Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատրոնը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահի մէջ հիւրախաղով ներկայացուց Օ Հենրիի  նորավէպերէն հինգին վրայ հիմնուած ելոյթ մը`

«… Եւ նորից գարուն» վերնագիրով երաժշտական կատակերգութիւն: Անցեալ տասնամեակին ներկայացուած էին հինգ ելոյթներ, որոնք նոյնպէս կարճ թատերակներու համադրութիւններն էին, եւ որոնցմէ  չորսին առանձին անդրադարձած եմ «Ազդակ»-ի մէջ: Ժամանակագրական կարգով`

Ա. «Զրադաշտը շուն դարձաւ»
Բ. «Քաղաքավարութեան վնասները»
Գ. «Բարի բժիշկը»
Դ. «Տեսակ մը թատրոն»
Ե. «Փլազայի սենեակը»

Իսկ այժմ`

Զ. «… Եւ նորից գարուն»

Նկատել, որ բոլորը այս կամ այն բնոյթի կատակերգութիւններ են: Չորսը (Ա., Բ., Գ. եւ Ե.) կը պատկանին նոյն հեղինակին եւ երկուքը (Բ. եւ Ե. ) երաժշտախառն են:

Կարճ թատերակներու շարքի մը կատարումը «Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ համեմատաբար նոր երեւոյթ մըն է, որուն հարկ կը համարեմ աւելի հանգամանօրէն անդրադառնալ (1):

Կարճ թատերակի սեռը.- ՆՔ Դ. դարու յունական թատրոնը կարճ թատերակները կը գործածէր իբրեւ ողբերգական ծանր արարէ մը պրկուած հանդիսատեսը հանգստացնող միջնախաղ:

Առ այդ, կարճ թատերակի գլխաւոր յատկութիւններէն մին անոր դիւրին հասկնալի ըլլալն էր: Միջնադարեան (գլխաւորաբար կրօնական) ցուցքերը եւս ունէին դիւրին ճանաչելի շատ կարճ թատերակի յատկութիւն (2): Եւրոպայի մէջ վերածնունդէն ետք յայտնուած «Քոմետիա Տելլաէթէ»-ի կարգ մը պուլվարային ելոյթներ  ունէին կարճ թատերակի բնոյթ: Կարճ թատերակի առաջին տեսական ջատագովութիւնը, սակայն, յայտնուեցաւ 19-րդ դարուն, դրամատիրական կարգերու ամրապնդումէն ետք, երբ ապրելակերպը հիմնովին փոխուած էր: Մարդիկ այլեւս ժամանակ (տրամադրութիւն) չունէին դասական հինգ արարանոց ողբերգութիւններ դիտելու:

Կարճ եւ կուռ թատերակի ջատագովութեան ականաւոր դէմքերն էին նախ Սքրայպ (Eugène Scribe 1791-1861) եւ ապա` Ստրինպերկ (Joհan Auguste Strinberg 1849-1912), որ տեսական գործերու կողքին, հեղինակած է նաեւ փորձառական բնոյթի կարճ թատերակներ: Ականաւոր տեսաբան Զոնտի (Peter Szondi 1929- 1971) իր «Արդի տրամայի տեսութիւն» (Theory of the Modern Drama, 1956) կարճ թատերակի յառաջխաղացքը, ի հաշիւ դասականի, կը վերագրէ յետ Բ. Աշխարհամարտ տիրող համատարած պատրանազերծութեան: Մարդիկ այլեւս չէին հետեւեր ամբողջական (holistic) աշխարհահայեացքներու: Զոնտիի աւարտաճառ-երկը կարելի է համարել յետարդիական թատերագիտութեան նախակարապետը:

Յատկանշական.- Կարճ թատերակը կը կարօտի սահմանափակ պատրաստութեան, բեմայարդարումի եւ քիչ թիւով դերակատարներու (ընդհանրապէս 2-4): Տեսակ մը փորձարան (լապորաթուար) է, ուրեմն աւելի յաճախ կը կատարուի սիրողական խումբերու կողմէ: Որպէս գաղափարի մը «փորձաքար» թատերակները գործածուած են նաեւ շարք մը ականաւոր հեղինակ-բեմադրիչներու կողմէ, ինչպէս` Մոլիեռ, Ֆայտօ, Չեխով եւ Պեքեթ, որ զանոնք կոչած է «մանրատրամ» (dramacule):

Կարճ թատերակները կարելի է ընկալել անմիջապէս` առանց մեծ մտային ճիգի: Այդ պատճառով կը սփռուին հեռատեսիլի կայաններէ: Արեւմտեան կարգ մը սրճարաններու եւ «փապ»-երու մէջ (իմա` փոքրաթիւ հանդիսատես) կը ներկայացուին կարճ ելոյթներ «Microteatro» (մանրաթատրոն), «Théâtre de Poche» (գրպանի թատրոն), «Kammerspiele» (սենեկային թատերախաղ) եւ այլ անուանումներու տակ:

Որպէսզի կարճ թատերակը «հարուածային» ներգործութիւն ունենայ, հարկ է որ ըլլայ խիտ եւ գրաւիչ:

Սուղ ժամանակը չ՛արտօներ գործողութեան զարգացում: Այս սեռը ատակ է պատկերելու հետաքրքրական, աներկբայ կացութիւն մը: Ոմանք զանոնք կոչած են «կեանքի շերտեր»: Հարկ է, որ կերպարները եւ անոնց հետապնդած նպատակները ըլլան դիւրաւ ճանաչելի: Անակնկալ աւարտը ի հարկէ կրնայ զուարճալի ըլլալ` ի տարբերութիւն դասական թատրերգութեան, որ կ՛ենթադրէ այս կամ այն դասի տրամաբանութիւն եւ ուրեմն` նախատեսելի աւարտ, այս կէտին նախապէս առանձին անդրադարձած եմ (3):

Կեանքի նման շերտերով «խճանկար»-ներ (ինչպէս` վերը յիշուած 6 ելոյթները) կազմելու համար հարկ է ընտրել այլազան կշռոյթի եւ խօսքի թատերակներ, որոնք առանց զիրար կրկնելու, ձեւով մը համահունչ են: Թերեւս այդ նկատառումով է, որ վերը նշուած խմբաւորումները կազմող գործերուն  մեծամասնութիւնը կը պատկանի նոյն յոյժ «փորձուած» հեղինակին. Ռ. Ժպարա, Յ. Պարոնեան, Ն. Սայմըն, կրկին Ն. Սայմըն, եւ այժմ` Օ. Հենրի: Բացառութիւն էին «Տեսակ մը թատրոն»-ի տարաբնոյթ բաղադրիչները, եւ այդ պատճառով որակուած էր «Յետարդիական»:

Կենսագրական.- Ականաւոր ամերիկացի հեղինակ Օ. Հենրի (William Sydney Porter 1862-1910) ունեցած է կարճատեւ, բայց գունագեղ եւ բեղմնաւոր կեանք: Որպէս դեղագործ վկայուելէ ետք աշխատանքի մտած է… դրամատան մը մէջ եւ շուտով մեղադրուած` դրամաշորթութեամբ (4), փախած ԱՄՆ հարաւային նահանգ մը եւ ապա` Հոնտուրաս, ուր ընկերացած է շոգեկառքերու աւազակ վատահամբաւ Ալ Ճեննինկի: 1898-ին վեհանձնօրէն վերադարձած է մահամերձ կնոջ մօտ եւ դատապարտուած` 5 տարուան ազատազրկման, բայց այդտեղ ունեցած է առանձնաշնորհեալ վիճակ, որովհետեւ, փոխան կալանքի, աշխատած է բանտի հիւանդանոցին մէջ` որպէս դեղագործ: Մինչեւ ազատ արձակում (1901) գրած է 14 պատմուածք` այլ ծածկանուններու շարքին գործածելով Օ. Հենրի գրչանունը: Եղած է վատառողջ գինեմոլ մը: Մահացած է կանուխ, ուղեղի արիւնախռնումով:

Հեղինակի ոճը.- Կեանքի լայն փորձառութիւնը օգնած է որ Օ. Հենրի կարենայ յօրինել կացութիւններ, որոնք իրարանման են, բայց այնուամենայնիւ կը պատկանին ի՛ր կառուցած երեւակայածին աշխարհին (5): Պատմուածքներու մեծ մասը տեղի կ՛ունենայ իր սիրած Նիւ Եորքի մէջ, զոր կը կոչէր «Պաղտատ գետնուղիի վրայ» (6):

Հեղինակը մեծապէս կը յենի ձեւաչափ-տարազներու, ինչպէս` առ երեւոյթ նիւթին անկապ բացման տեսարան, անակնկալ աւարտ եւ կրկնուող բներգներ: Կը յենի նաեւ ճանաչելի կարծրատիպ (ընդհանրաապէս) կերպարներու (7): Այդպիսով, ան կը կարողանար արագ արտադրել ապրուստ ապահովելու համար: Յաճախ կը դիմէր երկարապատում նախաբան նկարագրութիւններու, թերեւս` աւելցնելու համար վաճառուած էջերու ծաւալը: Հեղինակած է աւելի քան երեք հարիւր պատմուածք:

Ինչպէս ելոյթին մէջ նկատելի է, շարք մը պատմուածքներ ունին շրջանային (cyclic) բնոյթ: Աւարտական տեսարանին մէջ կերպարները կը վերադառնան իրենց սկիզբի նիւթա-ֆիզիքական (յաճախ թշուառ) վիճակին, կը վերադառնան, սակայն, դէպի ա՛յլ հոգեվիճակ: Ի զուր չէ, որ ընտրուած է «… Եւ նորից գարուն» վերնագիրը: Ոդիսականի այս ձեւաչափը օգտագործած են ականաւոր այլ հեղինակներ: Այս կէտին նախապէս անդրադարձած եմ:

Միւս կողմէ` բներգին զարգացումը թոյլ է, որովհետեւ այդ պիտի պահանջէր հեղինակին կողմէ ժամանակի յաւելեալ ներդրում եւ ընթերցողին կողմէ` մտային յաւելեալ ճիգ: Իսկ Օ Հենրի կը ջանայ ըլլալ դիւրամատչելի, հաճելի, ընկերային ասքը կը փոխանցէ առանց վրդովելու ընթերցողը: Օ. Հենրի ի հարկէ ակնյայտօրէն ունի բացառիկ սուր հիւմըր, բայց ամենածիծաղելի կացութիւններու մէջ իսկ կը տեսնենք կարեկցանք, ոչ` չարախնդութիւն:

24 մարտ 2025

————

  1. «Յետարդիական խճանկարի տեսակ մը», «Ազդակ» 13 մայիս 2024:
  2. «Միջնադարեան թատրոնը Հայաստանի մէջ», «Ազդակ-Բացառիկ», Նոր տարի, 2018:
  3. «Եղանակի տեսութիւն», «Ազդակ», 26 նոյեմբեր 2016:
  4. Իւրացուած գումարի ($ 854) այսօրուան գնողական արժէքը մօտ 30 հազար տոլար է
  5. Թերեւս այդ «իրաւանման» յատկութեան պատճառով ոմանք զինք կոչած են ամերիկեան Կի տը Մոփասան:
  6. Bagdad-on-the-Subway.
  7. M. B. Ostrofsky, «Օ՛ Հենրիի նիւեորքեան կարծրատիպերու գործածութիւնը», մագիստրոսական աւարտաճառ, 1982:
Նախորդը

Համազգայինի «Լ. Շանթ» Կեդրոնին Մէջ. Մայեսթրօ Կարօ Աւեսեանի Ողջերթի Երեկոյ

Յաջորդը

Պարզւում Է` Գրքերս Ու Մտաւոր Առողջութիւնը Փոխկապակցուած Են

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Ե.

Յունուար 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?