ԺԱՆ ՊԱԼՃԵԱՆ
Մօրս` Սանդուխտ Գասարճեան-Պալճեանի յաճախ արտասանած խօսքերէն է վերոնշեալը: Շուրջ մէկուկէս ամիսներ առաջ ան առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ:
Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, հայրը` սիսեցի Արտաշէս Գասարճեան, մայրը` վահկացի Աղաւնի Մարգարեան: Փոքր տարիքէն ընտանեօք կը փոխադրուին Մեթնի շրջանի Պիքֆայա գիւղաքաղաքը, ուր մայրս կը յաճախէ տեղւոյն հայկական վարժարանը: Ըլլալով բացառիկ աշակերտուհի` կը խլէ դպրոցի առաջնութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք` կը ստանայ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի կրթաթոշակ: Բազմանդամ ընտանիքի զաւակ` դժբախտաբար ծնողքը չի կրնար հայթայթել իր կենսական ծախսերը, եւ ան կը կորսնցնէ այդ բացառիկ կարելիութիւնը: Սակայն իրեն առիթը կ՛ընծայուի Լիբանան այցելող Ֆրանսայի նախագահ զօր. Շարլ տը Կոլը դիմաւորել ծաղկեփունջով մը:
Փոքր տարիքէն երկար տարիներ կ՛աշխատի Պիքֆայայի ծխախոտի ընկերութեան մէջ` օգտակար դառնալով ընտանիքին: Կ՛ամուսնանայ վաղամեռիկ հօրս` մուսալեռցի արմատներով Կարապետ Պալճեանին հետ, անոր հետ կը փոխադրուի Այնճար: Շուտով կը սորվի մեր բարբառը: Կը փոխադրուին Պեյրութ ու կը ստանձնեն Մխիթարեան միաբանութեան շէնքի պատասխանատուութիւնը:
Ազգային ու քրիստոնէական դաստիարակութեան տէր եապանճօ հարսը մեզ ամէն գնով կը տեղաւորէ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան` ստանալու հայեցի դաստիարակութիւն: Մեր մայրիկը կը տիրապետէր 4 լեզուներու եւ բաւարար չափով կը խօսէր անգլերէնը: Մոլի կարդացող էր, հմուտ` օտար բառերու հայերէնի ճշգրիտ օգտագործումին: Ըլլալով թրքագէտ` 1970-80-ական թուականներուն կամաւորաբար «Ազդակ» օրաթերթին համար կը թարգմանէր թրքական թերթերու մէջ լոյս տեսած հակահայ յօդուածները: Հայրենասէր էր եւ հաւատացեալ քրիստոնեայ. մօտէն կը հետեւէր հայրենիքի, սփիւռքի ու աշխարհի անցուդարձերուն: Բացառիկ առեւտրական էր: Հետագային Պէյրութի Զոքաք Պլաթ շրջանին մէջ` հօրս հետ կը հիմնեն արծաթեղէնի վաճառատուն մը: Օրուան վարչապետ Սելիմ Հըսի կինն ու շրջանակը իր յատուկ յաճախորդներն ու ընկերուհիներն էին: Հօրս մահէն ետք մեր մայրիկը բերինք Քանատա, ուր ապրեցաւ իր բնակարանին մէջ շրջապատուած անսահման հոգատարութեամբ: Մաս կազմեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Հայ կեդրոնի երէցներու ընկերակցութեան: Պատուուեցաւ Օնթարիօ նահանգի զանազան վկայագիրներով, հովանաւորեց եկեղեցւոյ համերգներ եւ պազարներ: Առատաձեռն էր մայրս իր նուիրատուութիւններով, իսկ հաւաքներու ու պտոյտներու ընթացքին երգեցողութեամբ, բանաստեղծութիւններով եւ բառագիտութեամբ կը խանդավառէր իր շուրջ բոլորը: Իւրայատուկ էր ան իր վարք ու բարքով, միշտ մազերը յարդարուած, բծախնդիր ու ճաշակաւոր հագուածքով: Մենք կորսնցուցինք մեր գանձը, մեր աչքերու լոյսը: Իր անհանգստութեան ժամանակաշրջանին գիշեր ցերեկ իր կողքին մնացինք` յուսալով կրկին տուն վերադարձնել զինք: Մահէն երկու օր առաջ, հակառակ ծանր վիճակին, տէր Տաթեւի ձեռամբ հաղորդութիւն ստացաւ, հետեւեցաւ աղօթքին, խաչակնքեց` արտասանելով «Մեղա՜յ, Տէ՛ր»:
Քառասուն օրեր առաջ արդէն վերջին հրաժեշտ տուինք մեր առաքինի, աննման մօր` Սանդուխտ Պալճեանին, որ կը կրէ մեր ազգի առաջին քրիստոնեայ մարտիրոսուհիին անունը: Մամ, մենք քեզ շատ պիտի կարօտնանք ու շարունակենք քեզ սիրել յաւիտեան: Շնորհակալութիւն` բոլոր մեր հարազատներուն, ծանօթներուն, ընկերներուն եւ յատկապէս տոքթոր Ռազմիկ Պեպեճեանին, որ այս դժուար օրերուն մեր կողքին կանգնեցաք:
Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ Մա՛մ:
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ եւ դրախտի արժանացնէ քեզ: