ՅՈՎԱԿԻՄ Ս. ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Քեզ հարիւր անգամ զգուշացուցի… Ըսածներս հարիւր անգամ կրկնեցի… Հարիւր… Շարքը երկար է… Երեք թուանշանով թիւ մըն է «ՀԱՐԻՒՐ»-ը, սակայն այս պարագային հարցը կը վերաբերի հայկական կրթօճախներու հիմնադրութեան հարիւրամեակին: Խօսքս Հալէպի Ուսումնասիրաց վարժարանին ու Կրթասիրաց վարժարանին հարիւրամեակին մասին է:
Շրջանին մէջ տիրող կացութեան պատճառով չիմացանք, թէ նշեալ վարժարաններուն հիմնադրութեանց հարիւրամեակին առիթով ձեռնարկներ կազմակերպուեցա՞ն, թէ՞ ոչ, կամ` Կրթասիրացի հին կամ նոր շրջանաւարտներէն մէկն ու մէկը յիշե՞ց (յուշեց), թէ՞ ոչ…
Ի դէպ, այս մասին կ՛արժէ մէջբերել արաբական առածը, որ սորված էինք արաբերէն լեզուի շարադրութեան մէջ, որուն նիւթը հետեւեալն էր. «Դպրոց մը բացողը բանտ մը գոցած կ՛ըլլայ» (Ման ֆաթահա մատրասաթան, աղլաքա սիճնան):
Կրթասիրաց վարժարանը ունէր երկու բաժին` աղջկանց ու տղոց բաժիններ: Առաջինը` Զոքաք Արպային թաղին մէջ, իսկ երկրորդը` հարիւր մեթր անդին Վեքիլիէ թաղին մէջ, Մուխթարին տան դիմացը:
Աղջկանց բաժինը արաբական հին պալատ մըն էր լայնատարած բակով: Վստահաբար իշխանի մը կամ մեծահարուստի մը պալատը եղած էր: Արեւելեան կողմը բաւական մեծ «լիվան» էր, երկու կողմերը` մէկական սենեակ. աջ կողմի սենեակը ուսուցչարանն էր, իսկ ձախ կողմը` նախապատրաստական դասարանը: Արեւմտեան ու հիւսիսային կողմերը` չորսական սենեակ: Հիւսիսային սենեակներուն տակը մառանն էր, որ կը ծառայէր որպէս ճաշարան` առտուն կաթ խմող աշակերտ-աշակերտուհիներուն, կէսօրին որպէս ճաշարան` տուն չգացող աշակերտուհիներուն, իսկ կիրակի օրերը` փինկ-փոնկի սրահ:
Հարաւային պատն ի վեր, մօտ քառասուն աստիճաններուն գագաթը, արեւմտեան կողմի սենեակներուն վերեւը հսկայ սրահ մըն էր, որ կը ծառայէր որպէս մանկապարտէզ` չորս բաժիններով` Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ: Դասարանները իրարմէ բաժնուած էին վարագոյրներով, որոնք կը բացուէին տօնակատարութեանց կամ երգեցողութեան պահուն: Սրահին պատուհանները բակին կողմն էին: Այդ պատուհաններէն մէկը կը ծառայէր որպէս աթոռ, երբ մանկապարտիզպանուհի տիկին Աղաւնի Ֆըսթըգճեանը նուագէր Այնթապէն բերուած երգեհոնը: Սրահին մէջտեղը կար նաեւ դէպի փողոց նայող փայտաշէն յաւելուած պատշգամի մը` մանտալուն, որ հաւանաբար տանտիրոջ հանգստարանն էր կամ ընդունարանը: Առաստաղին զուգահեռ` կային ոսկեայ տառերով արաբերէն գրութիւններ, զորս չէինք կրնար կարդալ: Հաւանաբար` իմաստալից առածներ կամ սուրբգրային խօսքեր:
Տղոց բաժինը դարձեալ արաբական մեծ տուն մըն էր (սակայն` ոչ աղջկանց չափ): Արեւելեան կողմի մեծ սենեակը վեց աստիճաններով բարձր էր միւս դասարաններէն. այս սենեակին տակը մառանն էր, որ կը ծառայէր որպէս բնակարան` տնտես հայրիկին. հարաւային կողմը` չորս սենեակ ու պզտիկ ածխանոց մը, հիւսիսային կողմը` երկու դասարաններ: Մէկը` տեսչարան, իսկ խոհանոցին կողմի սենեակը` ուսուցչարան:

«Աստ հանգչի օր. Պէաթրիս Տէր Սարգիսեան Ծ. Այնթապ. 18-07-1937. Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանին աշակերտները կը կանգնեն այս տապանը ի յիշատակ իրենց վաստակաւոր մանկապարտէզուհիոյն: Օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը»:
Երբ «ՄԷԿ ԴԱՐ» ըսենք, անմիջապէս պիտի հասկնանք հարիւր տարիներու վրայ երկարող ժամանակահատուած մը: Այսինքն Այնթապի կրթասիրաց վարժարանին հիմնադրութենէն (1924) սկսեալ անցած են հարիւր տարիներ: Սակայն ի՞նչ կը նշանակէ հարիւր տարին Կրթասիրաց վարժարանի պարագային: Թուաբանական հաշիւներով հարիւր տարին կը նշանակէ ինն հարիւր դպրոցական ամիս, երեք հազար վեց հարիւր ուսումնական շաբաթ, քսանմէկ հազար վեց հարիւր ուսումնական օր, կամ հարիւր քառասունմէկ հազար երկու հարիւր ուսումնական պահ, ու առանց հաշուելու կիսաւարտ աշակերտներուն թուաքանակը, տարեկան միջին հաշուով քսանհինգ շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ հաշուելով` կը ստանանք առնուազն երկու հազար հինգ հարիւր կրթուած երկսեռ շրջանաւարտներու պատկառելի փաղանգ մը, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ` այնթապցի:
Վստահաբար իւրաքանչիւր վարժարան կամ միութիւն ունի իր նշանաբանը: Կրթասիրաց վարժարանին նշանաբանը մուգ կապոյտ թաւշեայ պաստառ մըն էր` զետեղուած ուսուցչարանին պատին վրայ. ծաղիկներ, մանուկներ եւ նախադասութիւն մը` «ՄԱՆՈՒԿ ՄԸ ԿՐԹԵԼ` ԱԶԳ ՄԸ ԿՐԹԵԼ Է»:
Օրին չէի հասկցած այդ խորիմաստ նշանաբանին իմաստը, որովհետեւ չէի կրնար պատկերացնել մանուկին ու ազգին միջեւ գտնուող կապը: Սակայն տարիներ ետք, երբ ծանօթացայ արաբական բանաստեղծութեան իշխան Ահմատ Շաուքիին մայրերու մասին գրուած բանաստեղծութեան ընդմէջէն` «Մայրը դպրոց մըն է, եթէ զինք պատրաստես, պատրաստած կ՛ըլլաս բարի սովորութիւններով զինուած ԱԶԳ մը», հասկցայ վարժարանիս հիմնադիրներուն կողմէ դրուած նշանաբանին իմաստը:
1950-1960 թուականներուն տղոց բաժնին մէջ պաշտօնավարած ուսուցչական կազմէն կը յիշեմ պարթեւահասակ ու պատկառելի տնօրէնը` Գրիգոր Պօղարեանը, իր յաջորդը` տնօրէն Արմէն Տէր Պետրոսեանը, գանձապահ ու երգի ուսուցիչ Պետրոս Տէր Պետրոսեանը (Պետրոս խոճա), որ բոլորին սորվեցուցած է Այնթապի քայլերգը` «Հեռու կեցէք, դուք վախկոտներ», թուաբանութեան ուսուցիչ Յովակիմ Պագգալեանը (Յովակիմ խոճա) իր արդուկուած կարմիր ֆէսով, թուաբանութեան եւ հայոց լեզուի ուսուցիչ Մարտիրոս Մարտիրոսեանը, պրն. Մկրտիչը` իր հեծանիւով, զոր կը կապէր տեսչարանին կից պզտիկ ածխանոցին մէջ, քեսապցի պրն. Նուպարը, պրն. Նուպար Յակոբեանը, որ Եմէնի մէջ գործող ՄԱԿ-ի գրասենեակին տնօրէնութեան հրաւիրուեցաւ, կրթական նախարարութեանը կողմէ առաքուած արաբերէնի ուսուցիչ ուսթազ Պեքրին, ուսթազ Կապի Ալթունճին, անգլերէնի ուսուցչուհի Ալիս Գույումճեանը, որ հետագային ուսուցչական պաշտօնի կոչուեցաւ Հալէպի համալսարանի երկրաչափութեան բաժանմունքին մէջ, մարզանքի ուսուցիչ սկաուտապետ Լեւոն Աբգարեանը` ամառ թէ ձմեռ կարճ տաբատով ու կէս թեւ շապիկով:
Ի դէպ, յիշեմ, որ ուսուցչական կազմը քաջ գիտակից էր իր առաքելութեան` զինուած երեք «զէնք»-ներով. տնօրէնութեան վստահութեամբ, ծնողներուն «Միսը քեզի, ոսկորը ինծի» արտայայտութեամբ տրուած վստահութեամբ ու «կախարդական գաւազան»-ով, «Ով ոչ լուիցէ բանին, լուիցէ գանիւ» (ան, որ խօսքով չի հասկնար, կը հասկնայ գաւազանով): Արդար ըլլալու համար պէտք է խոստովանիլ, որ ուսուցիչները ծեծի կը դիմէին բացառաբար ծանր պարագաներուն եւ ոչ թէ ծեծած ըլլալու սիրոյն:
Իսկ աղջկանց բաժնին մէջ պաշտօնավարած ուսուցչական կազմէն կարելի է յիշել աւագ ուսուցչուհի Սիրանուշ Էլէյճեանը, որ ամէն երկուշաբթի առաւօտ «լիվան»-ին անկիւնը ծուարած` Այնթապէն բերուած ժամացոյցը կը լարէր, կրօնի ուսուցչուհի Վարդուհի Իսկէտէրեանը, թուաբանութեան ուսուցչուհի Հելէնը, երգի ուսուցչուհի Արաքսի Գալեմքերեանը, ֆրանսերէնի ուսուցչուհի Շուշանը, արաբերէնի ուսուցչուհի Տալալ Խապպազը, Լորեթ Հալլաքը:
Քանի որ խօսքը աղջկանց բաժնին մասին է, պարտաւոր ենք յիշել ՄԱՆԱՒԱՆԴ Այնթապի Կրթասիրաց մանկապարտէզին երախտաշատ ուսուցչուհիները` յանձին մանկապարտիզպանուհի Աղաւնի Ֆըստըգճեանի (ՀԵԿ դպրոցներու երկարամեայ տեսչուհի), Մարիամը, Զարմանը, Աշխէնը, Սիրարփին, արաբերէնի ուսուցչուհի Եոլանտը, որոնք այնքան գուրգուրանքով ուսումնատենչութեան հիմքը կը դնէին մատղաշ սերունդի մտքին ու հոգիներուն մէջ:
Հալէպի ցուրտ ամիսներուն դասարաններուն ջեռուցումը մինչեւ 1956 թուական կը կատարուէր փայտածուխի կրակարաններու միջոցով: Իւրաքանչիւր դասարանի դասարանապետը պարտաւոր էր ժամը եօթնին ապահովել կրակարանին ածուխներու բոցավառումը` աշակերտներուն հասնելէն առաջ: 1956 թուականին զետեղուեցան մազութով վառարանները, որոնց վառելու աշխատանքը նոյնպէս դրուած էր դասարանապետներու ուսերուն, ամէն շաբաթ` փոխն ի փոխ:
Վարժարանիս աշակերտութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զանազան դասակարգի այնթապցի ծնողներու զաւակներ էին, որոնք նոյնիսկ հեռաւոր Մէյտանէն, Զէյթուն խանէն, Պոսթան փաշայէն առտու-իրիկուն անձրեւին, բուքին ու սառնամանիքին քալելով կու գային եւ կը վերադառնային` առանց դժգոհութեան կամ օֆ-փուֆի: Կային նաեւ դպրոցին թաղին մէջ բնակող ոչ այնթապցի աշակերտներ, որոնք այնթապցի աշակերտներուն համար ղարիպ էին: Ի դէպ, տողերուս հեղինակն ալ ղարիպ էր…
Դպրոցական օթոքարը սկսաւ գործել 1953-ին: Վարժարանը ունեցաւ իր երկրորդ օթոքարը 1958-ին, սակայն անոնք որոշ չափով ունեւոր ծնողներու զաւակներուն երթուդարձին կը ծառայէին:
Կրթասիրաց վարժարաններուն օրը կը սկսէր ժամը եօթն ու կէսին «Առաւօտ լուսոյ» երգով, Մեծ պահքի շրջանին` «Լոյս Արարիչ լուսոյ» կամ «Յարեւելից» երգով, որուն սկսելու մենաշնորհը Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ դպրութիւն ընող աշակերտին էր: Ապա կ՛երգուէր սուրիական քայլերգը` «Հումաթ էտտ տիար»-ը, հուսկ` վարժարանին քայլերգը: Դժբախտաբար մոռցած եմ վարժարանիս քայլերգին բառերը, սակայն կը յիշեմ միայն վերջին երկու տողերը. «Օ՛ն, մաղթենք երկինք, կեանք ջանք անվախճան` համայն պաշտպանաց մեր Կրթասիրաց, մեր Կրթասիրաց»:
Վարժարանին տնօրէնութիւնը նախանձախնդիր էր նաեւ աշակերտներուն սորվեցնելու իւրաքանչիւր կրօնական տօներուն յատուկ շարականներն ու աղօթքները:
Կրթասիրաց վարժարանին առաքելութիւնը չէր վերջանար շաբթուան վեց օրերուն ընթացքին ուսում ջամբելով, այլ կը կազմակերպուէին նաեւ մարզական խաղեր` շաբաթ կէսօրէն ետք: Իսկ կիրակի օրերը, առտուընէ մինչեւ կէսօր, աղջկանց բաժնին մէջ կը հաւաքուէին նախկին շրջանաւարտները` գրադարանէն գիրք վարձելու, փինկ-փոնկ, վոլէյպոլ, պասքեթպոլ խաղալու. ի միջի այլոց, ունէին պասքեթպոլի մարզուած խումբ մը, զոր կը մարզէր բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած Ամմօ Տիգրանը (Տիգրան Պետիրեան): Կրթասիրացի շրջանաւարտները ունէին նաեւ քառաձայն երկսեռ երգչախումբ` ղեկավարութեամբ հանգուցեալ դպրապետ Ժիրայր Իսկէնեանին: Այս երգչախումբը յիսունական թուականներուն ելոյթներ ունեցած էր Կրթասիրաց վարժարանին աղջկանց բաժնին բակին մէջ ու ՀԲԸՄ-ի Լ. Նաճարեան – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի սրահին մէջ:
Վաթսունական թուականներու վերջերուն գաղափարը յղացուեցաւ նոր եկեղեցւոյ մը եւ նոր վարժարանի մը կառուցման: Օրուան քահանայ հայրերուն nւ թաղականութեան ջանքերը ուղղուեցան եկեղեցւոյ շինարարութեան, իսկ վարժարանին հոգաբարձութեան եւ Երիտասարդաց օժանդակ վարչութեան ջանքերը ուղղուեցան նոր վարժարանի շինութեան` մէկ հողաշերտի վրայ, որ գնուած էր Վիլլաներու շրջանին մէջ:
Շնորհիւ բարերարներու նուիրատութեանց ու ժողովրդային մասնակցութեան, հոգաբարձութեան անդամներուն ու Երիտասարդաց օժանդակ վարչութեան անդամներու ջանքերուն` կարելի եղաւ կառուցել Ս. Աստուածածին եկեղեցին ու Այնթապի Կրթասիրաց վարժարանը: Տեղին է նշել, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գծագրութիւնները սիրայօժար ու անվճար կերպով տրամադրուեցան այնթապցի ճարտարապետ Գէորգ Գարաճըրճեանին կողմէ` Պէյրութէն:
Հոգաբարձութեան որոշումով (առանց վիրաւորելու բարերար Կարապետ Աղա Յարութիւնեանին ու ընտանիքին համեստութիւնը) մանկապարտէզը կոչուեցաւ Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզ: Տարիներ ետք նախակրթարանը պիտի դառնար միջնակարգ վարժարան, ապա երկրորդականի մակարդակով` Կրթասիրաց երկրորդական վարժարան` Գ. Չեմպէրճեանի բարերարութեամբ:
Կրթասիրաց վարժարանին հարիւրամեակին առիթով համեստօրէն կու գամ շնորհակալութիւնս յայտնելու այնտեղ անցուցած տասը տարիներու իմ ուսանողութեանս համար, ու շնորհաւորել Կրթասիրաց վարժարանը` մաղթելով երկրորդ հարիւրամեակ մը` նորանոր վերելքներով ու յաջողութիւններով:
Թող այս գրութիւնս համեստօրէն ըլլայ երախտագիտութեան տուրքս` Այնթապի Կրթասիրաց վարժարանին, հանգուցեալ հիմնադիրներուն ու այնտեղ պաշտօնավարած (ու պաշտօնավարող) ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հանդէպ:
Պէյրութ, 4 օգոստոս 2025