ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Ան, որ ծանօթ է Մուսա Լերան ժողովուրդին, գիտէ, որ այս մարդիկ «խենթ» են: Եթէ այդպէս չըլլային, դժուար թէ մտածէին ոտքի կանգնիլ թրքական բանակին դէմ 1915-ին` մեծ մասով որսի հրացաններով զինուած:
Այո՛, մուսալեռցիները յամառ են, անվախ եւ բնազդով` քիչ մը կռուազան: Այս նկարագրային յատկանիշները պատճառ դարձան, որ 1915-ին արձանագրեն հերոսական դիմադրութիւն մը Մուսա Լերան վրայ, ուր թշնամին պարտուեցաւ, եւ Մուսա Լերան պզտիկ գիւղերը մեծցան, ինչպէս կ՛ըսէ բանաստեղծը:
1932-ին Մուսա Լերան Տամլաճըգի բարձունքին վեր խոյացաւ յաղթանակի յուշարձանը` իբրեւ վկայ լերան վրայ պատահած հերոսական դիմադրութեան: Հաւատքի եւ փրկութեան (եկեղեցի եւ նաւ) խորհրդանիշ էր յուշարձանը, որ կանգուն մնաց մինչեւ 1990-ականներու սկիզբը, շուրջ 60 տարիներ, երբ արցախեան յաղթական կռիւներուն որպէս հակազդեցութիւն` ամբողջութեամբ քանդուեցաւ անիկա թուրքերու ձեռքով:
Ուրեմն Մուսա Լերան պատմական յուշարձանը ոչ եւս է արդէն 33 տարիներէ ի վեր:
Սակայն երբ կան «խենթ» մուսալեռցիներ (եւ միշտ կան ու ամէն տեղ), անկարելի էր ընդունիլ պատմական յուշարձանի ոչնչացումը: Եւ այսպէս, Ֆրեզնոյի մէջ ապրող մուսալեռցիները որոշեցին վերականգնել Մուսա Լերան պատմական յուշարձանը իր հին տեսքով` իբրեւ արժանի պատասխան յուշարձանի քանդումին:
Այս կիրակին տօնական է ոչ միայն Ֆրեզնոյի մուսալեռցիներուն եւ հայութեան համար, այլ նաեւ` ամբողջ հայութեան եւ ի մասնաւորի բոլոր մուսալեռցիներուն համար: Կիրակի, 18 մայիս 2025-ին, կ.ե. ժամը 3:00-ին, բարձր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Քալիֆորնիոյ զոյգ առաջնորդներուն` Գեղամ արք. Խաչերեանին եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանին, բացումը պիտի կատարուի Մուսա Լերան նորակառոյց յուշարձանին, «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան մէջ: Յուշարձանը հարազատ վերակառուցումն է Տամլաճըգի յուշարձանին: Բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատանքի արդիւնք է այս յուշարձանը, որուն իրագործման համար մեծ ճիգ տարուած է:
Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան յանձնախումբը աշխուժ աշխատած է վերջին երկու տարիներուն: Պատրաստած է յուշարձանին շինարարական ծրագիրը, ապահոված է անհրաժեշտ նիւթականը, իրականացուցած է շինարարութիւնը եւ կազմակերպած` բացման հանդիսութիւնը. աշխատանքներ, որոնք բարձր գնահատանքի արժանի են:
Այս կիրակի համամուսալեռցիական տօն է: Դարձեալ բարձր հնչելու են մեր թմբուկն ու զուռնան, պար բռնելու են մուսալեռցիները եւ աշխարհով մէկ յայտարարելու են, որ մուսալեռցիները մեռած չեն հոս են եւ կանգուն, ինչպէս` հերոսական Մուսա Լեռը:
Շնորհակալութիւն այս աշխատանքը իրականացնող բոլոր հայորդիներուն` ճարտարապետին, բարերարներուն, շինարարներուն…
Իչվընէտ լօյս, աղբըրտաք ու քուրվըտաք (աչքերնիդ լոյս, եղբայրներ եւ քոյրեր):
Շի՛ւտ ապրաք: Ամըն տարա աս ուրիրէն, սաղ ու բարու մնացըք (Շա՛տ ապրիք: Ամէն տարի այս օրերուն, ողջ եւ առողջ մնացէք):
13 մայիս 2025, Այնճար