Կիրակի օր Փորթուգալ փենալթիներով յաղթեց Սպանիոյ, երբ մրցումը վերջ գտաւ 2-2 արդիւնքով, Եւրոպայի Ազգերու լիկայի 2025-ի բաժակի աւարտականին:
Սպանիա, որ կը փորձէր պահել իր տիտղոսը, 21-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումի առաջին կոլը Մարթին Սուպիմենտիի շնորհիւ: Նունօ Մենտեշ նշանակեց Փորթուգալի հաւասարութեան կոլը 5 վայրկեան ետք, բայց Միքել Օյարսապալ կիսախաղ չեղած նշանակեց Սպանիոյ 2-րդ կոլը:
Առաջին կիսախաղին Սպանիա շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ էր, բայց երկրորդ կիսախաղը Փորթուգալ աւելի լաւ սկսաւ:
61-րդ վայրկեանին 40 տարեկան Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Փորթուգալի հաւասարութեան կոլը, որմէ ետք Սպանիա ճնշեց, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ:
Երկարաձգումին ընթացքին, Փորթուգալ լուրջ առիթ մը ունեցաւ շատ կանուխ, բայց Սեմետոյի հարուածը շեղեցաւ նպատակէն:
120 վայրկեաններէ ետք դիմուեցաւ փենալթիներու, ուր Մորաթայի փենալթին զսպելէ ետք Տիոկօ Քոսթա դարձաւ Փորթուգալի հերոսը, որ պատմութեան մէջ Ազգերու լիկայի 2-րդ տիտղոսը շահեցաւ:
Այդ մրցումին ցաւալի դէպք մը պատահեցաւ, երբ համակիր մը մրցումի վերջին վայրկեաններուն երկրորդ յարկի համակիրներու թրիպիւնէն վար ինկաւ եւ աւելի ուշ մահացաւ:


