Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մուրատ Լիւթեմը եւ անոր հետ քննարկեց հիւսիսային Կիպրոսի մէջ մարոնիական չորս գիւղերու ու անոնց բնակիչներու կացութեան հարցը:
Լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը այս առնչութեամբ Թուրքիոյ դեսպանին յանձնեց յուշագիր մը:
Ռաժժի մաղթեց, որ «թրքական կառավարութիւնը այս խնդիրին պէտք եղած աջակցութիւնն ու հետաքրքրութիւնը կը ցուցաբերէ, որպէսզի այդ գիւղերու զաւակները կարենան իրենց տուները վերադառնալ, ինչպէս նաեւ աշխատանք տարուի մարդասիրական այս հարցին տեւական լուծում գտնելու»:
Քննարկումի ընթացքին խոր անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան տարբեր երեսներուն:


