Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Խորտակե՛լ Լուացքի Մեքենան…

Օգոստոս 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի մէջ դարձեալ գործի լծուած է հին լուացքի մեքենայ մը, որուն վաճառանիշն է ՔՊ եւ կ՛օգտագործուի ժողովուրդին ուղեղները լուալու համար: Մեքենային կափարիչին վրայ հիմա գրուած է Ուաշինկթընեան համաձայնագիր, կողքին` Թրամփի ճամբայ, ետեւը… Ազրպէյճանի բոլոր պահանջներուն ենթարկուիլ: Սակայն վերջին ցանկը ետեւը ըլլալով` հեռու կը պահուի հասարակութեան աչքէն:

Մեքենան կը գործածեն վարչապետ կոչեցեալն ու Ուաշինկթըն գացող-եկողները, նաեւ` Երեւան մնացողներ: Նոյն «առաքելութեան» լծուած են իշխանութեան բոլոր մանկլաւիկները, որոնց շարքին, եւ դժբախտաբար, իրենց անունը կ՛արձանագրեն կարգ մը մասնագէտներ, հմուտ մարդիկ, որոնք կարճ ատեն մը առաջ արդար եւ սուր քննադատութիւններ կ՛ուղղէին ՔՊ-ական իշխանաւորներու ձախաւեր ընթացքին, ցոյց կու տային, թէ Ազրպէյճանի հետ շինծու, անրջային խաղաղութիւն հետապնդելը ինչպիսի՜ կորուստներու պիտի առաջնորդեն հայրենիքն ու ազգը: Եւ անոնց մտավախութիւնները ճիշդ դուրս եկան մէկ առ մէկ…

***

Ուաշինկթընեան հանդիպումի նախօրեակին իսկ, եւ մեկնելով «փախուստ տուած» լուրերէ (եւ, ի՜նչ հեգնանք, «փախուստ»-ին առաջին աղբիւրը ազերիական էր, եւ անիկա ճիշդ դուրս եկաւ` աւելի՛ աղաղակող դարձնելով ՔՊ-ական իշխանութեան «գաղտնապահութիւնը», յիշեցում եղաւ, որ ասոնք խոստացած էին ժողովուրդէն գաղտնի եւ ի վնաս հայրենիքին ոչի՛նչ ընել), բանիմաց եւ կշռադատող մարդիկ` քաղաքագէտ, դիւանագէտ, տնտեսագէտ թէ այլ բնագաւառներու մէջ քիթէն անդին տեսնողներ դարձեալ ահազանգեցին, թէ իշխանաւորն ու գործակիցները նոր աղէտի կը տանին երկիրը: Նախատեսութիւններ մեծ մասամբ ճիշդ դուրս եկան, ինչպէս որ ճիշդ դուրս եկած էին 44-օրեայ պատերազմէն առաջ ու անկէ ետք մատնանշուող աղէտները, վնասաբեր քայլերը: Անոնք զգուշացուցին Արցախի կորուստին մասին, ուղեղները իշխանաւորներու լուացքի մեքենային յանձնածները չհաւատացին, թերահաւատ մնացին, մինչեւ անգամ երբ Արցախը ամբողջութեամբ կորսուեցաւ եւ հայաթափուեցաւ, որովհետեւ իշխանախումբը, եւ ո՛չ թէ «նախկինները»,  Արցախը ճանչցան իբրեւ Ազրպէյճանի մէկ մասը: Նոյն ծանծաղամիտ թերահաւատութիւնը գերիշխող մնաց, երբ նոր կորուստներու փաստեր շղթայ կազմեցին տարբեր գիծերու վրայ` սկսելով սահմանային գօտիներու կորուստէն, նոյնինքն Հայաստանի տարածքէն ուղղակի եւ անուղղակի բռնագրաւումներէն մինչեւ բանակի, դիւանագիտութեան ու տնտեսութեան կալուածներուն մէջ նահանջները: Ողբերգականօրէն ծիծաղելին այն էր, որ իւրաքանչիւր կորուստ ժողովուրդին կը հրամցուէր` «Տեսէ՛ք, թէ ի՜նչ նուաճում ըրինք»-ի յոխորտանքով: Նոյնը կ՛ըլլայ հիմա: Այլ խօսքով, նուաճո՜ւմ էր Արցախի յանձնումն ու Ազրպէյճանի մաս ճանչնալը, նուաճո՜ւմ եղաւ արցախցիներու բռնագաղթն ու մայր հայրենիքին մէջ իրողական անտիրութիւնը, նուաճումներու շարքին եղան բանակին թուլացումը, դիւանագիտական անդամալուծութիւնը, տնտեսութեան այս կամ այն կալուածին մէջ նահանջներն ու կորուստները: Փանջունին իսկ նախանձով պիտի լսէր այս բոլորը…

Հիմա, 8 օգոստոսէն ասդին, նոյն «տրամաբանութիւնը» դարձեալ կը բանի իշխանաւորին ու մանկլաւիկներուն սուտ քարոզչութեան ճամբով: Դարձեալ բանիմաց մարդիկ (չկրկնենք մասնագիտութիւններուն շարքը) «մատները մարդոց աչքին կոխելու» մօտեցումով ցոյց կու տան, որ Թրամփի իրաւարարութեամբ եւ սկզբնատառերով ստորագրուած համաձայնութիւնը լիարժէք… նոր աղէտ է Հայաստանի ու հայութեան համար: Մէկ չէ, երկու չէ, այլ բազմաթիւ իրազեկներ ու մասնագէտներ բզիկ-բզիկ կ՛ընեն ծանօթ փաստաթուղթը, յօդուածները մէկ առ մէկ կը պարզաբանեն (գրուածին խորքը կը թափանցեն)` ցոյց տալու, որ անիկա խաղաղութիւն պիտի չբերէ, շահաբեր պիտի չըլլայ Հայաստանի համար (իսկ եթէ ամերիկացիք ու ազերիները, թուրքերուն հետ մէկտեղ, շահեր ապահոված են, այդ կը նշանակէ, որ Հայաստանն ու հայութիւնը արդէն նոր կորուստի ճամբան բռնած են): Այս զգուշացումները, աղաղակող փաստերու ցանկագրումն ու աւելի եւս մթագնող հորիզոնները ոչինչ կ՛ըսեն իրենց ուղեղները իշխանաւորներու լուացքի մեքենային յանձնած` այլապէս բարեմիտ զանգուածին: Եւ երեւակայե՜լ, որ դարձեա՛լ կը հնչեն այն տեսակէտները, թէ` հասած է 9 նոյեմբերի յայտարարութեան… երանի տալու օրը:

***

Ահազանգին աղբիւրը կը կոչուի ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՃԱԿԱՏ, որուն մաս կը կազմեն` խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական միաւորներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, մինչեւ իսկ այս իշխանութեան մեքենային մէջ դեր խաղացած (այժմ նախկին դարձած) քաղաքական, դիւանագիտական դէմքեր եւ տնտեսագէտներ, որոնք պահ մը մաս կազմած էին «ուսապարկերու» փաղանգին:

Եւ կը ծագի հարցում մը: Ի՞նչ է պատճառը, որ իշխանաւորներու մեքենան տակաւին յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ: Պատճառները բազմաթիւ են, ունին ներքին եւ արտաքին ազդակներ:

Ներքին ազդակներէն գլխաւորը այն է, որ հայրենիքի շահերուն պաշտպանները, վտանգները ցոյց տուողները առանց այլեւայլի կը դրուին «նախկիններ»-ու ցանկին մէջ, հոգ չէ թէ, ինչպէս նշեցինք, անոնք մինչեւ երէկ մաս կը կազմէին վարչամեքենային: Անոնց կը փակցուի «հակայեղափոխական» պիտակը, որ, ի՜նչ զարմանք, համահունչ է ազերիներուն հռչակած «ռեւանշիզմ»-ին: Ու «մաքրաջրուած» ուղեղով մարդիկ (եւ թող ո՛չ ոք փորձէ զանոնք անմեղ նկատել) առանց բանականութիւն գործածելու` կը մերժեն այդ ցանկերուն վրայ ԲՈԼՈՐ արձանագրուածները: Հարց չեն տար, թէ սա «նախկիններուն» օրով չէ՞ր, որ Հայաստանի անկախութիւնը վերահաստատուեցաւ (այսօր աղաղակող վտանգներու տակ են` անկախութի՛ւնն ալ, ինքնիշխանութի՛ւնն ալ, պետականութի՛ւնն ալ, հայրենի՛քն ալ…), Արցախի ազատամարտը մղուեցաւ, Արցախը իրողապէս վերամիացաւ մայր Հայաստանին, որուն տարածքը արիւնով ու պայքարով դարձաւ 42 հազար քառ. քմ, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցուեցաւ, Մինսքի (երէկ լուծարքի ենթարկուած) խումբը տասնամեակներ շարունակ գործեց յարմարագոյն լուծումի մը հասնելու ի խնդիր` առանց խախտելու արցախցիներու հողային եւ մարդկային-քաղաքական իրաւունքները (որոնց վրայ Ուաշինկթընի մէջ փորձեցին պաշտօնական տապանաքար մը դնել): «Նախկիններ»-ու շրջանին, Հայաստանի հորիզոնները պայծառ ու վարդագոյն չէին, սակայն մէկ բան վէճ չի վերցներ. ՀՈՂԱՅԻՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ-ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ-ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ գետիններու վրայ ՔՊ-ականներու բերած կորուստները չունեցանք: Անշուշտ ցաւալի կէտ մըն ալ այն է, թէ նոյն մտահոգութեամբ լեցուածները ինչո՞ւ չեն կրնար գտնել այս կացութենէն միասնաբար դուրս գալու տարազը…

Արտաքին ազդակներէն գլխաւորը, եւ ճնշողն ու գերակշռողը, այն է, որ ՔՊ-ականներու պարտուողական, կորստեան տանող քայլերը ունին զօրակիցներ, հովանաւորներ ու պաշտպաններ, առաջին հերթին` թուրք-ազերիական ճակատը, ապա նաեւ` անոնց կամրջումէն շահ սպասողները, եւ արդէն շահ ձեռք կը բերեն յիշեալ համաձայնագիրով,  մէկ խօսքով` բոլոր անոնք, որոնց աչքին Հայաստանի ու հայութեան շահերն ու ապահովութեան ակնկալիքները երկրորդական (կամ… քսաներորդական) են: Ռուսիա, Իրան, եւրոպական երկիրներ եւ դեռ ուրիշներ կրնան մտավախութիւններով խառն` ողջունող արձագանգներ ունենալ, մտածելով, որ եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը, եւ անոր սուտերուն հաւատացող զանգուած մը, անտարբեր կը մնայ կորստաբեր երթին հանդէպ, իրենց ի՜նչ հոգն է ըլլալ… հայէն աւելի՛ հայ, Հայաստանի ու հայութեան շահերուն աւելի՛ նախանձախնդիր, պաշտպան: Եւ ճիշդ կ՛ըսէր մեկնաբան մը, թէ` դրացիի ու բարեկամի համար, նոյնինքն Հայաստանի կողմէ ընդունելի նկատուող կորստաբեր ուղին… իրենց ուսէն հոգ մը կը պակսեցնէ: Բայց չէ՞ որ ՔՊ-ական իշխանութիւնն ալ Արցախը Ազրպէյճանի նուիրելով` հսկա՜յ բեռ մը թօթափեց իր ուսերէն, յետոյ ալ յոխորտաց, որ «Արցախը տուինք ու Հայաստանը շահեցանք». Հիմա կարգը եկած է Հայաստանն ալ մաս առ մաս թօթափելու, այդ ալ կը ներկայացնեն իբրեւ «մե՜ծ նուաճում», «խաղաղութեան ճամբու բացում…»: Իրատեսը կը նկատէ, որ այս համաձայնագիրով Հայաստանը փաստօրէն կը դառնայ Ազրպէյճանի ԲՈԼՈՐ քմայքներուն ու պահանջներուն ընդառաջող, ստրկամտութիւնը կը համակէ զանգուածը:

***

Ե՞լքը: Բայց ընդդիմադիրները քանի՞ անգամ եւ քանի՞ ալիքով պէտք է ցոյց տան, որ այս բռնատիրական իշխանութեան օրով, Հայաստանի տարածքն ու հորիզոնները միայն ու միայն պիտի սեղմուին: Բանիմացն ու իմաստունը արդեօք պէտք է ճամբայ ելլեն` իրատեսութիւն, հասկացողութիւն եւ իրազեկութիւն մուրալո՞ւ տրամադրութեամբ:

Արդեօք մեր ժողովուրդը, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք, շատ աւելի բանիմա՞ց եւ քաղաքականապէս իրազե՞կ էր այն օրերուն (միայն 15 տարի առաջ), երբ գրեթէ մէկ մարդու պէս «Ո՛չ» ըսաւ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ու ձախողութեան մատնեց վտանգալից փրոթոգոլները: Նոյն ժողովուրդը չե՞նք Հայաստանի ու Արցախի մէջ, նոյն ժողովուրդը չե՞նք սփիւռքի տարածքին: Սա ի՞նչ լուացքի մեքենայ է, որ հիմնայատակ կործանեց մեր ժողովուրդի քաղաքական մտածողութիւնը, պահանջատիրութիւնը (խօսքը ընդդիմացողներուն մասին չէ բնականաբար): Խորհրդային օրերուն ալ կար լուացքի մեքենայ, բայց եկէ՛ք, չերթանք զայն ՔՊ-ականներու սարքին հետ բաղդատելու փորձութեան:

Ե՞լքը: Խորտակե՛լ ուղեղալուացքի մեքենան ու իշխանութեան բերել նախկին ու նոր հայրենապաշտպանները: Յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններու խաղն ալ պէտք է դուրս նետել լուացքի մեքենայէն ու գործել անյապաղ:

18 օգոստոս 2025

Նախորդը

Խոստացեալ Խաղաղութի՞ւն, Թէ՞ Աստիճանական Ոչնչացում…

Յաջորդը

Պալեպա Արժանի՞ Է Եունայթըտին Միանալու

RelatedPosts

35 Տարի Առաջ.  Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը Անկախութեան Հռչակագիր Կ՛ընդունէր
Անդրադարձ

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը Անկախութեան Հռչակագիր Կ՛ընդունէր

Օգոստոս 23, 2025
Ազնուական Մարդը   (Պրն. Կարպիս Թիւթիւնճեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Ազնուական Մարդը (Պրն. Կարպիս Թիւթիւնճեանի Յիշատակին)

Օգոստոս 23, 2025
Թանկագին Բարեկամիս` Ժոզեֆ Ճապրայեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով
Անդրադարձ

Թանկագին Բարեկամիս` Ժոզեֆ Ճապրայեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Օգոստոս 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?