Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Չօգտագործեց «Ցեղասպանութիւն» Եզրը

April 26, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ապրիլքսանչորսեան նախագահական իր ուղերձին մէջ չօգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը` զայն փոխարինելով «Մեծ եղեռն»-ով:

«Այսօր կ՛ոգեկոչենք Մեծ եղեռնը եւ կը յարգենք յիշատակը այն հոյակապ հոգիներուն, որոնք տառապեցան 20-րդ դարու յոռեգոյն աղէտներէն մէկուն ընթացքին:Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն ընթացքին, 1915-էն սկսեալ մէկուկէս միլիոն հայեր աքսորուեցան եւ դէպի իրենց մահը քալեցին: Յիշատակման այս օրուան ընթացքին, մենք անգամ մը եւս կը միանանք Ամերիկայի մէջ եւ աշխարհի տարածքին մեծն հայկական համայնքին` սգալով կորսուած բազմաթիւ կեանքերը:

«Իւրաքանչիւր տարուան ապրիլ 24-ին կ՛անդրադառնանք ամերիկացի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ ուժեղ ու տեւական յարաբերութիւններուն: Հպարտ ենք Հայերու համար ամերիկեան յանձնախումբով եւ Սուրիական օժանդակութեամբ` 1915-ին հաստատուած նախաձեռնական ջանք մը, որ կենսական մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերեց հայ տեղահանուածներուն, եւ երախտապարտ ենք հազարաւոր ամերիկացիներուն, որոնք նպաստեցին կամ կամաւոր աշխատանք տարին իրենց տուներէն վտարուած հայերուն օգնելու համար:

«Այսօր, կը վկայենք ողբերգութեան դիմաց հայ ժողովուրդի ուժին ու չընկճուելուն մասին: Բախտաւոր ենք, որ այսքան հայեր իրենց հարուստ մշակոյթը բերին մեր ափեր եւ այսքան նպաստեցին մեր երկրին, ներառեալ իբրեւ շքանշանակիր զինուորներ, վաստակաւոր արուեստագէտներ, հռչակաւոր ճարտարապետներ եւ յաջող առեւտրականներ:

«Մինչ կը յարգենք յիշատակը անոնց, որոնք ինկան, վարչակազմս յանձնառու կը մնայ կրօնական ազատութիւններու պահպանման եւ խոցելի փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան: Անհամբեր կը սպասենք շարունակելու Հայաստանի հետ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը, եւ պաշտպանելու շրջանային կայունութիւնը, շարունակելով տեւական բարգաւաճման ու անվտանգութեան ձգտիլ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն իր կարգին իր ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ յայտնեց. «Հակառակ անպատմելի կորուստին` հայ ժողովուրդը դիմացած ու յաղթած է. այսօր մենք Մեծ եղեռնը կը յիշենք ոչ միայն սուգով, այլ նաեւ վճռականութեամբ: Մենք կը յարգենք անցեալը եւ անհամբեր կը սպասենք Հայաստանի եւ շրջանի համար երկարատեւ խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ անվտանգութեան ուղղութեամբ աշխատելուն»:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Քրտական Երկու Կուսակցութիւններ Կը Դատապարտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

«Մի՛ Ուրանար» Կարգախօսով Ջահերով Երթ` Դէպի Ծիծեռնակաբերդ

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախցիների Հաւաքական Եւ Անվտանգ Վերադարձի Իրաւունքն Անսակարկելի Է»

September 21, 2026
Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները  Կարգաւորող Մարմիններու  Ներկայացուցիչներու Հանդիպում
Հայկական

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները Կարգաւորող Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.