Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Թանտըր Շահեցաւ Արեւմտեան Շրջանի Տիտղոսը Եւ Հասաւ Աւարտական

Մայիս 30, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամերուն Օքլահոմա Սիթի Թանտըր կրցաւ 124-94 արդիւնքով յաղթել Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզին եւ 5-րդ ճակատումին հասաւ 4-րդ յաղթանակին` դառնալով Արեւմտեան շրջանի ախոյեան:

2012-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Թանտըր հասաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական, ուր Քեւըն Տիւրենթի, Ռասըլ Ուեսթպրուքի եւ Ճէյմս Հարտընի նման աստղեր չկան, սակայն կան քանատացիներ Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր Լուկենց Տորթ, ինչպէս նաեւ գերմանացի Այզիա Հարթընսթինի եւ ամերիկացիներ Չեթ Հոլմկրենի, Ճէյլըն Ուիլիամսի, Այզիա Ճոյի եւ Ալեքս Քարուսոյի նման խմբային մարզիկներ:

Շէյ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկ («Էմ. Վի. Փի.») ընտրուած էր, 34 կէտեր նշանակեց 8 էսիսթներու կողքին, մինչ Հոլմկրեն (22 կէտ) եւ Ուիլիամս (19 կէտ) մեծ դեր ունէին Թանտըրի վերջին յաջողութիւններուն:

Օքլահոմա, որ բնական տարեշրջանին ալ լաւագոյն խումբն էր` յաղթելով իր 82 մրցումներուն 68-ն, շատ լաւ ձեւով պաշտպանեց առաջին մասին, զոր 26-9 արդիւնքով աւարտեց: Անշուշտ միայն 9 կէտ նշանակող խումբը դժուար թէ հասնի աւարտական:

Մինեսոթա, որ ծանօթ է իբրեւ լաւ պաշտպանող խումբ, ո՛չ կրցաւ լաւ պաշտպանել, ո՛չ ալ յարձակիլ, եւ Անթոնի Էտուըրտծ բնաւ չկրցաւ մղել իր խմբակիցները բաւարար կէտեր նշանակելու: Աւելի՛ն, ֆրանսացի Ռուտի Կոպեր, որ կը նկատուէր «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն սենթըրներէն` իր պայքարի բարձր ոգիով, միայն 5 ռիպաունտ եւ 2 կէտ կրցաւ նշանակել:

Այժմ Օքլահոմա կը սպասէ Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Եորք Նիքսի վերջնական յաղթականին:

Առաջին 2 մրցումներուն իր դաշտին վրայ պարտութիւններ կրելէ ետք, Նիւ Եորք Նիքս Ինտիանափոլիսի մէջ կրցած էր յաղթել 3-րդ ճակատումը, սակայն Ինտիանա 4-րդ ճակատումը յաղթեց 130-121 արդիւնքով:

Պէտք է նշել, որ բոլոր ճակատումները 3-էն 6 կէտերու տարբերութեամբ կ՛աւարտէին մինչեւ 4-րդ ճակատումը, ուր Թայրիս Հալիպըրթըն 32 կէտ, 15 էսիսթ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` իրագործելով պատմական թրիփըլ-տապըլ մը` առանց որեւէ թըրնօվըրի: 1977-1978 տարեշրջանէն ետք, երբ սկսաւ այս դրութիւնը (նկատի առնել թըրնօվըրներն ու կէտ, ռիպաունտ եւ էսիսթ), Թայրիս առաջին մարզիկն է, որ այսպիսի իրագործում կը կատարէր:

Ասիկա ըսել չէ, որ ամէն ինչ վճռուած է, մանաւանդ որ Ճէյլըն Պրանսըն Քարլ-Անթոնի Թաունզ, Միքալ Պրիճյ, Օ. Ճի. Անունոպի եւ Ճոշ Հարթ բոլոր մրցումներուն ալ լաւ ելոյթներ կ՛ունենան, եւ ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ այսօր եւ ապագայի մրցումներուն:

 

Նախորդը

Չելսի Շահեցաւ «Քոնֆերենս Լիկ»-ը

Յաջորդը

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. 4 Հայ Մարզիկներ Մետալներով Վերադարձան Պէյրութ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա

Օգոստոս 20, 2025
Նոր «Հիւանդութիւն» Մը`  Միջազգային Ֆութպոլին Մէջ
Մարզական

Նոր «Հիւանդութիւն» Մը` Միջազգային Ֆութպոլին Մէջ

Օգոստոս 20, 2025
«Չեմփիընզ Լիկ».  «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հրապարակեց Ակումբներու  Դասաւորումը` 2025-2026 Տարեշրջանի Մեկնարկէն Առաջ
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հրապարակեց Ակումբներու Դասաւորումը` 2025-2026 Տարեշրջանի Մեկնարկէն Առաջ

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?