Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով «բաւական օգտակար» որակած է Անթալիոյ միջազգային դիւանագիտական համախմբումի ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումը:
«Եթէ նոյնիսկ հանդիպումը հարցեր լուծելու կարելիութիւն չէ ընձեռած, կարելիութիւն ստեղծուած է աւելի մանրամասն քննարկել կողմերու դիրքորոշումները, անոնց փաստարկներն ու հիմնաւորումները, ուստի իմ գնահատականս այն է, որ հանդիպումը օգտակար էր», ըսած է ան: