ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբը 14 եւ 15 մարտ 2025-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» մասնագիտացած թատերական մասնաճիւղին, երկու ելոյթներով ներկայացուց ոչ թէ թատրերգութիւն մը, այլ` Պարոյր Սեւակի «Մարդը ափի մէջ» բանաստեղծական շարքի բեմականացումը: Ասիկա Նարինէ Գրիգորեանի չորրորդ նման բեմադրութիւնն էր: Նախորդ երեքն էին` «Եւ նորից գարուն…» (նորավէպեր), Հ. Մաթեւոսեանի «Գոմէշը» (վիպակ), եւ «Յաղթանակի գենեսիս» (յուշերու համադրում): Յաջորդ բեմադրութիւնը` «Արտաւազդ» մրցանակակիր «Լակոտը», հիմնուած է հիմնադիր Սօս Սարգսեանի նոյնանուն վիպակին վրայ: Այսինքն նոյնպէս կը պատկանի այս սեռին, որովհետեւ ոչ թէ թատրերգութիւն է, այլ` գրական երկի մը բեմականացումը: Որպէսզի պատկերը քիչ մը աւելի ամբողջական ըլլայ, կու տամ ուրուագիծը այն երկու ելոյթներուն, զորս չեմ դիտած, ուրեմն եւ չեմ անդրադարձած:
«Յաղթանակի Ծննդոց» (գենեսիս = Genesis = ծնունդ).- Սառա Նալբանդեանի բեմագրութիւնը հիմնուած է միջին տարիքի երեք կերպարներու անկախութեան (1991) յաջորդող շրջանին կուտակուած յուշերուն վրայ, ցաւոտ փորձառութեան երեք պատանիներու ընկալումին: Բայց ելոյթը ոչ թէ կուտակուած յուշերու տառացի վերարտադրութիւնն է, որ անկարելի եւ անիմաստ է, այլ` հեղինակային ստեղծագործական համադրութիւն մը, որ, ի դէպ, դերակատարներու խանդավառ հաւանութեան արժանացած է (3): Այստեղ եւս կան երեք ձայներ, կերպարներ, որոնք ունին ակնյայտօրէն տարբեր խառնուածքներ: Կերպարներուն դիմաց գտնուող սեղանին վրայ կան խորհրդանշական իրեր: Հիմնական ասքը կու գայ պատմումի ձեւաչափով: Երկխօսութեան նմանակութիւն կը ստեղծուի, երբ երեքը իբր թէ կը գտնուին միեւնոյն ապաստանարանին մէջ: Պատումը, ինչպէս` մեր գիտակցութեան հոսքը (stream of consciousness), սահուն չէ, այլ` ոստոստուն, մասնատուած: Ուղղուած է գլխաւորաբար իբրեւ աւանդ հայրենի ներկայ սերունդին: Այս յիշել կու տայ այն սրտցաւ գրական գործերու հեղեղը, որոնք արտադրուեցան Բ. Աշխարհամարտի արհաւիրքէն ետք:
«Լակոտը».– Բեմագրութեան հիմք ծառայող վիպակը եւս կ՛ոգեկոչէ ցաւոտ անցեալ մը` ստալինեան բռնատիրութիւնը, որ այս անգամ Նարինէի ուսուցիչին` Սօս Սարգսեանի (1929-2013), այսինքն նախորդ սերունդի փորձառութիւնն է (4): Այստեղ եւս, ինչպէս` «Եւ նորից գարուն…»-ի դրուագները շաղկապող բներգը, սէ՛րն է: Գլխաւոր կերպարն է «ճակատագրական կին» (femme fatale) թագուհին, որ գլխահան ըրած է «Լակոտ» Գրիգորն ու իր մտերիմ ընկեր Կարլենը: «Թագուհին» – «Լակոտ» – ընկեր սիրային եռանկիւնը կրնար զաւեշտական ըլլալ, բայց վրայ կը հասնի աղէտը: Գրիգոր զոհ կը դառնայ մատնութեան եւ կ՛աքսորուի: Թագուհի կը մատնուի անհատնում վշտի: Կը խորտակուի երկու կեանք: Այստեղ հիմնականը ոչ թէ հակախորհրդային քաղաքական ասքն է, որ այլեւս այժմէական չէ, այլ` գեղարուեստական ձեւաւորումը: Այստեղ եւս կը տեսնենք Ն. Գրիգորեանի ոճի յատկանշական տարրեր, ինչպէս` երեք տարածաչափային շարժում (ճօճանակներ եւ ոչ միայն), գոյներու խաղ, ձեւակերպուող բեմայարդարում (դասարան – պարտէզ – գետակ), տարուան յաջորդական եղանակներ, կերպարներ, որոնք ե՛ւ երգեցիկ ե՛ւ պատմող են (ինչպէս` յունական chorus) ե՛ւ գործող:
Մարդը ափի մէջ.- Ի տարբերութիւն յիշուած նախորդ երեքին` Սեւակի բանաստեղծական շարքը դասական առումով պատում մը չէ, չունի դիպաշար: Ուրեմն` ինչպէ՞ս: Սեւակ, որ, ի դէպ, գրականագիտութեան (հայկական միջնադար) դոկտորականի աստիճան ունի, իր տեսական յօդուածներու մէջ կ՛ըսէ. «Նիւթը ինքնին իրենով պայմանաւորում է ձեւը» (5): Բեմադրիչը ընտրած է ոչ թէ ժամանակային, այլ` ձեւով մը տարածքային-ընկերային-զարգացում. Ես – Դու – Մենք ընդլայնուող, ընդհանրացող «օղակ»-ներ (6):
Սեւակի լեզուամտածողութեան յարիր է ոչ թէ մենաձայնը (monophonic), այլ` բազմաձա՛յնը (polyphonic), համերգայի՛նը: Բեմադրիչը այս կամ այն պատճառով ընտրած է երեք թիւը: Կան երեք ձայներ (սեւակներ) եւ երեք (երաժշտական) «շարժումներ» (Ես-Դու-Մենք): Ի դէպ, երեք թիւը կը յատնուի նաեւ բեմայարդարումի մէջ` երեք սեւ սիւներ եւ երեք աթոռներ ինքնաշարժի, երեք մաշած անիւներ (մեկնաբանելի): Այս կամ այն պատճառով զանց առնուած էր խորքի կեդրոնին բացուող «մուսայի դարպաս»-ը: Պարզ չէր, թէ ի՞նչ դեր ունէին բեմի խորքին կախ երկու լամբերը, որոնցմէ մէկը մնաց մարած: Մեկնաբանելի էր նաեւ, թէ ինչո՛ւ յոյժ նուրբ եւ իգական մուսան կը կրէր արական վերարկու եւ կոշտ կօշիկներ: Ձեռքերը գրպաններու մէջ, բաճկոն, փողկապ եւ տափակ «քասքեթ» հագին «թաղի տղաքը» յիշել կու տան 20-30-ական թուականներու Նիւ Եորքի «կանկսթերական» շարժապատկերներու կարծրատիպերը: Ոչի՛նչ, բարի:
Երաժշտական բարբառով երեք ձայները յաճախ ապահնչողական (dis-sonant) են, այդ կը ստեղծէ թատերական լարում: Շա՛տ բարի: Սեւակի բանաստեղծութիւնը կը խուսափի դասական չափածոյ կաղապարներէ: Առ այդ, ընտրուած էր ռեփ սեռի երաժշտութիւն, որ թէեւ` օտարամուտ, սակայն յարիր է ընդվզում եւ զայրոյթ արտայայտելու: Բարի՛:
Իսկ այժմ խնդրայարոյց կէտեր` իմ տեսանկիւնէն դատած:
Ա.- Պարոյր Սեւակ տակաւին ուսանողական տարիներուն հանդիսացած է հանրակացարանի «բառախաղի ախոյեան»: Լեւոն Հախվերդեան (1924-2003) կը վկայէ, որ անոր սիրելի զբաղումը բառարան կարդալ (!) եղած է, թէ` անոր համար բառարանը «վէպից հրապուրիչ բան» էր (7): Հետագային բառախաղը իր բանաստեղծութիւնը բնորոշող տարրերէն մէկը դարձած է (ըստ իս) ցաւօք: Կու տամ օրինակներ, որոնցմէ առնուազն մէկը հնչեց ելոյթի ընթացքին.
«Ապո՛ւ-ապո՛ւ, կապո՛ւ-կապո՛ւ… / Ե՛կ մի տեսնենք` ի՞նչ կայ ափում…»:
«Աթո՛ւ-աթո՛ւ, հա՜ թուհ-հա՜ թուհ… / Տեսնենք` տղան ի՞նչ է ասում…»:
«Անա՜մ-փերո՛ւ, չանա՜մ փերո՛ւ… / Եւ մի օր էլ չեմ համբերում»
Ոչ գրականագէտի հանգամանքով կը հարցնեմ` ի՞նչ պիտի կորսուէր, եթէ Սեւակ զանց առնէր սկիզբի «հնչախաղերը»:
Բ.- Նորաբանութիւնը (Neologism).- Սեւակ գործածած է 1150 նոր բաղադրեալ բառեր, ընդ որում, կ՛իմանամ, որ յատկանշական են երկու եւ նոյնիսկ երեք-բաղադրիչներով «ենթակայական դերբայով արտայայտուած յարակատար մակդիր»-ները, ինչպէս` «մեռելափայլով» (8): Ոչ լեզուաբանի հանգամանքով համոզուած եմ, որ բարդ բառերու կազմութիւնը իմաստի անփոխարինելի յաւելում չի բերեր: Ինչո՞վ աւելի է «ափաչափ»-ը «ափի չափ»-էն, եւ կամ «մարդափոշի»-ն` «մարդու փոշի»-էն: Պոլսոյ մէջ ծագած «բաղադրա-բարբառ»-ի աւանդը ցաւօք կը շարունակուի (9, 10):
Գ.- Ուշ 50-ականներուն Խ. Միութեան մէջ յայտնուած այլախոհերու յատկանիշներէն մէկն է գաղափարական շփոթը: «Ժամանակի ոգին» յայտնաբերելու առաջադրանքով Սեւակ կ՛ըսէ. «… Պէտք է դիմել դարի պատգամախօսին, որ կոչւում է քվանտային տեսութիւն … յարաբերականութեան տեսութիւն», եւ կ՛աւելցնէ` «Օրէնքներից մէկը, ըստ իս, կարելի է արտայայտել կիբեռնետիկայի լեզուով»: Այս երեք անջատ մարզերը` Quantum Mechanics, Relativity եւ Cybernetics (որ սերած է յունարէն կիպեռնեթես ղեկի-մարդ եզրէն, հայերէնով` թերեւս «ղեկավարաբանութիւն) առիթ տուած են խոր թիւրիմացութիւններու: Երրորդը յատկապէս գրաւիչ էր այլախոհներու համար, որովհետեւ պետութիւնը զայն որակած էր «պուրժուական կեղծ գիտութիւն» (pseudoscience) (11): Սեւակ կրնայ ոգեւորուած ըլլալ Վիքթոր Կնեազեւի (1926-2007) Cybernetic Linguistics-էն: Առաջինը կը վերաբերի հիւլէական մակարդակի մասնիկներու, իսկ երկրորդը` այնպիսի արագութիւններու, որոնք մեր առօրեայ փորձառութենէն շատ հեռու են (12): Այս երկու տեսութիւնները ցաւօք առիթ կու տան թիւր մեկնաբանութիւններու: Այս առանձին նիւթ է, որուն նախապէս մասամբ անդրադարձած եմ (13): Դարի ոգին, այսինքն` տիրող գաղափարաբանութիւնը, ընկերային երեւոյթ է: Առ երեւոյթ արդի բնագիտական եւ կամ թուաբանական ձեւաւորումները ապաքաղաքական ենթահող ունին:
Կատարում.- Թատերախումբին ֆիզիքական, ձայնային եւ արհեստագիտական կարողութիւնները գերազանց են: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Ունիմ լոկ մէկ կողմնակի նկատողութիւն. տղոց ձեռքերը ընդհանրապէս իրենց գրպաններուն մէջ էին: Այդ յարիր է ամբարտաւան կանկսթերի, բայց ոչ` «համլեթ»-ավարի գրագէտ մենախօսութիւն կատարող կերպարի:
Բեմական շարժումը արհեստագիտական առումով անթերի էր: Մուսային կրկնուող մուտքն ու ելքը հաւանաբար կ՛արտայայտէր այսպէս կոչուած, «գրողի տագնապ»: Երեք (ի դէպ` անհաւասար կշիռքի) «Սեւակ»-ներու գրեթէ անընդմէջ շարժումները երբեմն կը թելադրէին հակադրութիւն եւ երբեմն` համերաշխութիւն: Այդ թերեւս պատկերաւոր կերպով կ՛արտայայտէր բանաստեղծին տագնապահար բեկանուած հոգեվիճակը: Շա՛տ բարի:
Հուսկ բանք.- Տաղանդաւոր դերասանուհի-բեմադրիչ-գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեան, որուն օրինակելի յատկութիւններէն մէկն է արտակարգ աշխատասիրութիւնը, իր վերջին երեք գործերով` «Գոմէշը», «Եւ նորից գարուն…» եւ «Լակոտը» ցոյց տուաւ, որ ատակ է նաեւ թիավարելու հոսանքն ի վեր: Համաշխարհային մակարդակի վրայ թատրոնը վերջին տասնամեակներուն կը հեռանայ գրաւոր բնագիրէն` ի նպաստ այլ տարրերու, ինչպէս` մարմնի լեզու եւ թատրոնի տեսալսողական այլ բաղադրիչներ: Բնագիրի, պատմական աւանդի անտեսումը կը նշանակէ ապաքաղաքականացում: Յետարդիական մտայնութիւնը հակադրուած է ասքերու, յատկապէս անոնց, որոնք ունին պատմական խորք: Նարինէ Գրիգորեան բեմադրեց ժառանգուած գրական բնագիրը առանց անտեսելու թատրոնի այլ տարրերը: Շա՛տ բարի:
«Մարդը ափի մէջ» շարքը յօրինուած է 50-ական թուականներու կէսերուն, երբ Սեւակ դառնացած եւ հոգեպէս ճնշուած` կամովին հեռացած էր Հայաստանէն: Այս ուղղութեամբ ուսանելի են Մոսկուայի մէջ իր հրատարակուած «Անկեղծ ասած»-ը` 1955-ին եւ «Հանգստացրու»-ն (1961):
Անկեղծ ասած` այս ամէնից ես յոգնել եմ / Անկեղծ ասած` ոչինչ չկայ, եւ ոչ էլ կար:
Պատահաբար ես պատահում կեանքում / Անհրաժեշտաբար հրաժեշտ տալիս …
Եւ հիմա չունեմ ես իմ մէջ ոչի՜նչ / Որը չլինի հանգոյցի՛ նման,
Ինձ հանգստացրո՜ւ… / Ասա. «Հերի՜ք է» / Եւ ասա. «Կա՛նգ առ»:
Շարքին վերնագիրը` «Մարդը ափի մէջ», ինքնին խօսուն է. ի՞նչ կարելի է պարփակել ափի մը մէջ, բուռ մը հո՞ղ, աճի՞ւն: Ինքնաշարժի արկածը պատահար թէ ոչ, վերջ տուած էր Սեւակի ֆիզիքական կեանքին: Հոգեկանը վաղուց խաթարուած էր, իսկ մտայինը` մթագնած, բեկանուած: Սեւակ յոգնած էր, հասած` յուսալքութեան, ըստ իս, որովհետեւ վերացական բարոյախօսութիւնը ճանապարհի քարտէս չէր կրնար ըլլալ:
Ելոյթի աւարտական տեսարանները շատ տպաւորիչ եւ ցնցող կերպով տուին հոգեվիճակը: Շա՛տ բարի: Բայց քանի որ բեմադրիչին առաջադրանքը առաջին հերթին «Գարնան աւետաբեր» ըլլալ է, դէմքը դէպի երկինք, յատակին ուժասպառ երկարած Սեւակի վերջին բառերն էին` «Բայց առայժմ ապրե՛լ է պէտք»:
Ի հարկէ ապրե՛լ, բայց` ինչպէ՞ս …
——————-
- «Կինը ծարաւ …», «Ազդակ», 1 մարտ 2024:
- NORIC GARUN A & B
- «Եղեռնի վկայութեան վաւերագրութիւնը-Ա. «Յուշագիտութեան» զարգացումը», «Ազդակ», 19 մայիս 2016:
- Սօս Սարգսեան համալսարանական ուսանող էր, երբ 1953-ին Ստալին մահացաւ` ուրախութիւն համատարած, ներառեալ` համայնավարներ:
- «Յանուն եւ ընդդէմ ռէալիզմի նախահիմքերի» «Գրական թերթ», թիւ 2, 1966:
- Օղակները կազմուած են հետեւեալ բանաստեղծութիւններէն` «Ես» («Խոստանում եմ», «Ատում եմ», «Գժւում եմ», «Վիճում եմ», «Աղաչում եմ»), «Դու» («Դու», «Դու մի հարցրու», «Քո անունը», «Սէրը»), «Մենք» («Երգել», «Մեռնել», «Ապրել»):
- Նայիրա Եղիազարեան, «Բառերը Պարոյրի աչքում նոյն բաները չէին, ինչ որ մեր աչքում», «Լրագիր» մշակոյթ, 2 մարտ 2023:
- Ալբերտ Արիստակեսեան, դոկտորական աւարտաճառ, 1975:
- Ինչպէս շողշողաբոյր վառօդածուխը մոխրաձայն (հեղինակները զանց առնուած):
- Շատ տարիներ առաջ մայրս, որ Յակոբ Օշականի աշակերտ ըլլալու բախտը ունեցած էր, մեզ զուարճացնելու համար ըսաւ, թէ ճաշը «երկայնա-կլորա-խմորա-ծակ» է: Իտալերէնով` փասթա:
- Թերեւս որովհետեւ այդ կը պարունակէր այժմ անհամեմատ աւելի զարգացած ինքնակազմակերպման տարրեր: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ: Տես «Արմ-Մոնօ եւ մենաթատրոնի ընկալման թուաբանական ձեւաւորումի փորձ», «Ազդակ», 10 ապրիլ 2021: Նման հակումներ ունեցող այլախոհներու շարքին էր Սեւակի ժամանակակից, նաեւ բանաստեղծ Պորիս Փասթեռնաք:
- «Հեռազգայութիւն», «Ազդակ», 13 հոկտ. 2023:
- Քանակական մեքանիքը (գծապատկերին մէջ Q-Quantum mechanical) ի զօրու է մասնիկներու համար, որոնք մեզմէ 4 00 000 000 000 000 000 000 000 000 (այո՛, 26 զերօ), իսկ յարաբերականութիւնը) նկատելի կը դառնայ, երբ արագութիւնը մօտ է ժամական մէկ թրիլիոն քիլոմեթրի (9 զերօ) (գծապատկերին մէջ` R-Relativistic): Մրջիւններէ մինչեւ համաստեղութիւններ գտնուող զանգուածներու շարժումները նկարագրելու համար բաւարար է դասական բնագիտութիւնը (գծապատկերին մէջ` C-Classical):