ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայերը յաճախ կը գանգատին, որ իրենք պառակտուած ազգ են` անճշդօրէն կարծելով, թէ միւս ժողովուրդները շատ աւելի միասնական են: Այս ըմբռնումը նման է պատկերին այն ընտանիքներուն, որոնք կը վիճին փակ դռներու ետին` ենթադրելով, որ իրենց դրացիները կ՛ապրին ներդաշնակութեան մէջ: Ասիկա «Խոտը ցանկապատին միւս կողմը աւելի կանաչ է» արտայայտութեան դասական օրինակ է:
Սակայն ներքին պառակտումներ կան ամէնուրեք, նաեւ` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ: Ազրպէյճանի բանտերը լեցուն են Ալիեւի վարչակարգին դէմ բողոքող ցուցարարներով եւ այլախոհներով: Միեւնոյն ատեն Թուրքիոյ մէջ միլիոնաւոր անձեր ողողեցին Պոլսոյ եւ այլ քաղաքներու փողոցները` իրենց զայրոյթը արտայայտելով մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալութեան դէմ: Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հրամայած էր բանտարկել Իմամօղլուն` այն մտավախութեամբ, որ ան կրնայ լուրջ մրցակից ըլլալ յաջորդ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն:
Հայերուն ամէնէն սխալ համոզումներէն մէկը այն է, որ հրեաները լիովին միասնական են: Իրականութեան մէջ իսրայէլական կուսակցութիւնները խորապէս բեւեռացած են, իսկ մրցակից հրեայ-ամերիկեան կազմակերպութիւնները յաճախ իրարու կը հակադրուին: Տարիներ առաջ խմբագրականով մը ես արտայայտեցի իմ համոզումս հրէական միասնութեան վերաբերեալ` գանգատելով հայերուն անմիաբանութենէն, բայց իմ այդ մօտեցումս ուղղեց «Ճուիշ Հերիթէյճ» (Հրէական ժառանգութիւն) թերթի հրատարակիչ Հըրպ Պրինը: Ան վիճարկեց, որ հրէական համայնքը ունի ներքին լուրջ հակասութիւններ, որոնց կարգին` ղեկավարներու միջեւ դատեր եւ բռնութեան դէպքեր: Վառ օրինակ է 1995-ին Թել Աւիւի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Իցհաք Ռապինի սպանութիւնը` ոչ թէ պաղեստինցիի, այլ իսրայէլացի հրեայի մը կողմէ:
Հրէական անմիաբանութեան ամէնէն ծայրայեղ դէպքը, թերեւս, տեղի ունեցաւ 2008-ին, երբ Նիւ Եորքի մէջ տասնեակ մը ծայրայեղ ուղղափառ ռապպիներ հանդիպում ունեցան Իրանի օրուան նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ` ՄԱԿ-ի մէջ անոր կողմէ «սիոնական մարդասպանները» դատապարտելէ մէկ օր ետք միայն: Այս ռապպիները այն կարծիքին են, որ Իսրայէլի պետութիւնը պէտք է կործանի` համաձայն Թորայի, որ կ՛արգիլէ հրէական պետութեան ստեղծումը մինչեւ Մեսիային գալուստը: Անոնք նոյնիսկ կ՛աջակցին Պաղեստինի ինքնիշխանութեան` Սուրբ Երկրին վրայ:
Հանդիպման ընթացքին Իրանի նախագահը սիոնականութիւնը բնութագրեց իբրեւ քաղաքական շարժում մը, որ «կը ձգտի հարստութեան եւ իշխանութեան»` արտայայտելով իր փափաքը, որ` «Աստուծոյ կամքով անիկա շուտով պիտի ոչնչացուի»: Խումբի աւագ ռապպի Մոշէ Պեր Պեք Ահմատինեժատին ըսաւ. «Մեզի համար շատ ուրախալի առիթ է ունենալ պատիւն ու առանձնաշնորհումը տեսակցելու նման նշանաւոր անձնաւորութեան մը հետ, որ կը հասկնայ տարբերութիւնը սիոնականութեան եւ յուդայականութեան միջեւ»: Մանհեթընի պանդոկին մէջ կայացած հանդիպումէն ետք Ահմատինեժատ լուսանկարուեցաւ ռապպիներուն հետ:
Թուրք ամերիկացիները եւս լուրջ պառակտումներու դէմ յանդիման են: Վերջերս մեծ վէճ մը ծագեցաւ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարին (ATAA) եւ Թուրքիոյ դեսպան Սետաթ Օնալի միջեւ: Թուրք-ամերիկեան մեծագոյն կազմակերպութիւնը` Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը, ունի աւելի քան 50 մասնաճիւղեր ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ, կը գումարէ տարեկան համաժողով եւ տօնախմբութիւն, որ` «Կը համախմբէ` Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարին անդամները, թուրք ամերիկացիները, համայնքային ղեկավարներն ու մտաւորականները` Միացեալ Նահանգներու տարածքէն, Քանատայէն եւ Թուրքիայէն», ըստ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի կայքին:
Վըրճինիա նահանգի Արլինկթըն քաղաքի «Ուեսթին քրիսթըլ» պանդոկին մէջ 2-3 մայիս 2025-ին կայացան այս տարուան համաժողովն ու տօնախմբութիւնը, որուն յաջորդեց մայիսի 4-ի Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի ընդհանուր ժողովը: Մայիս 2-ի երեկոյեան ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ «Քափիթըլ հաուս»-ի շէնքի կրթութեան ենթայանձնաժողովի լսումներու սենեակին մէջ: Հանդիպումներէն մէկուն խորագիրն էր` «Հայկական սփիւռքին հետ առնչուիլը. մարտահրաւէր մը, որուն դէմ յանդիման կանգնած են թուրք-ամերիկացիներ»: Գլխաւոր բանախօսը Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի նախկին նախագահ (2011-13) եւ ներկայիս հոգաբարձու Էրկուն Գիրլիգովալին էր, որ նշանաւոր է իբրեւ Ցեղասպանութիւնը ժխտող: Տարիներ առաջ Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովի Հայոց ցեղասպանութեան հարցերով յանձնաժողովին կողմէ կայացած լսումներուն ընթացքին ան սարսափելի մատնանշում մը կատարեց` ըսելով. «Եփրատ գետի ձուկերը կը թքէին հայկական աչքեր»:
Այս տարի ծագած լուրջ խնդիրը պառակտում յառաջացուց Թուրքիոյ դեսպան Սետաթ Օնալի եւ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարին միջեւ, որ 19 մարտ 2025-ին հրապարակաւ յայտարարեց, թէ` «Խստօրէն կը դատապարտէ եւ կը բողոքէ Պոլսոյ քաղաքապետարանի ժողովրդավարական կերպով ընտրուած քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի անարդար կալանքին դէմ: Քաղաքական դրդապատճառներով այս գործողութիւնը ուղղակի յարձակում է ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ թուրք ժողովուրդին հիմնարար իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն վրայ»:
Թուրք դեսպանները սովորաբար կը մասնակցին Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի տարեկան համաժողովին եւ հանդէս կու գան հիմնական ելոյթով: Սակայն դեսպան Օնալը Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարին կողմէ քաղաքապետ Իմամօղլուի ձերբակալութեան վերաբերեալ թրքական կառավարութեան քննադատութենէն ետք չեղեալ յայտարարեց համաժողովին իր մասնակցութիւնը:
19 ապրիլ 2025-ին Իպրահիմ Քուրթուլուսը, որ ինքզինք կը նկատէ թուրք «համայնքային գործիչ», դեսպան Օնալին ուղղուած նամակին մէջ ողջունեց Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի համաժողովէն անոր հեռացումը: Քուրթուլուս նաեւ քննադատեց համագումարը` «հակաթրքական տրամադրութիւն» որդեգրելուն եւ խթանելուն համար, որ պատճառ պիտի ըլլայ` «Միջազգային բնագաւառին մէջ Թուրքիոյ անօրինականացման»:
Քուրթուլուսի նամակին «Թրքական ֆորում»-ի կայքին մէջ տեղադրուելէն քանի մը օր ետք Մուրատ անունով այլ թուրք ամերիկացի մը` արտայայտելով իր անհամաձայնութիւնը Քուրթուլուսի, պատասխանեց «Թրքական ֆորում»-ին մէջ. «Ի՜նչ անհեթեթ նամակ: Դուք կը շփոթէք պետութեան ու երկրի շահերը միանձնեայ կառավարման շահերուն հետ, վարչակարգ մը, որ այլեւս լիարժէք ժողովրդավարական չէ եւ աւելի ու աւելի կը ճնշէ իր ժողովուրդը: Դեսպանը պարզապէս վերածուած է այս միանձնեայ կառավարման գործիքի` բնականաբար պառակտիչ քաղաքականութիւնը ընդարձակելով ովկիանոսէն անդին»:
Ամփոփելով` պէտք է ըսել, որ հայերը ներքին պառակտումներու դէմ յանդիման կանգնելու առումով առանձին չեն: Այնուամենայնիւ, նկատի ունենալով Հայաստանի դիմաց ծառացած գոյաբանական սպառնալիքները, միասնութիւնը ներկայիս աւելի կարեւոր է, քան երբեւէ: Ինչպէս 17-րդ դարուն դիպուկ կերպով ըսած է Մարքօ Անթոնիօ տէ Տոմինիսը. «Էականի մէջ` միասնութիւն, անկարեւորին մէջ` ազատութիւն»: