Ալիեւն ու Փաշինեանը կրնան խաղաղութեան պայմանագիրը կնքել 9 մայիսին` Մոսկուայի մէջ, ուր անոնք հրաւիրուած են Հայրենական մեծ պատերազմին մէջ յաղթանակի 80-ամեակին առիթով: Այս մասին, «Սփութնիք Ազրպէյճան»-ի փոխանցումով, «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է ազգամիջեան տագնապներու հարցերով փորձագէտ Եւկենի Միխայլով:
Ան յոյս յայտնած է, թէ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը կ՛ընդունի Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները «Ղարաբաղին յաւակնելու անկարելիութեան մասին, որովհետեւ ատիկա Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ գայթակղութեան կէտն է»: