Հինգշաբթի, 1 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Հայ Քոյրերու Վարժարանը Ֆիլատելֆիոյ մէջ։ Աշակերտները պատրաստած էին գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը ի պատիւ Սրբազան Հօր։ Աւարտին, Սրբազան Հայրը դպրոցին նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասման նուիրուած գեղանկարը։