Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխուլիսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն կոշտ արտայայտութիւն ունեցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հասցէին: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Էջմիածինը կոչելով «Ուչմիաձին` պատմական ազրպէյճանական հող», Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահը յայտնած է. «Միակ նպատակը կրօնական կեդրոնին հայերուն, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ բացառիկ համայնք` աշխարհի վրայ առաջին քրիստոնեաները, եղած է «Մեծ Հայք»-ի նման հայկական չքաստանի աջակցութիւնը: Մեզ կը դիմակայէ համայնք մը, որ բազմաթիւ կեղծիքներու միջոցով իւրացնելով այլ ժողովուրդներու մշակութային-հոգեւոր ժառանգութիւնը, իր կրօնական կեդրոններուն` Ուչմիաձինի եւ Կիլիկիոյ միջոցով, ամբողջ աշխարհի վրայ կը տարածէր սուտով ու զրպարտութեամբ լեցուն, քրիստոնէական կրօնի խաղաղութեան, եղբայրութեան, խաղաղ համակեցութեան կէտերէն հեռու ուղերձներ, եւ որ մշտապէս կը քարոզէր երկպառակութիւն, թշնամանք, վրէժխնդրութիւն եւ ճակատում` յանուն իր երեւակայական երազանքի իրականացման: Պետութիւններն ու շրջանակները, որոնք շահագրգռուած են հայկական սուտին հաւատալով, այս հարցին մէջ անոնց աջակցութիւն եւ օգնութիւն կը ցուցաբերեն:
«Այո՛, իրականութիւնը այսպէս է` համաշխարհային հայութիւնը, յենելով հայկական ազգային եկեղեցւոյ վրայ, կը շարունակէ խաբել միջազգային ընտանիքը իր պատմաքաղաքական կեղծաւորութեամբ: Անոնց նպատակն այն է, որ եթէ քաղաքական անկարողութեան պատճառով հայկական պետութիւնը կորսուի, ապա հայկական ազգային եկեղեցին կարենայ շարունակել զօրաշարժի կեդրոնի առաքելութիւնը, ստեղծել եւ գլխաւորել Վատիկանի նման գրիգորեանական կրօնական պետութիւն:
«Այսպիսով, հայկական եկեղեցին նենգ մտադրութիւն ունի այս կամ այն ձեւով շարունակելու մեր պատմական հողերուն վրայ իր գոյութիւնը: Ասիկա մեծ սպառնալիք է շրջանին մէջ Հայաստանի դրացի բոլոր երկիրներուն համար», պնդած է Փաշազատէ:
Ս. Էջմիածին «Աժանագին Գործելաոճ» Կ՛անուանէ
Փաշազատէի Յայտարարութիւնները
Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը արձագանգած է Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի ստայօդ յայտարարութիւններուն:
«Օրերս Պաքուի մէջ կայացած Ղազիներու խորհուրդի նիստին Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխուլիսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն, ստանձնելով ազրպէյճանական քարոզչամեքենայի կեղծիքի տարածման դերը, անգամ մը եւս ատելութեամբ եւ թշնամանքով թիրախաւորած է հայ ժողովուրդը եւ հայ եկեղեցին», կը նշէ Ս. Էջմիածին:
«Կեղծիքի տարածման մէջ գերազանցելով ինքն իրեն` Փաշազատէ յայտարարած է, որ իբրեւ թէ Հայաստանի եւ շրջանին մէջ տասնեակ դարեր գործող հայկական սրբավայրերը, նոյնիսկ 1700-ամեայ Ս. Էջմիածինի մայր տաճարը, կը գտնուին «Պատմական ազրպէյճանական հողերուն մէջ», եւ հայերը իբրեւ թէ «իւրացուցած են» այդ տարածքները», նշուած է Ս. Էջմիածինի յայտարարութեան մէջ:
Ս. Էջմիածինը զաւեշտալի որակած է, որ խորհրդային իշխանութիւններու ազգաշինարարարութեան հետեւանքով 1930-ական թուականներու երկրորդ կիսուն «ազրպէյճանցի» անուանումը ստացած ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդը կը փորձէ վիճարկել պատմականութիւնը հայ ժողովուրդի, որու հազարամեակներու ստեղծագործ կեանքի ու հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան արժէքն ու պատկանելիութիւնը համընդհանուր ճանաչում ստացած իրողութիւններ են:
«Առաւել քան զարմանալի է, որ ուրիշներու արժէքներու իւրացման մէջ հայ ազգին ուղղուած մեղադրանքները կը ներկայացնէ երկրի մը ներկայացուցիչը, որու պետութեան անուանումն իսկ իւրացուած է այլ երկրէ եւ ժողովուրդէ» ընդգծեց Ս. Էջիմածինը` աւելցնելով որ նման վարքագիծը կ՛ապացուցէ, որ «Ազրպէյճանը ինքն է, Փաշազատէի խօսքերով ըսուած, սպառնալիք շրջանի դրացի երկիրներուն համար»: