուն ընթացքին կասկածի տակ էր Պրազիլի մոնտիալ հասնիլը նոյնիսկ:
Մրցումին միակ «սեւ կէտ»-ը կրնայ ըլլալ Վինիսիուսի վիրաւորուիլը, որ կրնայ պատճառ դառնալ անոր բացակայութեան` Ռէալ Մատրիտի հետ յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք ակումբներու մոնտիալէն: