Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու. «Ռուսիոյ Նախագահի Օգնականի Ղարաբաղի Պատկանելիութեան Մասին Խօսքերը Ափսոսանք Եւ Զարմանք Կը Յառաջացնեն»

June 11, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչո՞ւ կացութիւնը Ուքրանիոյ համար վատթարացած է: Որովհետեւ չորս շրջաններու մէջ հանրաքուէներ կատարուած են, իսկ անոնք Ռուսիոյ պաշտօնական մասն են: Եւ Ռուսիան այլեւս չի կրնար այնտեղերէն հեռանալ: Հակառակ պարագային կը դաւաճանէր մարդոց, ատիկա անկարելի է: «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական եւ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններու ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մետինսքի:

«Սակայն եթէ ռազմաճակատի երկայնքին տագնապը դադրեցուի եւ իրական խաղաղութեան շուրջ համաձայնութիւն չըլլայ, ապա ատիկա պիտի ըլլայ… Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ այդպիսի վիճելի շրջան կար` Ղարաբաղը: Այդ շրջանը հսկայական Ղարաբաղի պիտի վերածուի, որոշ ժամանակ ետք Ուքրանիան պիտի միանայ ՕԹԱՆ-ին, պիտի փորձէ վերադարձնել զայն, եւ ատիկա պիտի ըլլայ մոլորակի վերջը եւ պիտի աւարտի հիւլէական պատերազմով:

«Մենք չենք ուզեր պատրուակ ունենալ ստեղծելու հսկայական Ղարաբաղ, որ ոչ ոքի կողմէ ճանչցուած է, եւ որուն պատճառով կրնայ հիւլէական պատերազմ շղթայազերծուիլ:

«Մենք ատիկա չենք ուզեր, ուստի կ՛ուզենք դադրեցնել զայն, լիակատար հաշտութիւն կնքել եւ ճանչնալ նոր տարածքները», նշած է Ռուսիոյ նախագահի օգնականը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հակադարձելով Մետինսքիին, հրապարակեց յայտարարութիւն մը` նշելով. «Զարմանալի է, որ Ռուսիոյ նախագահի օգնական եւ Պատմական կրթութեան միջգերատեսչական յանձնախումբի նախագահ Վլատիմիր Մետինսքի, ըստ երեւոյթին, տեղեակ չէ, որ Ղարաբաղը երբեք վիճելի տարածք չէ եղած:

«Կը յիշեցնենք, որ Ղարաբաղը բնիկ ազրպէյճանական հող է: Աւելի՛ն. Ռուսիան ինք Ղարաբաղը կը ճանչնայ եւ միշտ ճանչցած է իբրեւ Ազրպէյճանի տարածք»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան տուած իր մեկնաբանութեան մէջ յայտնեց. «Ռուսիան Ղարաբաղը պաշտօնապէս կը ճանչնայ իբրեւ Ազրպէյճանի տարածք»:

Զախարովա կոչ ուղղած է պարունակէն դուրս չբերելու Ղարաբաղի մասին Մետինսքի խօսքերը եւ անոնց չտալու «բոլորովին այլ իմաստ»:

Ան նշած է, որ Ղարաբաղի մասին իր մեկնաբանութեան մէջ Մետինսքի խօսած է կացութեան պատմական երեւոյթին եւ ընկերամշակութային առանձնայատկութիւններուն մասին:

 

Նախորդը

Լիբանան-Յորդանան Վեհաժողովի Ընթացքին Համակարգումի Եւ Խորհրդակցութեան Շուրջ Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Վելայաթի. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Նպատակ Ունէր Մասնատել Հայաստանը Եւ Կտրել Եւրոպայի Հետ Իրանի Կապը. Թեհրան Խափանած Է Այս Դաւադրութիւնը»

RelatedPosts

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
5 Հոկտեմբերէն Դեսպանատուներու Միջոցով Հայաստանի Անցագիրի Ծառայութիւնը Ժամանակաւորապէս Պիտի Դադրեցուի
Հայկական

5 Հոկտեմբերէն Դեսպանատուներու Միջոցով Հայաստանի Անցագիրի Ծառայութիւնը Ժամանակաւորապէս Պիտի Դադրեցուի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.