Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Տաթօ Ամարճիթ Սինկ Ճիլ երեքշաբթի օր Վաչէ Ծատուրեանը նշանակեց Ասիոյ ֆետերասիոնի թեքնիք տնօրէն:
Ծատուրեան, որ ֆրանսախօս երկիրներու հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահն է, նոր պաշտօնին նշանակուեցաւ հեծելարշաւի աշխարհին մէջ իր լայն փորձառութեան եւ կանոններն ու օրէնքները խորապէս գիտնալուն համար: Ծատուրեանի պարտականութիւններէն մէկն է յառաջդիմութեան քայլերու դիմել հեծելարշաւի մարզաձեւին մէջ` թեքնիք սեմինարներ կազմակերպելով վարչական եւ կազմակերպչական բարելաւումներու համար:
Ասիոյ ֆետերասիոնը կոչ ուղղեց իրեն մաս կազմող 45 երկիրներուն (ֆետերասիոններուն) համագործակցութեան Ծատուրեանի հետ` լաւագոյն արդիւնքներուն հասնելու համար աշխարհի մեծագոյն ցամաքամասին մէջ:
Նշենք, որ Ծատուրեան տարիներով գլխաւորած էր Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը: Ան ախոյեան մարզիկ էր` մեծ թիւով ախոյեանութեան տիտղոսներ շահելով, ապա վարչական գործեր ստանձնած էր` լքելէ ետք մարզական իր ասպարէզը: Ան մասնակցած էր նաեւ 1992-ի ամրան ողիմպիական խաղերուն: