ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Ծանօթ.- Յօդուածի Ա. մասը կը վերաբերէր Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբի հիւրախաղ «… Եւ նորից գարուն» թատերակներու սեռին եւ հեղինակին: Նարինէ Գրիգորեանի կողմէ բեմականացուած ամերիկացի հեղինակ Օ. Հենրիի պատմուածքներու բնագիրները ելոյթի շարքով հետեւեալներն էին.
Ա.- Կախարդական հացեր (Witches՛ Loaves – թարգմանաբար` «Վհուկի նկանակներ»).- Օրիորդ Մարթա Միչըմ (Martha Meacham = «Յարգելի տիկին») քառասուննոց կին մըն է, որ ունի կոկիկ հացատուն մը, 2 հազար տոլար, 2 կեղծ ակռայ եւ կարեկից սիրտ (1, 2): Միջին տարիքի անշուք հագուկապով բարեկիրթ գերմանացի մը կը սկսի հացատուն յաճախել եւ գնել միայն ու միայն օթեկ հաց, որ կը վաճառուէր կէս գինով: Մարթա գրաւիչ տղամարդու ձեռքերուն վրայ ներկի հետքեր կը նկատէ: Ի՞նչ կրնար ըլլալ ան` բացի ձեղնայարկի մը մէջ ապրող նկարիչէ մը: Մարթային սիրտը կը տրոփէ: Որքան երջանիկ պիտի ըլլային, եթէ այդ տղամարդը կիսէր իր ճոխ սեղանը, փոխանակ օթեկ հաց կրծելու … Իր վերեւի բնակարանէն վար կը բերէ իտալական բնանկար մը եւ կ’ըսէ. «Ես շատ կը հիանամ արուեստով եւ … նկարչութեամբ … հաւնեցա՞ք թապլոն»: «Հաւասարակշռութիւն` ոչ լաֆ, հեռանկար` ոչ շիթաք» (կարդալ` լաւ եւ շիտակ, Ա.), կ՛ըսէ գերմանացին եւ արագ կ’ելլէ դուրս: Ուրեմն ենթադրութիւնը ճիշդ էր, միայն գեղանկարիչ մը պիտի կարենար նման բաներ նկատել: Մարթա յաջորդ օր կը հագնի մետաքս շապիկ եւ կը սկսի դէմքը ծեփել իր պատրաստած «պորաքս»-ի քսուկով (3): Յաջորդ այցելութիւններուն Մարթա կը նախաձեռնէ փոքր խօսակցութիւններու: Մարթային կը թուի, թէ նկարիչը կը հիւծի: Պէտք էր զինք սնանել` առանց վիրաւորելու արուեստագէտին հպարտութիւնը: Առիթէ մը օգտուելով` չոր հացերուն մէջ կը քսէ հաստ շերտ մը թարմ կարագ եւ կ՛երազէ … թէ երբ այդ երեկոյ մարդը նստի ընթրելու եւ… աղէ՛տ: Տղամարդը ներս կը խուժէ խռիւ մազերով, բոցավառ դէմքով եւ բռունցքները կը թափահարէ Մարթայի դէմքին: «Dummkopf!» (յիմար), «vas von meddingsome (խառնակիչ) Ջատու պառա՛ւ», «Tausendonfer!» (հազար տոլար): Մարդուն ընկերակցող երիտասարդը կը բացատրէ, որ Her Blumberger անցեալ 3 ամիսներուն կը պատրաստէր քաղաքապետարան կառուցելու մրցանքի յատակագիծները, որոնք նախ մատիտով կ’ուրուագծուին եւ ապա` մելանով, եւ որ` մատիտի հետքերը մաքրելու համար չոր հացը շատ աւելի յարմար է, քան` ռետինը: Իսկ հիմա կարագով աղաւաղուած գծապատկերը յարմար է միայն սանտուիչ փաթթելու: Մարթա կը բարձրանայ տուն, կը հագնի իր աշխատանքի գորշ զգեստը եւ «պորաքս»-ի քսուկը կը նետէ աղբանոց: Կաթիլ մը արցունք` Մարթայի աչքին:
Բ.- «Մինչ ինքնաշարժը կը սպասէ» (While the Auto Waits).- : Միջադէպը կը պատահի Նիւ Եորքի մէջ, երբ հոյահարուստներու եւ աշխատաւոր դասի միջեւ կենցաղային վիհը խորացած էր: Սպասող շքեղ ինքնաշարժն ու տարազաւոր վարորդը զեխութեան խորհրդանիշներ են: Թատերակին անդրադարձած եմ շուրջ տարի մը առաջ: Պատմուածքը 2006-ին բեմականացուած է Walter Wykes-ի կողմէ: Կրկնութեան գնով կու տամ դիպաշարը: Երեկոյ է (աղօտ լոյսը կ՛օգնէ թաքնուելու), հանրային պարտէզի նստարանի մը վրայ գորշ ու պարզունակ հագուկապով, դէմքը գլխարկով եւ քողով ծածկած գեղեցիկ երիտասարդուհի մը կը կարդայ Սթիվընսընի «Նոր արաբական գիշերներ» (New Arabian Nights, 1882) հեքիաթային գիրքը, որ կը պատմէ իշխանազուն Ֆլորիզելի արկածները: Հոյահարուստ Parkenstacker ընտանիքի ժառանգ երիտասարդ մը կը թափառի, հաւանաբար` կնորսութեան նպատակով: Ինքնաշարժն ու վարորդը մօտակայ կէտի մը վրայ կը սպասեն հաւանաբար որսը որջ փոխադրելու համար: Երիտասարդուհին, որ նոյնպէս այդտեղ էր մարդորսական ծրագիրով, կը յաջողի գրաւել երիտասարդին ուշադրութիւնը` գիրքը նետելով անոր ոտքերուն առաջ: Իշխանազունը արագ կը կռահէ, որ կինը սուտեր կը յօրինէ իրեն հետամուտ եւրոպացի դաժան դուքսերու մասին, բայց կը շարունակէ ձեւացնել, թէ կը հաւատայ: Խաղը անակնկալօրէն կ՛ընդհատուի, երբ երիտասարդը կ՛ըսէ, թէ իբրեւ հաշուապահ կ՛աշխատի այն ճաշարանին մէջ, ուր աղջիկը կը ծառայէ որպէս սպասեակ: Երիտասարդը կը վերցնէ լքուած գիրքը, կը կարդայ վերնագիրը, ապա աղջկան հեքիաթը կը նետէ աղբաման: Որսը այդ օր չէր յաջողած, բայց հոգ չէ, ինք պահ մը զուարճացած էր: Կաթիլ մը արցունք` երազկոտ աղախինի աչքին:
Գ.- Դեղձեր («Little Speck in Garnered Fruit» թարգմանաբար` փոքրիկ արատ` ամբարուած պտուղի մէջ).- Նորապսակ զոյգ մը առագաստ կը մտնէ: Փեսան, որ կը կոչուի Kid (= միամիտ) McGarry (արի այր) կռփամարտի միջին ծանրութեան աշխարհի ախոյեանն է (!!!) : Հարսը յանկարծ կը փափաքի դեղձ մը ուտել: Դուրսը Նիւ Եորքի փետրուարն է, երեկոյեան խանութները փակ են եւ կամ կը փակուին: Անոնք, որոնք բաց են, ունին առատ նարինջ, բայց` ոչ դեղձ: Երկար վազվզուքէ ետք կը յիշէ, թէ այդտեղ կայ բախտախաղի շքեղ ակումբ մը, ուր կարելի է գտնել որեւէ համադամ: Շրջանի բարեկամ ոստիկանապետը կը համոզէ, որ գրոհեն այդ ապօրինի ակումբին վրայ` խոստանալով օգնել: Պահապաններու հետ ծանր ծեծուըռտուքէ ետք (որուն ընթացքին կը ստանայ զանազան վնասուածքներ) կը յաջողի ձեռք բերել դեղձ մը, որ ի հարկէ թարմ ու գունագեղ չէր: «Չարաճճի տղա՜յ,- կ՛ըսէ նորահարսը,- այս դե՞ղձ բերիր… ես կը նախընտրէի նարինջ մը»: Դրուագը ծաղրանկար մըն է` հարուստ զանազան արտառոց չափազանցութիւններով: Բնագիրի (բայց` ոչ ելոյթի) վերնագրին մէջ նշուած «արատ»-ը թերեւս ոչ թէ պտուղին վրայ է, այլ` զինք գոհացնելու համար ամէն ինչի պատրաստ այրը ձեռնավարող կնոջ մէջ: Կաթիլ մը արցունք` ջարդուած նորափեսայի աչքին:
Դ.- Մոգերու նուէրը (The Gift of the Magi): Ծնունդի օրն է:
Պատմուածքը կը սկսի տան անմխիթար վիճակի նկարագրութեամբ: Դրան զանգը չի բանիր, բայց հարկ չկայ նորոգելու, որովհետեւ ոչ ոք պիտի մօտենայ: Նամակատուփը պիտի մնայ դատարկ: Կոտրած հայելիի երկարաւուն շերտերը կը բազմապատկեն թշուառութիւնն ու դէմքի թախիծը: Տալիա (Dalia = ազնիւ) նստած է պատուհանին մօտ: Դուրսը գորշ կատու մը կը քալէ գորշ պատին վրայ (ի հարկէ` խորհրդանշական): Սենթ առ սենթ խնայած գումարը հաշուած էր կրկին եւ կրկին. 1 տոլար եւ 87 սենթ, որ բաւարար չէր իր Ճիմին (James-Jacomus = Աստուած օգնէ) վայել Ամանորի նուէր մը գնելու: Յանկարծ դէմքը կը լուսաւորուի: Իր մինչեւ ծունկ հասնող շէկ գանգուրները` իր հարստութիւնը: Արագ կը հագնի վերարկուն եւ կ՛ուղղուի «Վարսէ իրերու վաճառատուն»: Մատամ Սաֆրոնի (օտարազգի ազնուականութիւն թելադրող կեղծ անուն) 20 տոլարի կը գնահատէ մազերը: Տալիա անմիջապէս կը համաձայնի (4):
Ճիմ պապէն ժառանգած էր ոսկի ժամացոյց մը: Երկու սերունդ առաջ Տիլլինկհամ ընտանիքը (որուն տոհմածառի արմատները կ՛երկարին մինչեւ միջնադար) բարեկեցիկ եղած էր (5): Կարելի էր այդ աւանդը կրել բաճկոնի գրպանի մէջ եւ մերթ ընդ մերթ ցոյց տալ տպաւորելու համար շրջապատը: Բայց Ճիմ չունէր այդ ժամացոյցին յարիր շղթայ:
Երեկոյեան, երբ պահը կը հասնի նուէրներներ փոխանակելու, կը պարզուի, որ Տալիա Ճիմին ժամացոյցին համար գնած էր փլաթին շղթայ, իսկ Ճիմ իր ժամացոյցը վաճառած էր Տալիայի մազերուն զարդասեղներ գնելու համար: Ջերմ գիրկընդխառնում: Երեք իմաստուն մոգերը խորհրդանշական նուէրներ բերած էին մսուր. ոսկի (արքայութիւն), խունկ (աստուածութիւն) եւ զմուռս (մահ) (6): Տալիայի նուէրը եւս խորհրդանշական է: Շղթայ կը նշանակէ կապ: Անոնց որդին եւս պիտի ծնի աղքատիկ մսուրի մէջ: Երկու արցունքոտ ժպիտ` զոյգին աչքերուն:
Ե.- Աւետաբերը (The Harbinger) Պատմուածքը իր վերնագիրը կ’առնէ իր նախաբանէն, որ կը բաղդատէ անտաշ մարդուն եւ իր ժամանակակից քաղաքացիի ընկալման միջոցները: Անտաշ (yokel) ագարակապանի համար գարունը կ՛աւետեն բնութեան տարրերը: Իսկ քաղաքացին օրաթերթի ճամբով վաղուց արդէն տեղեակ է ոչ միայն օդերեւոյթի, այլեւ սակարանի վերիվայրումներէն: Օ. Հենրի սեւ հիւմըրով զուգահեռ մը կը ներկայացնէ բնութեան եւ սակարանի վերիվայրումներուն միջեւ(7): Պատկեր 1. Տիար Փիթըրզ եւ երկու այլ դատարկապորտներ (loafer) Նիւ Եորքի կեդրոնական պարտէզին (Union Square) մէկ անկիւնը նստած` կը դաւադրեն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ձեռք բերել տիկին Փիթըրզի խնայած մէկ տոլարը, որպէսզի կարենան աժան գարեջուր խմել: Երկուքը կ՛առաջարկեն բռնութիւն, բայց տիար Փիթըրզ կ՛ապահովցնէ, որ ինք ատակ է առանց աղմուկի շորթելու տոլարը: Այստեղ կարելի է նշել, որ մեծ զոհողութեամբ խնայուած գումարի բներգը առկայ էր նաեւ «Մոգերու նուէր»-ին մէջ: Օ. Հենրի յաճախ դիւրին ճանաչելի «մշակութային» ակնարկներ կը մէջբերէ: Այդպիսով, միջին ամերիկացի ընթերցողը ուրախացնելով թէ զարգացած է: Այսպէս կը կարդանք. «Տիար Փիթըրզ այդ մքլոտ (musty) երեք հրացանակիրներու «տ՛Արթանեան»-ն է այժմ ամէնէն կարեւորը, որովհետեւ տոլարը ի՛ր կնոջ քովն է»:
Ան այդ կանաչ խորապատկերին վրայ գտնուող ամէնէն թշուառական, կեղտոտ եւ ծոյլ արատն է: Մէկ փենի իսկ վաստկած չըլլալու 5 տարուան անընդմէջ մրցանիշ հաստատած է: Տիկ. Փիթըրզ մերթ ընդ մերթ մաքրութեան եւ լուացքի աշխատանք կը տանի: Այսուհանդերձ, ամոլը կպած է իրարու` բաժնելով իրարու թշուառութիւնն ու ատելութիւնը: Սովորութիւնը կարծես թէ այդ ձգողութեան յիմար ուժ մըն է, որ կ’արգիլէ երկրագունդի ցաք ու ցրիւ մասնատումը (9): Պատկեր 2. Թշուառ սենեակին մէջ իր 100 քկ ծանրութեան պատճառով կինը այս պահուն պատուհանին մօտ նստած է երկու աթոռներու վրայ եւ կարմրած թաց աչքերով կը նայի դէմի լքուած գորշ բակը եզերող կղմինտրով կառուցուած պատին: (Կրկնուած պատկեր, յիշենք Տալիան): Պատկեր 3. Բեմ կը մտնէ տիար Փիթըրզ: Կինը կը քշփէ զինք: Քանի մը անյաջող սուտէ ետք կ՛որոշէ դիմել իր դիւանագիտական շնորհին: «Clara, darling», չէ՞ որ դուն tootsum wootsums-ն ես, չէ՞ որ դուն ի՛մս ես», կ՛ըսէ շեշտով մը, որուն նորածին փոկն իսկ պիտի չհաւատար: Բայց կը կատարուի հրաշքը, սեւ պատերու ընդմէջէն ներս կը սողոսկի աւետաբերը: Կինը կը գրկէ զինք արցունքոտ ժպիտով:
– Դուն կը սիրե՞ս զիս:
– Խենթի պէս:
– Ինչո՞ւ այդքան գունատ ես:
– Թոյլ կը զգամ, ես …
– Սպասէ՛, գիտեմ, թէ ի՛նչ պէտք է քեզի, Ճէյմս, սպասէ՛ հիմա կը վերադառնամ:
«Claude Melnotte-էն ինչո՞վ եմ պակաս, մտովի յոխորտաց տիար Փիթըրզ», (10): 100-1 գրաւի կու գամ, որ տոլարը ի՛մս է: Երեւի գնաց վերի յարկ տիկ. Մուլթընին պատմելու, թէ հաշտուած ենք:
Քլարա ներս կը խուժէ Sarsaparilla հիւթի (արմատներէ պատրաստուած Ginseng-ի տարբերակ մը) սրուակով մը եւ ամուսնի ծունկերուն նստած` դգալ առ դգալ կը պարպէ թոյլ էրկան կոկորդն ի վար:
– Ինծի նորէն հին օրերու պէս tootsum wootsum ըսէ, Ճէյմս:
– Երանի զինք խեղդած ըլլայի,- կը մրմռայ տիար Փիթըրս:
Ներս սողոսկած էր ոչ թէ գարուն, այլ գարնան վաղանցիկ պատրանք: «Թու՜ … թու՜ … կ՛ողբայ կինը: Ելոյթը կ՛աւարտի սեւ հիւմըրով: Օ. Հենրի յաճախ, մեղմ ասած, հեգնական կեցուածք կ՛արտաբերէր «ռոմանթիկ» սիրոյ մասին:
Կատարողական.- Արհեստավարժ թատերախումբին կարողութիւնը գերազանց է: Այս մասին երկու կարծիք չկայ:
Բեմայարդարումի հնարամիտ կառուցուածքի շնորհիւ` երեք տարածաչափի վրայ կատարուած շարժումը ողջունելի նորութիւն էր մեր բեմին վրայ: Այս մասին եւս երկու կարծիք չկայ: Կառոյցը կարելի կը դարձնէր եւ պատկերներ ստեղծել առնուազն երեք հարթակի վրայ: Շա՛տ բարի: Խորապատկերի վերի բաժինը կը ներկայացնէր երկինք, ուր քանի մը յարիր առիթով (ինչպէս` մոգերու աւարտական տեսարան) հանդիսատեսը տեսաւ տեղացող ձիւն: Բարի՛: Առաջին ելոյթին բեմայարդարումին մէջ նկատելի էր նաեւ ելարան մը, որ դէպի բեմի ձախ ուղղուած էր երկինք, թերեւս` գլելու համար «Հինգերորդ պատը»: Շա՛տ բարի:
Ելոյթին տիրական բներգն էր սէրը: Բեմին վրայ ստեղծուած «առկախ» պատկերները շատ հաւանաբար դիտաւորեալ կերպով յիշել կու տային ականաւոր նկարիչ Շակալի (Marc Chagall, 1887-1985) ազատ ծփացող սիրահարները: Այս ուղղութեամբ նկատելի էր նաեւ կառոյցի ձախին հաստատուած պաստառ մը, որ յիշել կու տար Grant Wood-ի (1891-1942) ծանօթ «American Gothic»-ը, որ ամերիկեան բարքերու «գաղտնագրուած» քննադատութիւն է: Այդ յոյժ յարիր է Օ. Հենրիի նուրբ մօտեցումին: Շատ բարի: Ի դէպ, «Վհուկի նկարներ»-ու մէջ տեսնուած պաստառը յարիր չէր Օ. Հենրիի բնագրին: Ոչինչ, բարի:
Կատարումի մէջ նկատելի էր մնջախաղը, որ ֆիզիքական արտակարգ ճկունութիւն կը պահանջէ: Շատ բարի: Միւս կողմէ` առկայ էր ծաղրապատկերային կատարումը, որ ուղղուած է հանդիսատեսը զուարճացնելու: Աննպատակ շարժումները (ինչպէս` կօշիկ մաքրել կամ սիկառ վառել), շատախօս յաճախորդներու կամ «ուրու» անցորդներու տողանցքը, քաշքշուքները եւ այլն, յարիր չեն կարճ թատերակին: Ո՛չ բարի:
Կերպարները հարազատ էին բնագրին` ի բաց առեալ հացի գերման գնորդէն, որ պոհեմեան արտաքին եւ թեթեւսոլիկ «սլքտացող» վարմունք ունէր` անյարիր իր երկխօսութեան եւ հետագայ կոշտ գրոհին: «Սպասող ինքնաշարժ»-ին վարորդը նման էր մաֆիոզի, իսկ հարսին 7 մեթրանոց քողը` ծաղրանկարային: Ոչինչ, բարի՛:
Հուսկ բանք . Բեմադրութեան առաջադրանքը եղած է, Օ. Հենրիի պատմուածքներէն ներշնչուած, հիւսել այր ու կին յարաբերութիւններու բներգով գեղարուեստական ցուցք (show) մը: Գրական աւանդ մը բեմ բարձրացնելը ինքնին քաղաքական օրինակելի կեցուածք մըն է: Շա՛տ բարի: Այս մասին յաջորդիւ` «Մարդը Ափի մէջ» շարքի թատերականացման առնչութեամբ: Ելոյթի իսկական անուրանալի արժանիքը արհեստագիտական էր: Հանդիսատեսը ականատես դարձաւ, թէ ինչպիսի՛ շարժումներ եւ պատկերներ կարելի է իրագործել սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող բեմի մը վրայ, երբ թատերախումբը ունի բաւարար երեւակայութիւն եւ կատարողական հմտութիւն: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք մեզի առիթ ընծայեցին ունենալու այս ուսանելի կենդանի փորձառութիւնը:
————-
- Այո՛, կրկին անգամ, անունները երբեք պատահական չեն:
- Որուն գնողական արժէքը այսօր շուրջ 350 հազար է:
- Մարթա չի նկատեր, որ դիտողութիւնը արհեստագիտական էր, ոչ գեղագիտական:
- Ցաւոտ վաճառքը եւ ծաղրանկարային կերպարը զեղչուած էին ելոյթին մէջ:
- Այդ, ինչպէս վերը տրուած սպասող ինքնաշարժին դրուագը, ընկերային տեղաշարժերու ակնարկ է: Նոյնպէս` զեղչուած ելոյթին մէջ:
- Դիակները «կը զմռսէին»: Կը թուի, թէ մոգերը չէին ակնկալեր յարութիւն:
- Օ. Հենրի յաճախ կողմնակի դեգերումներ կ՛ունենայ, թերեւս` յաւելեալ վճարովի տողեր շահելու համար:
- «Երեք հրացանակիրները» 1921-ին մեծ յաջողութիւն գտած ժապաւէն էր: Օ. Հենրի կը սիրէ միջին ընթերցողին ծանօթ եւ ուրեմն հաճելի «մշակութային» ակնարկներ սպրդեցնել:
- Հոգեբանական սեւ տեսութիւն: Պատմուածքը ընտրուած գործերուն ամէնէն երկարն է որպէս թեքսթ: Ունի բազմաթիւ նման մտորումներ: