Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին. Վաստակաշատ Բժիշկներու Պարգեւատրումի Երեկոյ

April 18, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, երկուշաբթի, 7 ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Առողջապահութեան համաշխարհային օրուան առիթով կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ բժիշկներու պարգեւատրումի երեկոյ`  ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթոր Յակոբ Մելեքեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեանի եւ անդամներու,  կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ տոքթոր Գրիգոր Էճիտեանի եւ անդամներու, պարգեւատրեալ բժիշկներու եւ կեդրոնի անձնակազմին:

Քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ 7 ապրիլին նշուող Առողջապահութեան համաշխարհային օրուան` յայտնելով, թէ այս օրը մեզի կը յիշեցնէ, որ առողջ ապրիլը մարդկային իրաւունքներէն մէկն է, եւ անիկա առիթ մըն է լուսարձակի տակ առնելու առողջապահութեան մարզէն ներս գործող բժիշկներուն բազում ճիգերը, ինչպէս նաեւ` հպարտանալ անոնց իրագործումներով, որովհետեւ անոնք ընտրած են զոհողութեան եւ նուիրաբերումի ասպարէզը: Աւագեան աելցուց, որ` «Առողջապահական կեդրոններու մէջ  առողջական նախնական խնամք մատուցելը դժուարին եւ պատասխանատու գործ է, եւ բժիշկներ, անտեսելով ամէն տեսակի խոչընդոտներ` հիւանդութիւններ, վարակներ թէ տնտեսական բազում տագնապներ, կը մնան պատնէշի վրայ եւ պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ,   բծախնդրութեամբ եւ առանց ակնկալիքի անոնք կը  խնամեն հազարաւոր հոգիներ եւ կը փրկեն հազարաւոր կեանքեր»:

Իր խօսքին աւարտին Աւագեան լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի բոլոր բժիշկներուն բժշկական ասպարէզէն ներս ունեցած երկարամեայ գործունէութիւնը եւ ի մասնաւորի` կեդրոնին հանդէպ անոնց ցուցաբերած հաւատարմութիւնը եւ զոհաբերութիւնը: Ապա բարձր գնահատեց ծառայութիւնը այն բժիշկներուն, որոնք աւելի քան քառորդ դար հաւատարմօրէն ծառայած են կեդրոնէն ներս, եւ որոնց մեծ ներդրումով կարելի եղած է իրագործել եւ յաջողութեամբ պսակել ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի մարդասիրական առաքելութիւնը:

Ապա ելոյթ ունեցաւ կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ տոքթոր Գրիգոր Էճիտեան, որ ըսաւ. «Առողջութիւնը մարդու կեանքին կարեւոր արժէքներէն մէկն է, իսկ առողջական խնամք մատուցելը ազնիւ առաքելութիւն մըն է, եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի առաքելութիւնը ունի մարդասիրական բնոյթ, որուն շնորհիւ կեդրոն ներկայացող իւրաքանչիւր հիւանդ`  առանց սեռի, կրօնի կամ պատկանելիութեան խտրականութեան, կը ստանայ յատուկ խնամք եւ հոգատարութիւն»:

Տոքթոր Էճիտեան դիտել տուաւ. «Վերջին  25 տարիներուն ընթացքին բժշկութեան ասպարէզը դիմագրաւեց  մեծ դժուարութիւններ, յատկապէս` տնտեսական ոլորտէն ներս, սակայն դուք, սիրելի՛ բժիշկներ, դէմ դրիք բժշկական ասպարէզը հարուածող ամէն տեսակի փոթորիկներու եւ յանձնառու մնալով ձեր պարտականութեան` հարազատ օրինակները հանդիսացաք մարդասիրական առաքելութեան»:

Տոքթոր Գրիգոր Էճիտեան խօսքը եզրափակեց` յիշատակելով կեդրոնէն ներս գործող այն բժիշկները, որոնց հետ աշխատակցած է տարիներ, ինչպէս նաեւ ողջունեց կեդրոնի բոլոր բժիշկները եւ կեդրոնի յանձնախումբին անունով երախտագիտութիւն յայտնեց տարիներու իրենց նուիրումին եւ հոգատարութեան համար:

Ապա սրտի խօսք արտասանեց նաեւ լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ տոքթոր Էլի Թաշճեան: Թաշճեան ըսաւ. «Պատիւ է ինծի համար այսօր ներկայ գտնուիլ 25 տարիներ շարունակ այս կեդրոնի մէջ ծառայած բժիշկներու պարգեւատրումի ձեռնարկին: 25 տարիներու ընթացքին անոնք քննեցին հազարաւոր հիւանդներ,  ականատես եղան բժշկական մարզի յառաջդիմութիւններուն եւ անոնց ներդրումն ու խնամքը մեծ եղաւ մարդկային ընկերութեան մէջ: Թաշճեան շեշտեց` ըսելով.  «Անոնք իրենց ծառայութեամբ ցոյց տուին մեծ հմտութիւն եւ զոհողութիւն` միաժամանակ դառնալով այս կեդրոնին հիմերն ու անոր գոյութեան երաշխիքը: Այս պարգեւատրեալ բժիշկները միշտ հաւատարիմ մնացին իրենց շրջապատին կամ հիւանդներուն կողքին: Երախտագիտութեամբ յիշենք անոնց զոհաբերութիւնն ու աշխատանքին հանդէպ ունեցած հաւատքը, որովհետեւ իսկապէս անոնք հանդիսացան այս կեդրոնին սիրտը»:

Պարգեւատրումի երեկոյի աւարտին  կեդրոնի տնօրէնուհի Նազելի Աւագեան բեմ հրաւիրեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեանն ու կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ տոքթոր Գրիգոր Էճիտեանը` պարգեւատրելու համար կեդրոնէն ներս աւելի քան քառորդ դար ծառայած 11 բժիշկները: Յուշանուէրներու յանձնումին զուգահեռ` տնօրէնուհի Նազելի Աւագեան հակիրճ կերպով ծանօթացուց իւրաքանչիւր բժիշկի մասնագիտութիւնն ու տարիներու վաստակը: Պարգեւատրուեցան բժիշկներ` Պօղոս Արթինեան, Սարգիս Տէր Մեսրոպեան, Էլի Թաշճեան, Յարութ Տէմիրճեան, Նազարէթ Աբրահամեան, Հայկազ Պէքէրէճեան, Էլի Աթիէ, Ուալիտ Ղանթուս, Մարի Գասապեան, Ժագ Գունտաքճեան եւ Գէորգ Թերզեան:

Այս առիթով կիրարկուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր` մասնակցութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն աշակերտներու: Ջութակի վրայ նուագեցին  Վանայ Թորոսեան եւ Պելիա Տէմիրճեան, իսկ սրինգի վրայ` Լոռի Յովսէփեան:

Նախորդը

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Յաջորդը

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Թրամփ Դէմ Է Մայիսին Իրանը Հարուածելու Իսրայէլեան Ծրագիրին Եւ Որոշած Է Բանակցիլ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.