Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժապեր. «Միջազգային Ընտանիքը Այլեւս Կը Բացառէ Մեզի Մէկ Լումայ Իսկ Տալ, Առանց Երաշխաւորելու, Թէ Ճիշդ Կերպով Կը Ծախսուի»

April 10, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանին դիմաց չկան շարք մը ընտրանքներ` անոնցմէ մէկը ընտրելու համար, որովհետեւ ունի բացառապէս մէկ ընտրանք` վարչական եւ ելեւմտական ոլորտներուն մէջ պահանջուած բարեկարգումները կատարելը, որ միջազգային պահանջ ըլլալէն առաջ լիբանանեան կարիք է»:

«Մեզմէ պահանջուածը վառօդի հնարումը չէ, որովհետեւ այն, ինչ որ պէտք է ընենք, յստակ է ու կռահելի` պահանջուած բարեկարգումները որդեգրել եւ գործադրել հրապարակուած բարեկարգչական օրէնքները, որոնք որդեգրուելէ ի վեր դարակը նետուած են, ինչպէս նաեւ կեանքի կոչել պետութեան անտեսուած կառոյցները, որոնցմէ է, օրինակի համար, Թրիփոլիի մէջ ազատ առեւտուրի շրջանը, Քլէյաաթի օդակայանը, Մարզական աւանը եւ այլ պետական կալուածներ, որոնք կրնան պետութեան գանձարկղին եկամուտ ապահովել», նշեց Ժապեր:

Ելեւմուտքի նախարարը նաեւ զգուշացուց. «Այլեւս մեր առջեւ խուսանաւումի որեւէ առիթ չկայ, եւ ժամանակն է յետաձգուած որոշումները որդեգրելու ոչ թէ միջազգային ճնշումներուն պատճառով, այլ որովհետեւ մեր տնտեսական ու ելեւմտական կացութիւնը այլեւս արիւնահոսութեան չի տոկար»:

«Չենք կրնար մտածել, թէ ներկայ կշռոյթով կրնանք շարունակել, եւ թէ ճաշարաններուն խճողուածութիւնը եւ կլկլակներու բարգաւաճումը ցուցանիշ են, թէ մեր տնտեսութիւնը կ՛առողջանայ», նշեց ան:

«Այն պնդումը, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտը կ՛ուզէ մեզի ծանր պայմաններ պարտադրել, ճիշդ չէ, որովհետեւ ֆոնտին պահանջներուն մեծամասնութիւնը նախ եւ առաջ պետութեան ու տնտեսութեան վերականգնման համար լիբանանեան անհրաժեշտութիւն է», յայտնեց Ժապեր` հերքելով, որ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներուն վրայէն «գիծ քաշել» առաջարկուած է, եւ վստահեցուց, որ այդ հարցին վերաբերեալ որոշումը ներլիբանանեան է:

Ժապեր յայտնեց, որ օտար պատուիրակները «մեզի անկեղծօրէն ըսին, թէ պէտք է փաստենք, թէ բարեկարգումներ կատարելու նկատմամբ լուրջ ենք, եւ պէտք է նախ եւ առաջ մենք մեզի օգնենք, որպէսզի օտարը մեզի օգնէ, որովհետեւ միջազգային ընտանիքէն ոչ ոք այլեւս պատրաստ է մեզի մէկ լումայ իսկ տալու, եթէ չերաշխաւորէ, որ ճիշդ ձեւով եւ ճիշդ տեղը պիտի ծախսուի»:

«Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ Միջազգային դրամատան վարչութիւնները կը սպասեն, որ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը 21 ապրիլին սկսող գարնանային ժողովներուն իրեն հետ բերէ դրական ցուցանիշեր, որոնք կ՛առնչուին դրամատնային գաղտնապահութեան ջնջման օրէնքի եւ դրամատուներու վերադասաւորման օրէնքի ամբողջացման, ինչպէս նաեւ Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդի նշանակման, որ գործադիր թեւն է, որուն հետ աշխատանք պիտի տարուի վերաշինութեան վարկերու հարցին մէջ:

Ան նշեց, որ այդ ցուցանիշերը միջազգային կողմերու տեսանկիւնէն պիտի ճշդեն Լիբանանի բարեկարգումի թղթածրարներու մարտահրաւէրին նկատմամբ լրջութիւնը կամ անլրջութիւնը:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ռաժժի Թուրքիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ Մարոնիական Գիւղերու Հարցը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.