Գերմանիոյ աղջկանց ազգային խումբի եւ Պայերն Միւնիխի 18 տարեկան ֆութպոլիստ Ալարա Շեհիթլեր իր մականունով պիտի չխաղայ այլեւս:
Ան վերջերս աջակողմեան քաղաքական գործիչներու կողմէ բուռն քննադատութեան ենթարկուեցաւ, երբ անոր մարզաշապիկին ետեւը գրուած անունը` «Շեհիթլեր», կը նմանէր Հիթլերի…
Ան 4 ապրիլին Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ խաղցաւ Սկովտիոյ դէմ, ուր մարզաշապիկին ետեւ միայն նշուած էր Ալարա անունը: Ան այլեւս այդ ձեւով ալ պիտի շարունակէ, քննադատութեան վրայ կեդրոնացում չունենալու համար, թէ՛ ազգային խումբին, թէ՛ ալ Պայերն Միւնիխի հետ:
Ըստ Ալարայի, նացի Գերմանիոյ ղեկավար Ատոլֆ Հիթլերին նմանիլը բնաւ քաջալերելի բան չէ: Շեհիթլեր ծնած է Գերմանիա, մայրը գերմանացի է, իսկ հայրը` թուրք: Գերմանիա 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Սկովտիան: