Անտոնեան միաբանութեան «Մար Էլիաս Ազիզ» երկրորդական վարժարանի մարմնակրթական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանի Քարիթաս»-ի երիտասարդական բաժանմունքին կազմակերպած մարմնակրթական մրցաշարքը` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի ներկայացուցիչ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի:
Պայրագտարեան յանուն հանրապետութեան նախագահին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Մարմնակրթութիւնը պատմութեան ընթացքին փաստած է, թէ ազդու միջոց է տարբեր քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան ամրապնդման: Անիկա անդրսահմանեան ու տարակարծութիւնները շրջանցող համաշխարհային լեզու մըն է եւ կը նպաստէ տարբեր քաղաքակրթութիւններու տէր պետութիւններու ու ժողովուրդներու միջեւ հաղորդակցութեան եւ սիրոյ կամուրջներու կառուցման»:
«Բոլորս աշխատանք տանինք ստեղծելու դիւանագիտութիւն մը, որ մարմնակրթութիւնը իբրեւ կամուրջներու կառուցման միջոց կ՛օգտագործէ` աւելի լաւ ապագայի եւ իր երիտասարդներուն նկատմամբ նախանձախնդիր Լիբանանի հիմերը դնելու համար, ինչպէս նաեւ անոր երիտասարդները իրենց հայրենիքին մէջ պահելու եւ զանոնք խթանելու մարդասիրական արժանիքներու, երկխօսութեան ու փոխըմբռնման ճամբով վերաշինութեան երթը շարունակելու», ընդգծեց նախարարը:


