Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Թատամոն Հարաժել

April 5, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան երթի վերջին հանգրուանի (11-րդ) մրցումները:

Երեկոյեան ժամը 9:45-ին, ախոյեան Ռիատին «սպասուած մրցում»-ին պիտի հիւրընկալէ փոխախոյեան Սաժեսը, Մանարայի «Սաէպ Սալամ» դաշտին վրայ:

Երկու խումբերն ալ մէկական պարտութիւններ կրեցին, երկուքն ալ Պէյրութ Ֆըրսթ խումբէն, որ այժմ միակ անյաղթ խումբն է:

Ռիատի իր դաշտին վրայ 86-92 արդիւնքով պարտուած էր Պէյրութէն անցեալ շաբաթ օր, եւ 5 օր ետք` չորեքշաբթի օր Սաժես իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ 84-93 արդիւնքով Պէյրութէն, որ 2 յետաձգուած մրցումներ ունի Անդրանիկի եւ Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ:

Վաղը ժամը 20:00-ին, Մըզհեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Թատամոն Հարաժելը:

ՀՄԸՄ 9-րդ դիրքը կը գրաւէ 4 յաղթանակ եւ 6 պարտութիւններ արձանագրելէ ետք, 3 այլ խումբերու նման (Հուփս, Մէյրուպա եւ Սանթրալ), որոնք չնչին տարբերութեամբ կը գրաւեն 6-րդէն 8-րդ դիրքերը:

Թատամոն Հարաժել 11-րդ եւ նախավերջին դիրքը կը գրաւէ, տարեշրջանի սկիզբէն փոփոխութիւններու մէջ կը գտնուի եւ նոյնիսկ իր մարզիչը փոխած է:

Սաժեսի հին օրերու մարզիչ Ղասսան Սարգիս միացած է Թատամոն Հարաժելին, որ տարեշրջանի սկզբէն 6 օտար մարզիկներ փոխելէ ետք մնաց այժմու օտարներ խրուաթ Եոսիփ Միքուլիչի եւ ամերիկացիներ Քինտալ Տայքսի եւ Եունիք Մըքլինի հետ:

Տայքս 2 մրցում կատարած է խումբին հետ` միջին հաշուով 25 կէտ նշանակելով, ան 37 տարեկան վեթերան է, մինչ Մըքլին 8 մրցում կատարած է հարաժելի հետ եւ միջին հաշուով 24 կէտ կը նշանակէ: Խրուաթ Միքուլիչ 5 մրցում կատարած է  եւ 13 կէտի դիմաց 9 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէ եւ սենթըր դիրքի վրայ 2 մեթր 15 սմ հասակ ունի:

ՀՄԸՄ, որ Միքուլիչի դէմ ունի Եոաթ Ալոքը, որ Միքուլիչի նման 2 դիրքի վրայ կը խաղայ թէ՛ իբրեւ սենթըր, թէ՛ ալ ֆորուըրտ, Ճորտըն Սթիվընզի կողքին նոր օտար մարզիկ մը ձեռք ձգեց` Թայլըր Պէյ, որ պիտի փոխարինէ Տի. Ճէյ. Քենետին: Տի. Ճէյ. Քենետի 6 մրցումներ կատարեց խումբին հետ` նշանակելով 13,5 կէտ միջին հաշուով եւ ձեռք ձգելով 9 ռիպաունտ: Վաղը Թայլըր կրնայ խաղալ, եթէ իր նախկին խումբէն համաձայնագիրը հասնի Լիբանանի ֆետերասիոն: Եթէ ոչ, Քենետի պիտի մասնակցի կատարելով իր 7-րդ մրցումը:

Նշենք, որ Քենետի փոխարինած էր ֆրանսացի Աքսել Թուփանը, որ 4 մրցումներ կատարած էր միջին հաշուով 12 կէտ կը նշանակէր 8 ռիպաունտի կողքին: Յոյսով, որ Թայլըրի միանալով խումբը աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ եւ ինք թէ՛ ռիպաունտով, թէ՛ կէտերով եւ էսիսթներով աւելի լաւ ըլլայ Թուփանէն կամ Քենետիէն, որոնք շատ տարբեր չէին իրարմէ:

Ղասսան Սարգիսի մարզած խումբը քիչ մը աւելի ոգեւորուած կրնայ դաշտ ներկայանալ վաղը, մանաւանդ որ Հարաժել իր վերջին մրցումին կրցաւ 4 կէտի առաւելութեամբ յաղթել Մարիսթին (98-94):

Ինչպէս նշեցինք, Հարաժել իր 3 օտարներուն վրայ վստահած է, եւ ՀՄԸՄ-ի տղոցմէ կը սպասուի ոչ միայն զսպել զանոնք, այլ օտարներու կողքին Կերի Չիւիչեան, Կապրիէլ Աճէմեան, Պասել Հարֆուշ, Ժոզեֆ Խուրի, Փիթըր Տեքիրմենճեան, Գէորգ Գէորգ, Ճէյսըն Սուֆան, Մարք Քայալ քանի մը վայրկեան խաղալու առիթ ստանան: Անոնք պէտք է իրենց լաւագոյնը տան` ըլլալու համար տարբերութիւնը մրցակիցներու, եւ յոյսով, որ համակիրներուն հետ միասնաբար տօնեն երթի 5-րդ յաղթանակը, դարձի մրցումները չսկսած:

Ստորեւ` 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Անթունիէ – Էն. Էս. Էյ. 20:00
Ռիատի – Սաժես 21:45
ՎԱՂԸ
Պէյրութ – Սանթրալ 16:45
ՀՄԸՄ – Թատմոն Հարաժել 20:00
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Մարիսթ – Մէյրուպա 16:45

Դասաւորում 10 հանգրուաններէ ետք (նկատի ունենալով, որ Պէյրութ 8 մրցում կատարած է եւ յետաձգուած մրցումներ ունի Անդրանիկի եւ Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ).

ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿԷՏ
1.- Ռիատի 9 1 19
2.- Սաժես 9 1 19
3.- Պէյրութ 8 0 16
4.- Անդրանիկ 6 3 15
5.- Անթունիէ 5 5 15
6.- Հուփս 4 6 14
7.- Մէյրուպա 4 6 14
8.- Սանթրալ 4 6 14
9.- ՀՄԸՄ 4 6 14
………………. ………………. …………… …………
10.- Մարիսթ 3 7 13
………… ………… ………… …………
11.- Թատամոն Հարաժել 2 8 12
12- Էն. Էս. Էյ. 0 9 9
Նախորդը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Կազմակերպութեամբ` Գարնան Ռելին` Այսօր Եւ Վաղը

Յաջորդը

Վենս. «Կրինլանտի Բնակիչները Կ՛ուզեն Դանիայէն Անկախ Ըլլալ»

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.