ՄԵՍՐՈՊ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
Թանկագին բարեկամս ու անգին եղբայրս` Ժոզեֆ,
Չէի կրնար պատկերացնել, որ օր մը, մահուանդ` քառասունքին առիթով, ինծի բաժին պիտի իյնար այս քանի մը անշուք բառերը գրելու իբրեւ դամբանական:
Քու վաղահաս ու անսպասելի մահդ մեզ բոլորս ցնցեց ու անակնկալի առջեւ դրաւ` քար լռութեան մատնելով մեր սրտերը:
Բայց այդ լռութեան մէջ ալ սրտիս խորքէն կը տեսնեմ քու ժպիտդ, կը լսեմ քու ձայնդ եւ անսահման սէրդ, զոր բաշխեցիր իբրեւ եղբայր եւ սկաուտ:
Սրտի պարտք համարեցի գոնէ հրաժեշտի երկու խօսք գրել` վերյիշելու համար այն գեղեցիկ ու պայծառ անցեալը, որ միասին անցուցինք ըլլայ Սուրբ Մեսրոպի արիներու շարքերուն մէջ եւ աւելի ուշ մեր ընտանիքներու կապերուն ու ջերմ յարաբերութեան ճամբով:
Ընտանեօք խրախճանքներու մասնակցեցանք, անվերջ շաբաթավերջեր կազմակերպեցինք, ուրախ եւ տխուր պահեր ապրեցանք, ու մեր զաւակները մեծ յարգանքով եւ սիրով քոյր ու եղբօր պէս մեծցան միասին:
Սրտիս խորէն կը գրեմ այս տողերը: Այսօր կը բաժնուիմ անձէ մը, որ ոչ միայն բարեկամ էր, այլ` հոգեհարազատ եղբայր մը: Կեանքիս մէջ կը համարեմ օրհնութիւն մը, որ իրեն նման անձ մը ճանչցայ սկաուտական օրերէն սկսեալ:
Ժոզեֆ Ճապրայեան պատանեկութենէն անդամակցած է Սուրբ Մեսրոպի արիներու խումբին:
Սկաուտական մկրտութեան ծածկանունով` «PELICAN», մեր բոլորին կողմէն ճանչցուած էր` որպէս բարի, ժպտադէմ, տիպար, աշխատասէր, աստուածավախ եւ օրինակելի սկաուտ ու խմբապետ մը:
Միասին բաժնեկցեցանք մեր պատանեկութեան տարիները, միասին խարոյկներու շուրջ երգեցինք, միասին անձրեւի տակ քալեցինք, միասին լեռներ բարձրացանք, միասին աղօթեցինք, մի՛շտ միասին:
Ան օրինակ հանդիսացաւ մատղաշ սերունդներուն` անոնց մէջ սերմանելով մարդկային, քրիստոնէական, հայրենասիրական ու սկաուտական արժէքները:
Երկար տարիներ շարունակ սերունդներ կոփեց ու դաստիարակեց` Հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգին պարգեւելով արժանընտիր հայորդիներ, որոնք նոյն շունչով ու կորովով Սուրբ Մեսրոպի արիներու դրօշը բարձր կը պահեն ամէնուրեք:
Իր համեստ նկարագիրին շնորհիւ` ան կը վայելէր բոլորին յարգանքը: Սիրուած առաջնորդ ու սկաուտապետ մըն էր: Ան սկաուտ էր ոչ միայն համազգեստով, այլ` սկաուտական բարձր ոգիով ու արժէքներով, զորս խորապէս մարմնաւորած էր իր կեանքին մէջ:
Սիրեց ծառայել, սիրեց առաջնորդել` «առանց հանգիստ փնտռելու, առանց սպասելու ուրիշի վարձատրութեան»: Կը ձգտէր տալ միշտ իր լաւագոյնը, որուն համար կը զոհէր տուն-տեղ ու հանգիստ:
Սուրբ Մեսրոպի արիներու մեծ ընտանիքին անունով, արի-արենոյշներուն, հոգեւոր վարիչներուն եւ վարչական հին թէ նոր սկաուտներուն անունով քեզի կ՛ըսենք` «Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ PELICAN»:
Է՜յ Ժոզեֆ, սկաուտական կեանքի կնքահայրս ու հարազատ բարեկամս: Թո՛ղ այս քանի մը համեստ խօսքերս խունկ ու աղօթք դառնան` կազմելով գեղեցիկ ծաղկեպսակ մը քու թարմ շիրիմիդ վրան:
Այսօր մեր աչքերը արցունքով լեցուն են, բայց մեր հոգիները լեցուն են շնորհակալութեամբ: Շնորհակալ ենք Աստուծոյ` 50 տարուան քու բարեկամութեանդ, օրինակիդ ու ծառայութիւններուդ համար:
Շնորհակալ եմ, մանաւանդ որ մահէդ մէկ օր առաջ մեր տունը հանդիպեցար եւ հրաժեշտ տուիր մեր ընտանիքի բոլոր անդամներուն: Կարծես գիտէիր, թէ այդ այցելութիւնդ վերջին ցտեսութիւնդ պիտի ըլլար մեզի:
Թո՛ղ օրհնեալ ըլլայ բարի յիշատակդ, եւ անմահ մնան կատարած ազգապարծան ու ազգօգուտ ծառայութիւններդ:
Իսկ քու ընտանիքիդ, զաւակներուդ եւ հարազատներուդ կը յայտնենք մեր խորին եւ անկեղծ ցաւակցութիւնները` հայցելով երկնային մխիթարութիւն:
Անոնք արդարօրէն հպարտ կրնան ըլլալ քեզմով, քանի որ եղար օրինակելի ամուսին ու նուիրեալ հայր, եղար պատուաբեր ընկեր ու սիրեցեալ եղբայր, եղար տիպար սկաուտ եւ խմբապետ:
Թէեւ Ժոզեֆ Ճապրայեանը ֆիզիքապէս առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ, սակայն անոր պատուաբեր անձն ու պայծառ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնան մեր մէջ:
Քրիստոնէական եւ մեր պապերու հաստատ հաւատքով քեզի կը կրկնեմ բառերը սկաուտական հրաժեշտի երգին, որ քանիցս միասին երգեցինք:
«Ցտեսութիւն մըն է, եղբա՛յր, միայն ցտեսութիւն:
Դարձեալ զիրար կը հանդիպինք ու կ՛երգենք միաձայն»:
Ամենաբարին Աստուած թող ընդունի քեզ իր երկնային յարկերուն մէջ:
Բարի՛ ճանապարհ, ընկեր սիրելի:
Պէյրութ, 20 օգոստոս 2025