Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն աւարտին կառավարութեան բանբեր, տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտարարեց. «Նախարարաց խորհուրդը շարունակեց քննարկել Լիբանանի մէջ դրամատուներու կացութեան բարեկարգման ու վերադասաւորման առնչուող օրինագիծը, եւ քննարկումին մէջ մեծ յառաջընթաց գոյութիւն ունի»:
«Լիբանանը անցնող վեց տարիներուն ընթացքին դիմակայեց ելեւմտական վտանգաւոր ճգնաժամ մը, որ դրամատուներու մէջ գումարներ ունեցողները զրկեց զանոնք օգտագործելէ, եւ անոնք մեծ մասամբ կեանքի ընթացքին իրենց ապահովածն է, ինչպէս նաեւ դրամատնային մարզը մեծապէս անդամալուծուեցաւ:
«Պետութեան պատասխանատուութիւնն է աշխատանք տանիլ գտնելու պատշաճ լուծումներ, որոնք հիմնուած են զուգահեռ երկու սկզբունքներու վրայ` պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու իրաւունքին նկատմամբ նախանձախնդրութիւն, եւ աշխատանք տանիլ դրամատնային մարզի առողջացման վրայ, որպէսզի իր բարգաւաճման դերակատարութիւնը ամբողջական կերպով կատարէ` տնտեսութիւնը ֆինանսաւորելով եւ անոր աճը խթանելով», ըսաւ Մըրքոս:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական ու դրամատնային ճգնաժամերուն դէմ դնելու եւ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու իրաւունքներու պահպանումը կը պահանջեն օրէնսդրական քայլեր, որոնք առնչուած են երեք գլխաւոր բարեկարգումներու, որոնք կը վերաբերին դրամատնային գաղտնապահութեան, դրամատնային կառոյցներու վերադասաւորման եւ դրամական բացի դարմանման, ինչ որ ելեւմտական հաւասարակշռութեան վերականգնումը կ՛արտօնէ:
«Մեկնելով անկէ, կառավարութիւնը իբրեւ առաջին քայլ պիտի որդեգրէ օրինագիծ մը, որուն նպատակը դրամատնային գաղտնապահութեան օրէնքը բարեփոխութեան ենթարկելն է, իբրեւ հաշուետուութեան անհրաժեշտ նախապայման եւ ելեւմտական բացի ճշգրիտ ճանաչման միջոց», յայտնեց նախարարը: