Այսօր կը սկսի «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական հանգրուանը, ուր Արեւմտեան շրջանին մէջ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր պիտի հիւրընկալէ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը:
Օքլահոմայի Թանտըրը շատ հեզասահ ախոյեանութենէ մը ետք կրցած էր 82 մրցումներէն 68-ն յաղթել, բայց փլէյ-օֆին 7 մրցումներու պէտք ունեցաւ դուրս ձգելու Տենվըր Նակեթցը: «Կանուխէն թռչող» Թանտըրը իր բնական տեղը հասաւ, բայց նկատի ունենալով մնացեալ մրցակիցները, Օքլահոմա կրնայ շարունակել յաղթանակներու իր երթը` շահելով «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսը:
Օքլահոմա, որ մինչեւ 2008 կը կոչուէր Սիեթըլ Սուփըրսոնիքս, մէկ անգամ շահած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսը, այդ ալ 1979-ին յաղթելով Ուաշինկթըն Պոլեթցի, որ այժմ Ուիզըրտծ կը կոչուի: Օքլահոմա Սիթիի երիտասարդ խումբը իր դէմ պիտի ունենայ «տաք` Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը:
Դժուար է երեւակայել, որ փետրուարի աւարտին Թիմպըրվուլվզ շատ վատ դիրքի վրայ էր եւ կը պայքարէր փլէյ օֆի դիրքի համար: 61 մրցումներէ ետք 29 պարտութիւն կրած խումբը այժմ ամբողջովին տարբեր վիճակ ստացած է, եւ եթէ ամէնէն առողջ եւ «տաք» խումբը պէտք է շահի այս տարուան տիտղոսը, ուրեմն Մինեսոթա թուղթի վրայ ինք պէտք է դառնայ ախոյեան:
Անցեալ 28 մարտէն ի վեր միայն 3 պարտութիւն կրած (փլէյ-օֆի մրցումներուն հետ) եւ վերջին 31 մրցումներուն 25 յաղթանակ արձանագրած Մինեսոթայի բոլոր մարզիկներն ալ առողջ եւ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին: Ճուլիըս Ռենտըլ շատ աւելի կէտեր կը նշանակէ եւ շատ փոխուած է Նիւ Եորք Նիքսի իր օրերէն:
Տակաւին կայ Անթոնի Էտուըրտծը, որ միշտ պատրաստ է իր լաւագոյնը տալու թէ՛ կէտեր նշանակելու, թէ՛ ալ պաշտպանելու առումով:
Արեւելեան շրջանին մէջ, Նիւ Եորք Նիքս երկար ժամանակէ ի վեր չէ տօնած ախոյեանութիւն եւ կը նկատուի «ծարաւ»:
Վերջին անգամ 1973-ին շահած էր Նիքս, եւ 5 սերունդ ետք պիտի փորձէ կրկնել այդ իրագործումը: Վերջին երեք տարիներուն Ճէյլըն Պրանսընի, Քարլ-Անթոնի Թաունզի, Օ. Ճի. Անունոպիի եւ Միքալ Պրիճզի ժամանումով Նիքս այս տարի բաւական ամբողջական խումբ ունի, որ սիրաշահած է Նիւ Եորքի համակիրները, որոնք ամէն յաղթանակէ ետք փողոցները կը փակեն… տօնելու: Նիւ Եորք իրապէս «ծարաւ» է եւ պատրաստ տիտղոսին:
Նիւ Եորքի ծարաւին դիմաց պիտի պայքարի Ինտիանա Փէյսըրզ: Ասիկա 1990-ականներու Ռեճի Միլըրի Ինտիանան չէ, բայց այս խումբը փաստեց, որ ամէն տեսակ մրցակիցի դէմ պատրաստ է պայքարելու, եւ ունի ղեկավար մը Թայրիս Հալիպըրթընի նման, որ իր խմբակիցները կը մղէ ձեռք ձգելու ոչ միայն իրենց բնական կարողութիւնը, այլեւ 110 տոկոս տալու` խումբին համար:
Իրենց առաջին 25 մրցումներուն 15 պարտութիւն կրելէ ետք ոչ մէկը յոյս ունէր, որ Ինտիանա փլէյ օֆի կրնայ հասնիլ, սակայն Հալիպըրթընի գլխաւորութեամբ Ինտիանա իր վերջին 19 մրցումներէն 15-ը շահելով ամէն ինչ յեղաշրջեց:
Էնտրու Նեմպհարտ եւ Արոն Նեսմիթ իրենց մակարդակը բարելաւած են, մինչ Փասքալ Սիսքամ, որ 2019-ին Թորոնթոյի հետ դարձած էր ախոյեան, խումբին լաւագոյն սքորըրն է 54 տոկոս յաջողութեամբ:
Թէ Ինտիանան օգտուեցաւ մրցակիցներու վիրաւորներէն` Միլուոքի Պաքսի եւ Քլիվլենտ Քեվելիրզի դէմ մրցումներուն, Նիւ Եորքի դէմ մրցումին յայտնի կ՛ըլլայ այդ մէկը: Թերեւս բախտաւոր խումբ մըն է Ինտիանան, բայց ոչ մէկը կրնայ ըսել, թէ պայքարող չէ: