Խորհրդային Միութեան մէջ 1986-ին, Համայնավար կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Միխայիլ Գորբաչովի նախաձեռնութեամբ, սկիզբ առաւ պետութեան վերակառուցման գործընթացը:
Արցախեան շարժումը սկսաւ 1988 փետրուարին, իսկ դեկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցաւ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը:
Խորհրդային Միութեան բաղկացուցիչ հանրապետութիւններ սկսան իրաւական քայլերու ձեռնարկել, իրենց ինքնիշխանութիւնը վերականգնելու համար: 7 ապրիլ 1990-ին ընդունուեցաւ օրէնք, որուն համաձայն, բաղկացուցիչ հանրապետութիւնները կարելիութիւն ունենան դուրս գալու Խորհրդային Միութեան կազմէն, եթէ տուեալ հանրապետութեան բնակչութեան երկու-երրորդը թեր քուէարկէ հանրաքուէին:
* * *
Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը 23 օգոստոս 1990-ին, առաջին նստաշրջանին Հայաստանի անկախութեան հռչակագիր ընդունեց:
Հռչակագիրը իրաւական կարեւոր փաստաթուղթ էր եւ բաղկացած էր 12 կէտերէ:
1.- Խորհրդային Հայաստան կը վերանուանուի Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ ունի իր զինանշանը, դրօշակը եւ քայլերգը:
2.- Հայաստան ինքնիշխան պետութիւն է, եւ հոն կը գործեն միայն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնն ու օրէնքները:
3.- Հայաստանի ժողովուրդին անունով հանդէս գալու իրաւունքը կը պատկանի Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին:
4.- Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ բնակող բոլոր քաղաքացիներուն համար կը սահմանուի քաղաքացիութիւն:
5.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի Խորհրդային Միութեան սպառազինութեան իր մասնաբաժինի իրաւունքը:
6.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը վարէ անկախ արտաքին քաղաքականութիւն:
7.- Հայաստանի տարածքին հողը, անոր ընդերքը, ձեռնարկութիւնները կը նկատուին հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը:
8.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը սեփականութեան բազմաձեւութեան հիման վրայ կը հիմնէ սեփական դրամ, ազգային դրամատուն, ելեւմտական համակարգ, հարկային եւ մասքսային ծառայութիւններ:
9.- Կ՛արտօնուի մարդու իրաւունքներու յարգում, խղճի, կուսակցութիւններու եւ մամուլի ազատութիւն:
10.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛ապահովէ հայերէնի, իբրեւ պետական լեզուի, գործածութիւնը հանրապետութեան կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ:
11.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար կը կանգնի 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին:
12.- Սոյն հռչակագիրը իբրեւ ծրագրային փաստաթուղթ հիմք կը ծառայէ մինչեւ նոր սահմանադրութեան ընդունումը:
* * *
Անկախութեան հռչակագիրին հիմամբ Հայաստանի խորհրդարանը որոշեց 21 սեպտեմբեր 1991-ին Հանրապետութեան սահմաններէն ներս հանրաքուէ կազմակերպել` Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու նպատակով: Բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը թեր քուէարկեց անկախութեան, որուն հիմամբ ալ 23 սեպտեմբեր 1991-ին Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը Հայաստանը հռչակեց անկախ պետութիւն: