– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Սուրի գաւառի Քլէյլէ գիւղի մերձակայքը գտնուող պարտէզներէն մէկուն մէջ նետուած երկու հին հրթիռներ յայտնաբերեց:
Բանակը անմիջապէս շրջապատեց վայրը, առնչակից կողմերը կանչեց քննութիւն բանալու եւ հրթիռներուն վրայի մատնահետքերը վերցնելու համար` երկու հրթիռներու գոյութեան պայմանները եւ զանոնք լքելու պատասխանատու կողմը ճշդելու համար:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Քֆարթպնիթ գիւղին մերձակայքը գտնուող տուներէն մէկը հարուածեց:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Ռաս Նաքուրայի մէջ «Ռափիտ» տիպի ինքնաշարժ մը թիրախաւորեց: Ինքնաշարժը ուղղակի հարուած չստացաւ: