Մինչ կը կարծէինք, թէ Հայաստանի մէջ իրավիճակը չի կրնար աւելի վատթարանալ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հնարեց երկիրը կործանելու նոր ձեւեր:
Փաշինեանի տապալող իշխանութեան օրօք մենք կորսնցուցինք Արցախը, 2020 թուականի պատերազմին 4000 հայ զինուոր նահատակներ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ տալէ ետք: Մնացած 130 հազար արցախահայերը 2023 թուականին պարտադրուեցան լքելու իրենց հազարամեայ հայրենիքը: Վարչապետը կոչ կ՛ուղղէ հայերուն` մոռնալու իրենց փառաւոր անցեալը եւ հրաժարելու ապագայի երազներէն: Աւելի՛ն. ան այլեւս չ՛ուզեր լսել Հայոց ցեղասպանութեան, Արարատ լերան կամ Արեւմտեան Հայաստանի մասին:
Մէկը Դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրած էր հետեւեալ մռայլ գրառումը. Հայաստանի ոստիկանութիւնը Էջմիածինի մէջ է: Երկու ազդեցիկ հայ միլիառատէրեր բանտարկուած են Պաքուի եւ Երեւանի մէջ: Երկու արքեպիսկոպոսներ ձերբակալուած եւ բանտարկուած են Հայաստանի մէջ: Նախագահը լուռ է: Ժողովուրդը մահաքունի մէջ է: Թշնամին կը սրէ ատամները: Երկիրը անպաշտպան է: Սփիւռքը չկայ:
Մինչ այդ վարչապետը, Հայաստանի գոյութիւնը երաշխաւորելու փոխարէն, զբաղած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներու մասին անպարկեշտ գրառումներ կատարելով: Դատաւորները կ՛ենթարկուին անոր քաղաքական հրամաններուն, իսկ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կուրօրէն կը կատարէ անոր փափաքները: Այլ խօսքով, մենք ունինք միանձնեայ կառավարում` բռնապետութիւն:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր թեմակալ առաջնորդները եւ եպիսկոպոսները նախորդ ուրբաթ հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը` հաստատելով. «Մեծապէս վրդոված ենք Հայոց եկեղեցւոյ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ու բարձրաստիճան եկեղեցականներու նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ անձամբ վարչապետին հրահրած պախարակելի արշաւէն, որուն զուգահեռ` հոգեւորականներուն հանդէպ ատելութեան, թշնամութեան ու անարգալից արտայայտութիւններ, անձնական վիրաւորանքներ կը տարածուին»: Եկեղեցւոյ առաջնորդները դատապարտեցին` «Ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն ներխուժումը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տարածք` Միքայէլ արք. Աջապահեանը ձերբակալելու` եկեղեցականներու եւ հաւատացեալներու նկատմամբ բռնի գործողութիւններ կատարելու սպառնալիքով»: Անոնք նաեւ քննադատեցին բարերար Սամուէլ Կարապետեանի եւ Բագրատ արք. Գալստանեանի բանտարկութիւնը` կոչ ուղղելով` անյապաղ ազատ արձակել զանոնք: Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան հաղորդագրութիւն մը յղած էր բոլոր առաջնորդներուն եւ եպիսկոպոսներուն` անյաջող փորձով զանոնք համոզելու, որ կաթողիկոսին աջակցող յայտարարութիւն չկատարեն:
Կը հաւատամ, որ այս անգամ վարչապետը չափը անցուց: Քանի դեռ ուշ չէ, Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է ոտքի ելլէ` անոր վարչակարգին վերջ դնելու համար: Նախորդ շաբաթ, հակառակ կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած բռնաճնշումներուն, հազարաւոր հայեր բողոքի ցոյց կատարեցին Երեւանի փողոցներուն մէջ` բազմաթիւ բարեսիրական ծրագիրներ իրականացուցած գործարար Կարապետեանի ձերբակալութեան եւ բանտարկութեան դէմ: Անգիտակցաբար Փաշինեան ստեղծած է նոր հաւանական հակառակորդ մը, որ կրնայ պատճառ դառնալ իր վարչակարգի տապալման:
Կարապետեանի միակ «մեղքը» այն էր, որ պաշտպանած է կաթողիկոսն ու Հայ եկեղեցին` Փաշինեանի անհիմն յարձակումներէն: Հլու-հնազանդ դատաւորը դատապարտեց այդ անմեղ մարդը նախնական երկամսեայ ազատազրկման:
Աւելի՛ն. Փաշինեան հրամայեց անյապաղ բռնագրաւել Կարապետեանին պատկանող «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութիւնը, որուն մէջ ան ներդրած է քանի մը հարիւր միլիոն տոլար: Ոստիկանութիւնը խուզարկեց Կարապետեանի Երեւանի գլխաւոր գրասենեակը, եւ անոր երկու առանցքային ղեկավարներ ձերբակալուեցան կեղծ մեղադրանքներով: Նախորդ ամիս անոր աւելի քան 40 կողմնակիցներու ինքնաշարժները գրաւուեցան եւ չվերադարձուեցան: Միեւնոյն ժամանակ Կարապետեանը բանտէն յայտարարեց. «Նիկոլ Փաշինեանը եւ նրա կառավարութիւնը տեղ չունեն Հայաստանում եւ պէտք չէ որեւէ կապ ունենան հայ ժողովրդի ապագայի հետ»:
Վարչապետին ապօրինի գործողութիւնները ծանր հետեւանքներ ունին Հայաստանի համար: Փաշինեանին վրէժխնդրական որոշումը հաւանաբար պատճառ դառնայ, որ Կարապետեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը տանի միջազգային իրաւարարութեան` ամենայն հաւանականութեամբ ստանալով աւելի քան մէկ միլիառ տոլարի պատժիչ փոխհատուցում: Ցաւալի է, որ վերջաւորութեան հայ հարկատուներ պիտի վճարեն այս հսկայական գումարը:
Երբ Փաշինեան հրամայեց բանտարկել Կարապետեանը, Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան կողմնակիցները անմիջապէս որդեգրեցին օրէնք մը, որուն համաձայն, պետականացուեցաւ Կարապետեանի սեփականութիւնը եղող ելեկտրականութեան ընկերութիւնը, եւ իշխանականները խիստ վիրաւորական յայտարարութիւններ կատարեցին իրենց ստրկատիրոջ հաճելի թուելու համար: Սեփական ընկերութեան բռնագրաւումը միջազգային ֆինանսական հաստատութիւններուն առջեւ պիտի վնասէ Հայաստանի հեղինակութեան: 34 տարի առաջ ձեռք բերուած անկախութենէն ի վեր ասիկա առաջին ընկերութիւնն է, որ կը պետականացուի, եւ հաւանաբար այս քայլը պատճառ պիտի դառնայ Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան մատակարարման կրկնակի ընդհատումներու, որովհետեւ Հայաստանի կառավարութիւնը նման ձեռնարկութիւն ղեկավարելու փորձառութիւն չունի: Այս խափանումները միայն պիտի աւելցնեն հանրային դժգոհութիւնը:
Երբ միջազգային հանրութիւնը եւ հայկական սփիւռքը գիտնան, որ Երեւան կը պետականացնէ սեփական գործառնութիւնները, օտար ներդրողները պիտի չփափաքին ներդրումներ ընել Հայաստանի մէջ:
Իրավիճակը աւելի վատթարացաւ, երբ վարչապետի կուսակցութեան երկու հանրայայտ անդամներ խորհրդարանական ելոյթներուն ընթացքին զրպարտեցին Կարապետեանը: Ան դատ բացաւ Արսէն Թորոսեանին եւ Հայկ Կոնջորեանին դէմ` պահանջելով, որ անոնք ետ քաշեն իրենց զրպարտիչ յայտարարութիւնները, հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեն, եւ իւրաքանչիւրը վճարէ ինը միլիոն դրամ (շուրջ 23.400 տոլար) փոխհատուցում: Թորոսեանը կեղծ մեղադրանք ուղղեց Կարապետեանին` Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան` «Էֆ.Էս.Պի.»-ի հրամանները կատարելու մէջ, մինչդեռ Կոնջորեանը պնդեց, որ Կարապետեանը` «Տասնամեակներ շարունակ թալանել է հայ ժողովրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»:
Երբ տարբեր երկիրներէ նշանաւոր հայեր հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն` դատապարտելով Փաշինեանի վարչակարգը, Թորոսեան յարձակում գործեց անոնց վրայ` մեղադրելով, որ անոնք չեն գիտեր, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ: Ես Թորոսեանին կը վստահեցնեմ, որ սփիւռքը խոր վիշտով կը հետեւի հայրենիքի ողբերգական դաւաճանութեան: Սփիւռքահայերը չեն կուրցած Փաշինեանի քարոզչութենէն: Թորոսեան կը կիրարկէ վարչակարգին նախընտրած մարտավարութիւնը` սփիւռքը Հայաստանի դէմ գրգռելու, ներկայ ղեկավարները` ընդդէմ նախկիններուն, իսկ արցախցիները` ընդդէմ տեղացիներուն: